Թիւ 123 - ԶԷՆՔ ԿԱՄ ԳՈՐԾԻՔ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ
Նուիրապետական կարգը յատկանիշներէն մէկն է քաղաքակրթութեան, ողնասիւնը միութեան մը, կազմակերպութեան մը եւ ազգի մը կառոյցին։
Մարդկային առողջ ընկերութեան մը մէջ նուիրապետական աստիճաններէն բարձրանալու առիթը կþընծայուի ամէ՛ն անհատի, ամէն անձի՝ համաձայն անոր ձեռներէցութեան ու տաղանդին, հաւաքականի հետ գործակցութեան ու վաստակին։
Այդ սանդղամատները նուաճելու համար կարողութիւնը չի բաւեր սակայն, եթէ նուիրաբերումը չդառնայ անոր անբեկանելի լծակը, նախապայմա՛նը։
Այսօրուան գայլիկը վաղը կþըլլայ Աքելլա, եթէ սորվի ու յարատեւէ։ Սկաուտը կþարժանանայ պաշտօնի եւ աստիճանի, եթէ զարգացնէ մարմնին հետ միտքն ու հոգին։
Խաղընկերները սիրող եւ խումբը յաղթանակի առաջնորդող մարզիկը օր մըն ալ կը հասնի խմբապետի, մարզական պատասխանատուի դիրքին։
Հաւատարիմ ու հնազանդ զինուորը, քաջագործութեանց ճամբով, ապագային կþըլլայ հրամանատար։
Տաք շունչ սպառող եւ հարուստ մտապաշարէն առատօրէն բաշխող ուսուցիչը՝ տեսուչ ու տնօրէն։
Ժողովուրդի սէրն ու վստահութիւնը, խորհրդարանի համարումն ու յարգանքը վայելող քաղաքացին, «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ» օրէնքով կը բազմի նախագահի աթոռին։
Նոյն վարքագիծը, հոգեւորական աշխարհի մէջ ալ, երէկի Աբեղան վաղը կը դարձնէ Վանահայր, Պատրիարք կամ Կաթողիկոս։
Ի՛նչ դիրքի ու տիտղոսի ալ տէր, նուիրապետական ո՛ր սանդղամատին վրայ ալ կանգնած իւրաքանչիւր պատասխանատուէ կþակնկալուի, որ ընդհանրական բարոյականի մը ցուցանիշով՝ վաստկի անսակարկ շահ իր հաւաքականութեան ու հայրենիքին, ի փառս մարդկութեան ու աշխարհին։
Պաշտօն մը անհատի մը վիճակուած վարկ մըն է, անտարակո՛յս, բայց շքանշան մը ըլլալէ աւելի՝ կոչուած է զէնքն ու գործիքը դառնալու անոր ձեռքին, որ ծառայէ ընդհանրական նուաճումներու եւ յաղթանակի ձեռքբերման։
Ոչ թէ ուրագի պէս՝ միշտ դէպի քեզ, միշտ դէպի քեզ.
Ոչ իսկ սղոցի պէս՝ մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի մեզ.
Այլ ջաղացքի՛ պէս, որ առանց ափ մը ցորեն վերապահելու իրեն՝ ալի՛ւր կը բաշխէ, կը կենսաւորէ գոյութիւնը ամէնո՛ւն։
Պաշտօնը պատուանդան մըն է տակաւին, որուն վրայ կանգնողը, մեծարեալ մը ըլլալէ աւելի՝ մենաշնորհեալ մըն է արժանի, որ առիթը կþունենայ համապարփակ նայուածքով մը ընդգրկելու բոլո՛րը, խօսքն ու խոստումը հաւասարապէս հասցնելու ամէնուրեք, լոյսի եւ բարիքին աղբիւր դառնալու՝ իրեն հանդէպ վստահութիւն եւ յոյս սնուցանող բոլո՛ր ունկնդիրներուն։
Ուղղափառ այս մտապատկերը անտեսող, այս վարքագիծէն խոտորող աթոռատենչութիւնը ոտնձգութիւն մըն է յառաջդիմութեան դէմ, կացինի հարուած մը՝ կաղնիի բունին։
Պաշտօն ու դիրք անձնական ցուցափեղկի վերածելու այլասերումը կործանարար է կազմակերպութեան մը, նոյնիսկ ազգի մը համար։
Նուիրապետական կարգ ու կանոնի առո՛ղջ պահպանումը հիմք ու մեկնակէտ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, եւ կը մնայ անոր ապագայ յաջողութիւններու ոսկի բանալին։