Թիւ 79 - ԲԱՑԱԿԱՆՆԵՐԸ

 

Անշուշտ խօսքը բանաւոր բացականերուն մասին չէ։ Չէ եւ չի կրնար ըլլալ անոնց համար, որոնք հիւանդացած են, արկած ունեցած են կամ մեկնած են քաղաքէն։

Բանաւոր բացակաները իրենց ընդունելի բացատրութիւնը ունին եւ բնական է որ անոնց հասցէին մեղադրանք չըլլայ, չմնայ։

Ի՛նչ պէտք է ըսել սակայն միւսներուն մասին, որոնք արդարանալի պատճառ չունին ու բացակայ են։

Բացակայ՝ ժողովներէն, բացակայ՝ հաւաքներէն, բացակայ՝ հանրային բոլո՛ր ձեռնարկներէն։

Ասոնք՝ մնայուն բացակաները ո՛չ ճաշկերոյթ-պարահանդէս վայելած են, ո՛չ քաղաքական հաւաքներու սարսուռով երջանկացած են, ո՛չ մարզահանդէսներով ու տողանցքներով թարմացած են, ո՛չ դասախօսութիւններու լրջութիւնը քաղած են, ո՛չ գեղարուեստական ցուցահանդէսներէն ներշնչուած են։

Ասոնք՝ մնայուն բացակաները։

Ասոնք թերեւս երբեք չեն զգացած, որ շարժո՛ւմ կայ իրենց շուրջ,

Ո՛չ թմբուկի ձայն լսած են, ո՛չ ցեղի կանչ։

Ասոնք՝ հանրային կեանքի դժբախտները։

***

Օրինակները բազում են, փաստարկումները անհատնում են եւ՝ ամէնօրեայ։

Օրինակի համար, այդ օրերէն, այդ գլխագիր օրերէն Օր մը ծագեցաւ նաեւ ա՛յս Յուլիսին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Ու արդարեւ, ա՛յդ օր, օրը կրկնակ վեհութիւն զգեցաւ եւ դաշտը դարձաւ միաժամանակ մարզաւան, թատրոն ու պատարագի սեղան։

Վեհափառ Հայրապետը վեհափառօրէն բազմած էր հանդիսականներու առաջին շարքի կեդրոնը, ձախին՝ բարձրաստիճան եկեղեցական հայրեր՝ եկեղեցի արտաշնչող շքեղանքով։

Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայ էր հոն, լման կազմով։

Հին ու նոր Օրուան նախագահները հոն էին ու հոն էր մանաւանդ ցեղին սիրտը՝ երիտասարդութիւնը, հոն դաշտին մէջ։ Ու հոն էր, դաշտին շուրջ, հաւատաւոր ժողովուրդն հայոց…

Մեղուաջան աշխատանքի որպէս արդիւնք՝ ահա փողերախումբ, տողանցք, պաստառ, տարազաւոր տղաք ու աղջիկներ, զարդարուն կառքեր, նշանախօսքեր, երգչախումբ, մեներգ ու ճառ, ու ծափ, ու՝ հուռա՜…։

Այդ օր, ոգիի քայլերով ովկիանոսներ կտրած՝ նաւասարդեան խաղերը հայրենի դաշտերէն եկած էին Լոս Անճելըս։

Ժողովուրդը ուխտաւորներու խումբ էր։

Դաշտը՝ ուխտավայր

Ո՞ւր էին, սակայն, բացակաները։

***

Ու ուրիշ օր մը, Օրը օրերէն զատուեցաւ եւ պատմական դարձաւ Պէյրութի մէջ, երբ Մայիսեան փառատօնին, դաշտին կեդրոնը դարձաւ Հայաստանի քարտէս ու պատգամ Ղարաբաղի։

Ուրիշ օր մը Սիտնիի մէջ, Փարիզի մէջ, Պուէնոս Այրէսի մէջ, Աթէնքի մէջ եւ Յորդանանի…

Ու միշտ՝ ո՛ւր էին բացակաները։

Ո՞ր հեռատեսիլը, ո՞ր հաճոյքի վայրը աւելի երջանկութիւն տուաւ Կիրակի կէսօրները ճաշասեղանի վրայ սպառող հայուն, քան դաշտերու վրայ, դաշտերո՛ւ չափ երանութիւն բաշխող հայոց համախումբ ներկայութիւնը՝ հայ տղոց պայծառ ճառագայթումին ի տես։

Դժբա՜խտ, դժբա՜խտ բացականեր։

Ահաւասիկ. ու մինչ ամբողջ 70-ամեակ մը, եօթանասուն ամեակնե՜ր, այս կամ այդ միութեան հանրային շարժումին ներկաներուն կենացը բաժակ կ’առաջարկէ պատմութիւնը,

Հայոց մեծադղորդ նոյն պատմութիւնը միւսներուն՝ հանրային եռուզեռէն բացականերուն համար պարզապէս «վայ» ու «ափսոս» կը մղկտայ…

Տարածենք