Թիւ 122 - ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԼԱՍՏ

 

Խռովայոյզ դարու մը՝ վերջի՛ն, ճակատագրական տասնամեակը կþապրինք։

Աստղազարդ տիեզերքը թէ ընդերկրեայ խաւարն ու հրավառութիւնները խորաչափող գիտնականները մտահոգ են մեր մոլորակի եւ անոր վրայ թաւալող կեանքի ապագայով։

Կայ Ցաւին ու մահասփիւռ մանրէներուն դէմ յամառօրէն պայքար տանող Հիպոկրատի շառաւիղներուն անխորտակ բանակը։

Գոյութիւն ունին տակաւին խնկաբոյր կամարներու տակ աստուածային պատգամները բարձրագոչող ու զանգահարող կրօնաւորներու հոյլեր։

Իսկ պետական սանձերու տէր քաջակորով քաղաքագէտներ ու օրէնսդիրներ, այսօր, իրե՛նք ալ կը հնչեցնեն ահազանգը, իրենց ճիգը կը կեդրոնացենն անդունդին եզերքը դեգերող Մարդկութիւնը փրկելու գործին։

Բայց ասոնք, եւ ասոնց հետ, կեանքի դարբին՝ մարդասէր ու մարդակերտ միւս բոլո՛ր շարժումները կը հասնին նոյն եզրայանգումին, կը բիւրեղանան միեւնոյն ընդհանուր յայտարարին մէջ,- դաստիարակել Մա՛րդը, ամէն բանէ առաջ, Մարդը՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար, որպէսզի երաշխաւորուի կեանքի եւ մեր երկրագունդի ապագան։

Իսկ Մարդ կը նշանակէ՝ զիրար ամբողջացնող Մարմին, Միտք եւ Հոգի։

Դաստիարակութիւն՝ միտքի տիրացում ու զարգացում, առողջ ու ամուր մարմնի կրթանք եւ կերտում, այլ մանաւանդ՝ հոգիի ազնուացում ու հարստացում։

Բաղադրեալներէն մէկուն բացակայութեան՝ լրումի չեն հասնիր միւս երկուքը, թերի կը մնայ ամբողջութիւնը։

Եւ՝ ամբողջական այս դաստիարակութիւնը կը սկսի էակի մը ծնունդէն, մօրը գիրկէն իսկ, յաջորդ հանգրուանը ունենալով դպրոցը, ուսումնարանը, գաղափարական ակումբը, հաւատքի վայր՝ կրօնատեղին։

Շատ անգամ՝ այո՛, կեանքը դպրոց մըն է ինքնին։ Բայց նաեւ հունաւորումը անհրաժեշտութիւն մը՝ դեռաբոյս հասակին ու դերբուկ հոգիներուն։

Արուեստն ու իր աշխարհը կարեւոր նպաստ մը կը բերեն այս ուղղութեամբ, ինչպէս մարմնամարզն ու մարզախաղերը։

Կա՛յ, սակայն, երիտասարդական շարժում մը, վերոյիշեալ հաստատութիւններէն եւ համակարգէն անկախ, այլ առնչակից անոնց բոլորին, որ կը գոցէ մէկուն կամ միւսին ձգած բացը, կենսախարդախ եւ ապահով պատուանդան մը կը տրամադրէ այս կամ այն երդիքին տակ ծլարձակ մանկութենէն մինչեւ ամրակազմ երիտասարդութեան իր ինքնութիւնը որոնող, ինքզինք արժեւորելու ձգտող սերունդին, անոր իւրաքանչիւր տարրը դարձնելով այլապէս գործնապաշտ եւ յառաջապահ անդամը ընկերութեան։

Սկաուտութի՛ւն է անունը այդ շարժումին։

Սկաուտը չարքաշ է ու մաքրակենցաղ։ Անձնատուր չէ՛ մարդը այլակերպող, հոգին նսեմացնող  զբօսավայրերու հաճոյասիրութեան. այլ՝ կանաչ անտառներու գիրկը, կապոյտ ծովերու ափին կամ ձիւնակատար լեռներու լանջին կը վայելէ բնութիւնը, ա՛յդ Տաճարին մէջ կը կերտէ մարմինն ու նկարագիրը։

Սկաուտը, անձնասպանութենէ հեռու՝ նուիրեալ մըն է այլասիրութեան, անանձնական երջանկութեան։ Իր սանձերուն տէր՝ ինքզինք բարձրացնող մը, միաժամանակ սակայն, միշտ պատրաստ բարիք մը գործելու, բարձրացնելու նաեւ ուրիշը, ուրիշները։

Մատներով ճարտար ու մարմնով տոկուն՝ վեհ են իր միտքն ու հոգին։ Իր կազմակերպութեան մէջ իւրացուցած է առօրեայի դժուարութիւնները յաղթահարելու գաղտնիքը՝ յոյսի եւ լոյսի նշոյլը բերելով շրջապատին։ Չարիքին դէմ որքան քաջ ու արի՝ նոյնքան երկիւղած է Աստուծոյ հանդէպ, հաւատարիմ զաւակը մնալով ազգին ու հայրենիքին։

Իր եղբայրասիրութեամբ՝ ազգամիջեան շաղախն է ան, ազգ-ազգի առնչող օղակը ոսկի։

Միջազգային գետնի վրայ, համամարդկային ընտանիքի անդամներուն փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը հետապնդող սկաուտութիւնը մարդկային որակը վեր կը դասէ ամէ՛ն պատկանելիութենէ։

Այս ըմբռնումով ալ, մեր մոլորակն ու մոլորեալ մարդկութիւնը անդունդի խաւարէն դէպի կենսագործ լոյս-արեգակ բարձրացնող հզօր լծակներէն մէկն է ան, իսկ անձնական կեանքի համար՝ ապահով վերելակ մը։

Բանակ կը կազմեն, ամէն աստղի տակ, պարզ ու պարկեշտ քաղաքացիներէն մինչեւ բարձրաստիճան իշխանաւորներ անոնք՝ որոնց մնայուն ներշնչարանը կը հանդիսանայ լաւագոյնը իրագործելու սկաուտական ոգորումը։

Հայ կեանքն ալ հարուստ է աշխարհիկ ու հոգեւորական նուիրապետութեանց բարձրագոյն սանդղամատներուն վրայ կանգնած դէմքերով, որոնց մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն անցած նախկին սկաուտը կþապրի դեռ,- բանաստեղծ կամ մտաւորական, ազգային բարերար թէ կուսակցապետ, եւ նոյնիսկ՝ կաթողիկո՛ս։

 

Տարածենք