Թիւ 238 - ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՃԱՄԲՈՎ

 

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւն մը հզօրացնողը այլեւս տարիքը չէ, այլ՝ հաւատքի հզօր ուժը», կ’եզրակացնէինք մեր նախորդ խմբագրականով, փոքր ժողովուրդի մը մեծ միութեան կենսունակութեան գաղտնիքներէն մէկուն (հաւատքի ուժին) անդրադառնալով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը երբեք չծերացնող եւ զայն յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդող յատկութիւններէն մէկը, արդարեւ, անխորտակելի այն հաւատքն է, որ լոյսի նման կը ճառագայթէ հայ իրականութեան նահանջի եւ ընկրկումի պայմաններուն մէջ, անզուսպ զօրաշարժ մը յառաջացնելով ամէնէն թմրած հոգիներուն մէջ նոյնիսկ:

Ու երբ հաւատքը այսքան ուժեղ է եւ տարերային, չի մնար կրաւորական վիճակի մէջ, կը դառնայ գործ ու ՆՈՒԻՐՈՒՄ:

Միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատուկ երեւոյթ չէ ասիկա: Քրիստոնէութեան յաղթանակը աշխարհ կը պարտի նուիրեալներու այն փաղանգին, որ չվարանեցաւ վայրի գազաններու եւ վայրագ բռնատէրներու զոհը դառնալ՝ յանուն Քրիստոսի գաղափարներուն յաղթանակին: Պարզ մարդիկ էին անոնք, ձկնորսներ, գիւղացիներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, որոնք սակայն կարողացան գահեր ու գահակալներ նուաճել՝ «լեռներ շարժող» իրենց հաւատքով ու նուիրումով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, անցնող 84 տարիներուն, պատասխանատուութեան, ներդրումի եւ զոհաբերութեան զանազան մակարդակներով, հազարաւորներ տարբեր նպատակի մը համար, տարբեր ձեւերով նոյն նուիրումին մարմնացումները եղան:

Ո՞վ պիտի կարենայ կատարել հաշիւը անհաշիւ այն զոհաբերութիւններուն, զորս ծանօթ թէ անծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ընծայեցին հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան վեհ գործին: Երդուեալներէն իւրաքանչիւրը տուաւ ինչ որ կրնար, տուաւ իր լաւագոյնը, տուաւ իր մտքի գանձարանէն, իր բազուկին կորովէն, իր նիւթական ապահովութենէն, դիրքէն, անունէն, դեռատի հասակէն ու խոստմնալից ապագայէն, տուաւ լիառատ ու անսակարկ, որպէսզի հայու զաւակներուն հոգիները ջերմանան եւ հայութեան հզօրացման նիւթական թէ բարոյական հիմերը ամրանան:

Գտնուեցան նաեւ անոնք, որոնք հասան մինչեւ գերագոյն նուիրաբերումի սրբազան բագինին (Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Վարդան Բախշեան, Վիգէն Զաքարեան…): Անոնք նուիրեցին աւելին քան իրենցմէ կը պահանջուէր, աւելի քան պարտական էին տալու: Նուիրեցին իրենց սիրելիներուն եւ հարազատներուն իրաւունքն իսկ՝ ի սէր եւ ի փրկութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու ազգին:

Այսօր, ո՜վ կրնայ կազմել ցանկը բոլոր անոնց, որոնք անշահախնդիր նուիրումով իրենց բովանդակ կեանքը զոհեցին ի սպաս Հ.Մ.Ը.Մ.ի 84ամեայ երթին: Դիւրին չնուաճուեցաւ այդ երթին պատկառելի վաստակը: Անձնազոհ նուիրեալներու յաջորդական սերունդներ գործեցին իրենց ուժերուն առաւելագոյն լարումով եւ իրենց կարողութիւններուն անսակարկ ընծայաբերումով, մինչեւ որ մարմնակրթական այս միութիւնը յաջողեցաւ իր աւանդները ստեղծել, ժողովրդային շարժումի իր ներկայ ծաւալը ստանալ, աւելի քան 85 մասնաճիւղերու գործունէութեան իր այժմու տարողութեան հասնելով եւ իր բազմահազար համակիրներուն ամբողջական վստահութեան արժանի դառնալով:

Խոստովանին կամ ոչ, մարդիկ ճշմարտութիւնը ուրանան կամ ոչ՝ պատմութիւնը հոն է, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ակումբներուն, հաւաքավայրերուն եւ դաշտերուն մէջ արձանագրուած, հայ ժողովուրդի հոգիին խորը դրոշմուած:

Հետեւաբար, սերունդները, որոնք այսուհետեւ պիտի գան իրենց ձեռքը առնելու «Բարձրացիր-Բարձրացուր»ի գաղափարական ջահը, պէտք է լաւ սերտեն հաւատքի եւ նուիրումի այն դասերը, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժին աղբիւրը կը կազմեն:

Իսկ անոնք որոնք կը գործեն արդէն՝ պէտք է լաւ գիտակցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը իրենց վիճակած է տարբեր ճակատագիր մը, որուն տէր կանգնելու, յարատեւելու եւ յաղթանակելու համար իրենցմէ կը պահանջուի միշտ ընթանալ նուիրումի եւ զոհաբերութեան ճամբով՝ հաւատքի լուսաշող աստղը ունենալով իբրեւ առաջնորդ:

Տարածենք