Թիւ 236 - ԳՐԱՒԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿՐՏՍԵՐՆԵՐԸ
«Վաղուան հայերը» խորագրեալ մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկուն մէջ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսեր սերունդին ակնարկելով դիտել կու տայինք, որ ապագան անոնցն է, դեռատի տղոց ու աղջիկներուն, որոնք հիներուն եւ անցնողներուն տեղը գրաւելով՝ վաղը պիտի նուիրագործեն հայուն կամքն ու իղձերը, Լիբանան տակաւին չէր հիւրընկալած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի «Արարատ» մասնաճիւղին պասքեթպոլի կրտսերներու խումբը:
Ու երբ Լիբանան հիւրընկալեց Գահիրէի կրտսեր պասքեթպոլիստները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ի խորոց սրտի ծափահարեց անոնց ելոյթներուն, բոլորին յստակ դարձաւ, որ ոչ միայն ապագան, այլեւ ներկա՛ն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսերներուն է, անոնց՝ որոնց շնորհիւ կարելի է իսկապէս ներկայանալի մարզական խումբեր եւ տիպար մարզիկներ ունենալ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ հիւրընկալ Անթիլիասի մասնաճիւղի կրտսեր պասքեթպոլիստները իրենց կարճ ու հմայիչ հանդիպումներով մարզասէրներուն յիշեցուցին, թէ չի բաւեր փայլուն մարզիկի յատկութիւններ ունենալ, կարեւորը՝ միութենական կազմաւորում եւ դաստիարակութիւն ունենալն է, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը հոգուով-սրտով կրելն է, Հ.Մ.Ը.Մ.ական նկարագիրի եւ իտէալի տէր ըլլալն է:
Առանց նկարագիրի եւ իտէալի ընդհանրապէս կը տիրէ անկարգութիւն, իսկ յատկապէս՝ ապականութիւն: Աննկարագիր, նիւթապաշտ ու պահանջկոտ մարզիկներ կը յառաջացնեն ապառողջ մարզական խումբեր, անբնական վիճակներ, այլասերող սերունդներ եւ… մահացող մարզական կեանք:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ Անթիլիասի կրտսեր պասքեթպոլիստները եկան հակառակի՛ն փաստը տալու, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին միութեան այն մեծ դպրոցին, որուն համար մարզանքը նպատակ չէ, այլ՝ միջոց է հայ պատանիին նկարագիրը կերտելու, հոգին ազնուացնելու եւ մարմինը զօրացնելու:
Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական դարբնոցին մէջ, կրտսեր մարզիկներ կը վարժուին ոտքէն ու ձեռքէն առաջ իրենց միտքը աշխատցնելու, ուշիմութիւնը, տրամաբանութիւնը եւ խելքը գործածելու, որովհետեւ առանց անոնց՝ ուժն ու տոկունութիւնը կոշտութիւն են, ճարպիկութիւնն ու հմտութիւնը՝ անկարգութիւն, իսկ արուեստն ու գեղեցկութիւնը՝ նենգութիւն…
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, կրտսեր մարզիկներ իրենք զիրենք կը նկատեն մասնիկը մեծ ընտանիքի մը, որուն յաճախ մաս կը կազմեն իրենց ընտանիքին անդամները, հարազատները, հարազատներուն ծանօթները, իրենց դասընկերները, տարեկիցները, իրենցմէ մեծերը, ուսուցիչները, եւայլն: Պատկանելիութեան այդ զգացումը ամէնէն կարեւոր յատկանիշն է կրտսեր մարզիկներուն մօտ: Այդ զգացումին ամրապնդման շնորհիւ անոնք կը սորվին խմբային միասնական խաղ խաղալ, իրենց ընկերները յարգել, կարգապահ ու հնազանդ ըլլալ եւ, անխուսափելիօրէն, հասնիլ հաւաքական ճիգերով կերտուած յաղթանակներէն անձնական գոհացում ստանալու վիճակին, եսակեդրոն անհատէն բարձրանալու ընկերային էակի՝ մարդու վիճակին: Մարդ, որ գիտէ թէ մաս կը կազմէ իրեն նման մարդոցմէ բաղկացած, բայց ընդհանրական նպատակներ հետապնդող մարդոց խումբի մը, միութեան մը, ժողովուրդի մը:
Իրենց տարիքին գեղեցիկ խաղարկութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ Անթիլիասի կրտսեր պասքեթպոլիստները եկան նաեւ հաստատելու, որ ողն ու ծուծով միութենական մը միայն մրցումներու ընթացքին կրնայ անվերջ պայքարիլ ու քրտնիլ: Յաղթանակի մը տիրանալու համար հարկ է ոգի ի բռին մարտնչիլ եռանդով եւ կորովով, ինչ որ կ’ենթադրէ մարզուած մարմնի կողքին անպայման ունենալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգեկան արիութիւն, տեւաբար խիզախելու վճռակամութիւն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսեր սերունդի պասքեթպոլիստները ապագայի իմաստով մեծ յոյս ու լաւատեսութիւն ներշնչեցին միշտ լաւագոյնը եւ կատարելագոյնը պահանջող մարզասէրներուն: Միաժամանակ, անոնք փոխանցեցին յստակ պատգամ մը, թէ միութեան կարգ մը շրջաններու դիմագրաւած մարզական տագնապները իրենց լուծումները կ’ունենան, եթէ անոնք իրենց գրաւը դնեն շրջանի կրտսերներուն վրայ եւ ներկայացուցչական իրենց խումբերը թարմացնելու համար չդիմեն անծանօթ հասցէներու. «օտարին հացը փոր չի կշտացներ», մանաւանդ որ՝ այդ «հաց»ը յաճախ կրնայ որդնոտած ըլլալ…
Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսերները միութեան գանձարանն են: Հարկ է գուրգուրալ անոր եւ ճիշդ ձեւով օգտուիլ գիտնալ անկէ: