Թիւ 233 - ՆԱ՛Խ ՆԿԱՐԱԳԻՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերայաջորդ սերունդներու համար մնայուն դաւանանքի կարգ անցած է այն ճշմարտութիւնը, որ ուսումն ու կրթութիւնը ոչինչ կ’արժեն առանց հոգեկան դաստիարակութեան: Նոյնիսկ բնատուր տաղանդն ու ձիրքերը դատապարտուած են ապարդիւն կորսուելու, եթէ նկարագիրէ զուրկ անձերու սեփականութիւնը կը կազմեն անոնք:
Հոգին առաւել է քան մարմինը, ըսուած է իրաւամբ: Պէտք է աւելցնել, որ հոգին առաւել է նաեւ քան մի՛տքը:
Մեր ընկերութեան մէջ որքա՜ն մարդիկ կան, որոնց ոչ խելքը կը պակսի, ոչ ալ՝ կարողութիւնը, սակայն անոնք պիտանի տարր չեն կազմեր օգտաշատ որեւէ ծրագրի համար, պարզապէս որովհետեւ պարկեշտ նկարագիր չունին:
Աննկարագիր մարդիկը ճանչնալը դժուար չէ մեր առօրեային մէջ: Անոնք սովորութիւն ունին տեւաբար գոյն եւ սկզբունք փոխելու: Արժէք չեն տար նուիրագործուած սրբութիւններու: Այսօր կ’անարգեն ինչ որ կը յարգէին երէկ , ու վաղը դարձեալ պատրաստ կ’ըլլան յարգալից երեւելու նոյն արժէքին հանդէպ: Ընդունուած բացատրութեամբ մը՝ պատեհապաշտներ եւ բախտախնդիրներ են անոնք: Երբեմն նոյնիսկ նախանձելի դիրքերու հասած մարդիկ, որոնք սակայն դատապարտուած են ուշ կամ կանուխ կեղծ աստուածներու նման տապալելու, որովհետեւ ընկերութիւնը ի վերջոյ կը խոնարհի միայն անոնց առջեւ, որոնք մաքուր նկարագիր ունին:
Իւրաքանչիւր անձի, յատկապէս միութենական յանձնառութիւն ստանձնած մարդու արժանիքը ճշդող ստորոգելին նկարագիրն է, ամէնէն դժուար պահպանելի առաքինութիւնը: Նկարագիրի տէր ըլլալ կը նշանակէ տեւաբար պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ շարժիլ, խղճի եւ մտածումի անկախութիւն ունենալ եւ միշտ ու ամէնուր կեցուածք ճշդել յոռի երեւոյթներու հանդէպ՝ առանց ազդուելու աջէն թէ ձախէն եկող ազդեցութիւններէն:
Մեծամեծ զոհողութիւններ պահանջող միութենական գործերը առողջ նկարագիրներու կը կարօտին՝ յաջողութեամբ պսակուելու համար:
Նկարագիրն է մարդկային փառատենչութեան, նիւթապաշտութեան եւ ստորին բարքերու սանձը, որուն շնորհիւ կը զսպուին անասնական ախորժակները եւ ազնիւն ու վսեմը կը գրաւեն չարին ու բարիին տեղը:
Նկարագիրն է դարձեալ այն համադրող եւ դասաւորող ուժը, որ կը հունաւորէ մարդոց հոգեմտաւոր կարողութիւնները եւ որոշ ուղղութիւն մը կու տայ անոնց:
Խախուտ նկարագիրի շէնքերը ժամանակի ընթացքին փուլ կու գան, եթէ բարոյական սկզբունքներու անոնց շաղախը բաւականաչափ ամուր չէ: Այս պատճառով ալ որքան նորահաս սերունդը միութենական առողջ պայմաններու մէջ գործելու առիթը ունենայ, նուիրեալ պատասխանատուներով ղեկավարուի՝ այնքան աւելի կարելիութիւն կ’ունենայ ինքզինք կատարելագործելու եւ իր նկարագիրը կերտելու: Միութենական մթնոլորտը, բարոյական դաստիարակութիւնը եւ կարգապահական հակակշիռները անպայման խոր ազդեցութիւն կը ձգեն մատղաշ հոգիներու կազմութեան վրայ:
Հետեւաբար, միութենական պատասխանատուներու, այս պարագային՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակներու դերը չի սահմանափակուիր միայն գիտելիքներ փոխանցելով եւ նորահաս սերունդին միտքը զարգացնելով: Անոնք աւելի կարեւոր եւ նուիրական պարտականութիւն մը ունին կատարելիք՝ դառնալ հոգիներու դարբին եւ նկարագիրներու կերտիչ:
Նա՛խ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիր, ադամանդի պէս փայլուն եւ ամուր, ապա միայն ֆիզիքական եւ մտային այլ հարստութիւններ: