Թիւ 237 - ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՈՅԺԸ
Նպատակի մը հասնելու հիմնական պայմանը անոր կարելիութեան հաւատալն է: Երբ գործի մը ձեռնարկողը թերահաւատ է, երկնային հրաշք մը միայն կրնայ զայն յաջողութեան հասցնել: Իսկ հրաշքներ միշտ չեն պատահիր: Իրագործուած յաջողութիւններուն մեծագոյն տոկոսը ձեռք կը բերուի ճիգով, աշխատանքով եւ յարատեւ ձգտումով:
Այսպէս է անհատական կեանքին մէջ, այսպէս է նաեւ միութիւններու կեանքին մէջ:
Նախ մարդ ի՛նք պէտք է հաւատայ իր նպատակին կարելիութեան, կարեւորութեան եւ արդարացիութեան, որպէսզի կարենայ ուրիշներուն ալ հաւատացնել:
Մեծ նպատակներն ու իտէալները մեծ հաւատք կը պահանջեն: Օրուան ընթացիկ տրամաբանութեամբ եւ մանր հաշիւներով կարելի չէ անոնց մօտենալ:
Գրիգոր Յակոբեաններ, Յովհաննէս Հինդլեաններ եւ Տիգրան Խոյեաններ երբ կ’որոշէին Եղեռնէն հրաշքով փրկուած խլեակներէն «արի-արանց» նուիրեալներու կազմակերպութիւն մը ստեղծել՝ հաւանաբար շատեր թերահաւատութեամբ կ’ընդունէին իրենց ծրագիրը եւ մինչեւ իսկ «խենթութիւն» կը նկատէին անոնց քայլը:
Ու երբ Վարդգէս Տէր Կարապետեաններ, Հրանդ Մուրատեաններ, Նշան Թիւյսիզեաններ եւ իրենց սերնդակիցները Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային միութեան մը վերածելու աշխատանքին կը ձեռնարկէին, արդեօ՞ք «խենթութիւն» չէր նաեւ անոնց քայլը:
Եւ սակայն, անոնք իրագործեցին իրենց նպատակները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներու հսկայական բազմութիւնները քաշեցին իրենց ետեւէն, որովհետեւ բոլորէն առաջ նախ իրե՛նք հաւատացին իրենց ըսածին ու իտէալին:
Մեծ էր իրենց հոգիին երազը, բայց նոյնքան մեծ էր նաեւ իրենց հաւատքը: Մոլեռանդութիւնը կազմեց իրենց այն հզօր ուժը, որուն առջեւ փուլ եկան ամէն տեսակի դժուարութիւնները:
Այսօր, կ’ապրինք նիւթապաշտ շրջանի մը մէջ: Հոգեկան թռիչքները չափազանց պակսած են, թերեւս անոր համար, որ մարդիկ պէտք չունին այլեւս հոգիով թռչելու: Օդանաւերը զանոնք կը բարձրացնեն լեռներու կատարներէն ալ վեր…
Մեր օրերուն, պաղարիւն հաշուագէտները բազմացած են, իսկ «խենթ»երը՝ պակսած: Ամէնէն ճակատագրական հարցերուն իսկ մարդիկ կը մօտենան իրենց սեփական հանգիստն ու հաճոյքը չխռովելու հազար ու մէկ հաշիւներով:
«Խոհեմութեան» յորդորներով մարդիկ մինչեւ իսկ կը ժխտեն մեծ գաղափարներու եւ մեծ գործերու մղիչ ոգին: Կը ժխտեն նաեւ միութիւններու հարուստ պատմութիւնը եւ այդ պատմութեան ընթացքին սերունդէ-սերունդ փոխանցուած հաւատքի կենարար ոյժը:
Ու եթէ մե՛նք չհաւատանք մեր առաքելութեան եւ իտէալին, ուրիշները բնաւ չեն հաւատար անոնց: Եթէ մենք մոլեռանդօրէն կառչած չմնանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային-բարոյական արժէքներուն, ուրիշները շատոնց պատրաստ են ուրանալու զանոնք:
Շաւարշ Քրիսեանէն մինչեւ Յովհաննէս Շահինեան եւ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր բոլոր առաքեալներն ու «խենթ»երը հաւատացին միութեան անկորնչելի արժէքներուն եւ իրենց հաւատքին ոյժով դարբնեցին շարքերով արի, կամքով տոկուն, հաւատքով լեցուն եւ տեսիլքով վառ միութիւն մը, որ տոկալու, զարգանալու եւ կեանքի նորանոր փորձութիւններուն դիմանալու համար միշտ եւ ամէնուր կարիքը ունի իր անդամներուն հաւատքի ոյժին, որովհետեւ՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւն մը ծերացնողը այլեւս տարիքը չէ, այլ՝ հաւատքի պակասը: