Թիւ 235 - ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱ՛ՍՏ
2002 տարուան հետ Հ.Մ.Ը.Մ. կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 84րդ տարին: Ու արդար հպարտութեամբ մը, վեթերան թէ նորահաս Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ բարձրաճակատ կը ներկայանան հանրութեան, վկայելու համար 84 տարիէ ի վեր հայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ գործող կազմակերպութեան մը անցեալին ու ներկային մասին:
Ազգերու կեանքին մէջ հազուագիւտ են մարմնակրթական այն միութիւնները, որոնք 84 տարի ընթացած ըլլան իրենց հիմնական առաջադրանքներով: Յատկապէս արդի ժամանակներուն, երբ մեր շուրջի միութիւններուն մեծ մասը վերածուած է շահակցական-բաժնետիրական ակումբներու, իսկ անդամները՝ վճարովի պաշտօնեաներու:
Իսկապէս հրաշքի համազօր բան է խելայեղ արհեստավարժութեան եւ նիւթապաշտութեան պայմաններուն մէջ, համաշխարհայնացումի յորձանքին ընդդէմ մարմնակրթական միութիւն մը պահել իր առաջադրանքներու պատուանդանին վրայ, առանց շեղելու այն հիմնական նպատակակէտէն, որ բնորոշ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
84 տարիներու գոյատեւման այս հազուադէպ երեւոյթը հաւանաբար կը բացատրուի միութեան հիմնադիրներուն գաղափարական եւ սկզբունքային առաջադրանքներով միայն:
Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. չեղաւ լոկ բանակումներ կազմակերպող սկաուտական շարժում մը, ոչ ալ՝ մարզադաշտերու վրայ միայն յաղթանակներ ապահովելու ձգտող կազմակերպութիւն մը: Ան իր գոյութիւնը ամէն բանէ առաջ խարսխեց մարզական ոգիի վրայ, որուն մէջ համադրուած են կեանքը գեղեցկացնող եւ իմաստաւորող մարդկային բոլոր առաքինութիւնները:
Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ մարզական ոգիի մարմնացումը եւ անոր համար ալ, մարզադաշտերու վրայ յաճախ անոր կրած պարտութիւնները նոյնիսկ վերածուեցան յաղթանակի,- շնորհիւ իր մարզիկներու ցուցաբերած մարզական ոգիին,- եւ ջերմօրէն ծափահարուեցան բազմահազար օտար հանդիսականներու կողմէ: «Բարձրացիր-բարձրացուր»ը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը: Ու բարձրացաւ ինք, իր հետ բարձրացնելով նաեւ հայութեան վարկը յաչս օտարներուն:
Մարզական ոգիի կողքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն եւ դաստիարակներուն հիմնական նպատակներէն մէկը եղաւ գաղափարական շունչով եւ ոգեւորութեամբ մատղաշ հոգիներու մէջ քանդակել հայկական ոգին, ազգային արժէքներու հանդէպ երկիւղածութեան աստիճանի հասնող յարգանքի եւ գուրգուրանքի զգացումներ սերմանելով անոնց մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ. ձգտեցաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ նախ կերտել մարդը, հայը եւ ապա՝ սկաուտը կամ մարզիկը: Սերունդներ զինուորագրուեցան անոր դրօշին եւ հազարաւորներ լծուեցան մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրական գործին:
Ակնարկ մը մեր մօտաւոր անցեալին վրայ բաւարար պիտի ըլլայ հաստատելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փորձաքարին զարնուած քանի՜-քանի՜ հայորդիներ անչափելի քրտինք թափեցին ազգային-հասարակական մեր կեանքին մէջ ակօս մը բանալու եւ ածու մը ծաղկեցնելու համար:
Այսօր, իր հիմնադրութենէն 84 տարի ետք, տակաւին պատնէշի վրայ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, միշտ եռանդուն ու խանդավառ, միշտ տրամադիր անսահման զոհաբերութիւններու եւ միշտ պատրաստ՝ նորանոր նուաճումներու:
Հ.Մ.Ը.Մ.ական Կակուղ Թաթիկէն ու կրտսերագոյն մարզիկէն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուները, ինչպէս երէկ, այսօր եւս ամէն տեղ ու ամէն օր իրենց հոգիէն, մտքէն, ժամանակէն ու քսակէն անպայման բան մը կը զոհաբերեն, բարձր բռնելու համար այն դրօշը, որ աւանդ ձգուեցաւ միութեան հիմնադիրներուն կողմէ:
Փա՜ռք այդ պանծալի դրօշին:
Պատի՜ւ այդ դրօշը բարձր բռնած «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ, կամաւոր բանակ»ին, որ գիտէ մնալ միշտ պատրա՛ստ: