Թիւ 229 - ԱԶԳԻՆ ԴՐՕՇԱՐՇԱՒԸ
(ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ՝ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 6ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՐԶԻԿ-ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ)
Տօն է դարձեալ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ցնծութեամբ կը պատրաստուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենան գաղութի մը մէջ, որ վերջին քառորդ դարուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային գործունէութեան ճառագայթումը կատարեց արժանաւորապէս:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի հիմնադիր ժողովէն 27 տարի ետք, Պէյրութ դարձեալ ուխտավայրը դարձած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի անդամներուն: Բազմահարիւր «ուխտաւոր»ներ հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութենէն կու գան Լիբանան, յանձն առնելով նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններ: Կու գան մասնակցելու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերուն: Կու գան հայութեան նոր օրերու Նաւասարդը տօնելու, հին օրերու, նոր ժամանակներու դափնեպսակները հիւսելու: Կու գան իրենց լացը լալու ուրախութենէ գինովցած, հպարտ ու խանդավառ հոգիներով: Կու գան ճակատաբաց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը վեր պահելու, միշտ վե՜ր, մինչեւ աստղերը բիւրաւոր, կարծէք ողջագուրուելու անոնց հետ:
Ուխտավայրերը արժէքէ եւ իմաստէ զուրկ պիտի ըլլային՝ եթէ անոնք չներկայացնէին հայութեան ոգիին եւ սրտին խօսող արժէքներ եւ իմաստ:
Պէյրութը այս պարագային ուխտավայր է ամէն իմաստով, որովհետեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերը իրենց պարագայական եռուզեռէն անկախ՝ մեզ կ’ոգեւորեն հոգեկան ներքին տրամադրութեամբ մը, որուն անուն տալ կը դժուարանանք, եւ զոր կը զգանք հոգեւին, իբրեւ ազգային հպարտութիւն եւ բարոյական խոր գոհունակութիւն: 83 տարիներէ ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական փաղանգներուն շքերթը Պէյրութի, Հալէպի, Մոնթրէալի, Լոս Անճելըսի թէ հայաշատ տարբեր քաղաքներու մէջ, անգիր պատմութիւնը կը հանդիսանայ Ցեղին Գոյատեւման, եւ եթէ յաճախ կը թրջին մեր աչքերը, պատճառը այն է, որ այդ երիտասարդութեան տողանցքին, խաղերուն եւ խոյանքներուն ընդմէջէն մենք կ’ողջունենք հայ ժողովուրդի կենսունակութիւնը, փառքն ու յաղթանակը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ական նորահաս սերունդներու ազգային նուիրական կոչումը խորհրդանշելու համար կարելի չէ աւելի սրտառուչ եւ գեղեցիկ բանաձեւում գտնել՝ քան «Բարձրացիր-Բարձրացուր»ի հետեւողութեամբ կատարուած «Հայացիր-Հայացուր»ի տարազումը: Հայ ապրելու, հայութիւնը տեւականացնելու, հայութեան արժէքներն ու իտէալները իրականացնելու հաստատ համոզումով կազմուած այս միութիւնը աւելի քան 80ամեայ իր գործունէութեամբ շահած է մեր ժողովուրդին վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Ահա այս ժողովուրդին զաւակներն են, որոնք հեռաւոր Արժանթինէն, Ամերիկաներէն, Գանատայէն, եւրոպական եւ միջին արեւելեան զանազան գաղութներէն այսօր կու գան հաղորդուելու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առինքնող մթնոլորտով, խաղերէն վերադարձին իրենց գաղութները տանելու համար հայկականութեան խոր ապրում եւ հպարտութիւն:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը հայ ժողովուրդի հոգեկան եւ ազգային արժէքներու ցուցադրութիւնն են, դէպի վեհին, բարձրագոյնին ու լաւագոյնին հոյակապ ձգտումը:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը չորս տարին անգամ մը նոյն դրօշով արիացած, նոյն հայ շունչով, հայ դնդերի զօրութեամբ օժտուած ջղուտ հայերու պատրաստութեան ցուցահանդէսն են: Հոն, իւրաքանչիւր մրցումին մարդիկ պիտի գտնեն հաւատք դէպի հայութեան ապագան, զոհաբերութեան եւ նուիրումի ոգի՝ հայ նոր սերունդի բարձրացման եւ ազնուացման: Հոն սերունդներու երթն է որ պիտի շարունակուի: «Նոր»երը պիտի յառաջանան «հին»երու ճամբով, դրօշը ձեռին, հաւատքի աչքը՝ հեռաւոր վերջակէտին.- Մասիսին, Վանին ու Մուշին:
Ու պիտի շարունակուի դրօշարշաւը:
Դրօշարշաւը ազգի՛ն:
Հաւատքի վազքը՝ սփիւռքեան օտար ոստաններէն յաւերժական Հայրենիք:
Փողփողումը դրօշին, հայ կամքին, ուժին ու հաւատքի բարձունքին վրայ,
Երէկ՝
Մեր պապերու բազուկին,
Այսօր՝
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիներո՛ւն: