Թիւ 82 - ՆՈՐԷՆ ՍԷՈՒԼ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔ

 

Կարծէք ճակատագրականօրէն դատապարտուած ենք անոր՝ որ աշխարհի բոլոր ազգերը իրաւունք ունենան լրիւ ըմբոշխնելու իրենց անարատ յաղթանակը, սակայն մենք՝ ոչ։

Քննեցէ՛ք Սէուլը։

Հոս համայն մարդկութեան յոյսը եղող երիտասարդութեան ու երիտասարդականին պատկանող ողիմպիականներու սուրբ դաշտերուն վրայ անգամ, նորէ՛ն անսուրբ բան պատահեցաւ ու անարդարութիւնը կրկի՛ն կոխկռտեց ժողովուրդի անխառն ուրախութեան իրաւունքը։ Մեր գինիին ջուր խառնուեցաւ։

Քննեցէ՛ք Սէուլը։

Աշխարհ երբեւիցէ գիտցա՞ւ որ մե՛նք ալ յաղթանակ տարինք։ Աշխարհ գիտցա՞ւ, որ ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակները շա՛տ աւելի մետալ ապահովեցին, քան շա՛տ մը հսկայ պետութիւներու տղաքը։

Երբ աշխարհի ընտրեալներուն մրցումը ճշդեց իր լաւագոյնը ու այդ պատճառաւ, որպէս գերագոյն, գերագո՛յն վարձատրութիւն՝ հնչեց ախոյեանի՝ երկրին քայլերգը, ծածանեցաւ ախոյեանի՛ երկրին քայլերգը, ծածանեցաւ ախոյեանի՛ երկրին դրօշը, այդ նոյն երկրին պարզագոյն թէ համեստագոյն մահկանացուն անգամ, հպարտութեան շղարշին մէջ պարուրուած ու գերազանցապէս ուժով՝ ոտքի կանգնեցաւ ու ճչաց։

Ասիկա ի՛մ երկրիս դրօշն է, ասիկա՝ ի՛մ երկրիս քայլերգն է. հիացէ՛ք, աշխարհի՜ մարդիկ…

Այսպէս ու բնականօրէն, ամէն անգամ որ հնչեց երկրին անունը, սարսռաց երկրացին, ու երջանկութենէն՝ լացաւ։

Մենք այդ սարսուռէն բաժինը չունեցանք։

Մեր յաղթական նոր ու Գեղեցիկ Տորքերուն հետ նաեւ մենք, հանդիսատեսներս, հպարտութեան ԱՅԴ արցունքը լճացած չզգացինք մեր աչքերուն։

Աշխարհի ողիմպիականներուն ԱՐՄԵՆԻԱ սուրբ անունը հնչեց ո՛չ մէկ ժամանակ հակառակ անոր՝ որ շատ առիթով ՀԱՅԱՍՏԱՆ իր հարազատ զաւակներու բազուկով աշխարհի մրցադաշտը իջաւ ու նուաճեց աշխարհի ախոյեանութեան պատուանդանը՝ քանի՛ մը անգամ…

Փաստօրէն, Սէուլի ողիմպիականին մասնակցեցան 160 երկիրներ, որոնց միայն 52-ը մետալ ապահովեց։ Եթէ Հայաստան իր անունով իջած ըլլար մրցադաշտ՝ 160 երկիրներու մէջ պիտի հանդիսանար 23-րդ…

Չգտնուեցաւ երկիր մը, որուն բնակչութեան թիւը ՆՈՒԱԶ ըլլար Հայաստանի բնակչութեան թիւէն՝ ու յաղթած ըլլար Հայաստանին։

Թուրքիան մէկ ոսկի մետալ շահեցաւ, այդ ալ Պուլկարիայէն գնած կամ գողցած Սիւլէյման Օղլիով ու լոկ՝ որբ արծաթ մետալ մը։ Ճիշդ մեր կէսին չափ բան։ Սակայն այնքա՜ն մելան հոսեցաւ հիւանդացնո՛ղ այդ երկրին հաշուոյն…

Հայաստանէն նուազ մետալ ապահովեցին նաեւ Պրազիլիան, Սպանիան, Փորթուկալը, Արժանթինը, Մեքսիքոն։

Բացի 22 երկիրներէ (քսաներկուքն ալ՝ հազա՛ր անգամ Հայաստանէն աւելի տարածուն ու բազմամարդ) աշխարհ ետ մնաց Հայաստանէն։

Սակայն ո՛չ Արմենականը հնչեց, ո՛չ Արմենականը ծածանեցաւ։ Միայն «ԵԱՆ»ը յիշեցուց, որ ասկէ դափնեզարդ ճակատներով քալեր են Արարատի կորիւնները։

Տակաւին։ Հակառակ մեր յաղթութեան, մենք չունեցանք մեր յաղթանակը երգ ու պարով, գինիի խնճոյքներով պանծացնելու բախտաւորութիւնը։

Ինչո՞ւ այլ ազգեր կարելիութիւնը պիտի ունենան Ռիօ Տէ Ժանէյրոյական խնճոյքներու, եօթը գիշեր եօթը ցերեկով, իսկ մենք պիտի շարունակենք դատապարտուած մնալ մեր արդար յաղթանակները չվայելելու ճակատագրին։

Ինչո՞ւ մեր ախոյեանները իրենց տուն դարձի ճամբան ալ շեղելով, համահայկական հպարտանքը պիտի չտարածեն ամբողջ Սփիւռքին վրայ, անցնելով Ամերիկաներէն, ուր համախումբ հայ կայ, ապա, կրկնակ շքեղանքով իջնեն Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը ու ընդունուին ծովածաւալ հայորդիներու հուռաներով, բոլորն ալ գերերջանիկ ու գինով։

Ասիկա՝ մեր հասարարական զրկուածութեան պատմութիւնն է։

Պարզ է, որ մեր ախոյեաններուն հետ մենք ալ երջակութեան արցունքի կարօտով կը մղկտանք… շատ ճակատներու վրայ։

Բայց, ինչպէս միշտ, անձրեւէն ետք կը փայլի արփին։

Մինչ այդ ու առ այդ կը բաւէ որ մեր ախոյեանները չքնանան իրենց դափնիներուն վրայ… ու պատրաստուի՜ն, պատրաստուի՛ն։

Տարածենք