Թիւ 241 - ԱՊՐԻ՛Ք ՏՂԱՔ
Անգամ մը եւս Նաւասարդեան Մարզախաղերը ազգային հպարտութեան, հաւաքական հրճուանքի եւ մարզական յաղթանակի օրեր եղան Արեւմտեան Մ. Նահանգներու հայութեան համար: Այլ բառեր կարելի չէ գտնել այն ապրումներուն, զորս գաղութը ունեցաւ ի տես քսան հազարի հասնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական առողջ, կայտառ ու խոստմնալից սերունդի ցուցադրած Ֆիզիքական եւ հոգեկան շնորհներուն: Լոս Անճելըսէն հասած թղթակցութիւններն ու լուսանկարները այդ կը վկայեն: Մարզախաղերու ամիսներ տեւող եռուզեռը դարձեալ շարժումի մէջ դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու ընտանիքին անդամները- մարզիկ-մարզիկուհիներ, սկաուտներ, յանձնախումբերու թէ պատկերասփիւռի նորաստեղծ անձնակազմի անդամներ, պատասխանատուներ, բոլո՛րը նոյն դրօշի ծիածանով եղբայրացած հոգիներ, նոյն ժողովուրդի հարազատ եւ հաւատարիմ ժառանգներ: 27 տարիէ ի վեր գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած այս մարզախաղերը, ահա, ամէն տարի անմոռանալի յիշատակներ կը պարգեւեն մասնակցող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն ու անոնց ծնողներուն, որովհետեւ եթէ մարզիկները հաւաքական ճիգերու սքանչելի յաղթանակներ կ’արձանագրեն եւ յիշատակելի պահեր կ’ապրին, ծնողներն ալ ազգային վերապրումի եւ յարաճուն վերելքի կենդանի փաստը կը տեսնեն իրենց զաւակներու անդիմադրելի խանդավառութեան մէջ: Ի զուր չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը նկատուի հայ ժողովուրդի ծաղիկ սերունդը: Տասնամեակներէ ի վեր ան կը նշէ հայութեան կացինահար ծառին ծլարձակումը, որ հազար-հազարներու հասնող իր դալար բողբոջներով ու բարունակներով արեգակին կը ժպտի ու գաղափարի լոյսով կ’ուռճանայ: Կը բաւէ պահ մը պատկերացնել կազմակերպչական այն եռանդուն աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է շրջանի 19 մասնաճիւղերէն բազմահազար մարզիկներ մէկտեղելու, 7 մարզախաղերու հաւաքական ու անհատական 1800-է աւելի մրցումներ կատարելու, յաղթանակի պարահանդէս, փակման հանդիսութիւն ու փառատօն կազմակերպելու, եւ այն ատեն միայն ըմբռնելի կը դառնայ տարողութիւնը այն հսկայական գործին, որ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ը 1975-էն ի վեր կը կատարէ՝ տարուէ տարի աւելի մեծ մասնակցութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ: Մարմնակրթանքի հայ մեծագոյն կազմակերպութիւնը մեծ է իր ոգիով, փայփայած տեսլականներով եւ բարոյական դրամագլուխով, որոնց շնորհիւ միշտ ալ կը գտնուին բարեկամներ, բարերարներ ու պատուոյ նախագահներ, որոնք իրենց լիաբուռն աջակցութեամբ կարելի կը դարձնեն մեծածախս նման ձեռնարկներու յաջողութիւնը: Ու կը բաւէ տեսնել մարզախաղերու փակման հանդիսութեան տողանցող շարքերը քսան հազարի հասնող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, հանդիսականներու բուռն ծափողջոյններով, ըմբռնելու համար, թէ շրջանի հայութիւնը ինչ խոր սիրով կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Արցունք, ժպիտ, յուզում ու խայտանք իրարու կը խառնուին, երբ կը տողանցեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի խրոխտ շարքերը: Ու այդ շարքերը լաւագոյն պատասխանը կու տան հայութեան այլասերումը, բարոյալքումն ու օտարացումը ցանկացող ուժերուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորահաս սերունդը կեանքով, խանդավառութեամբ եւ յոյսերով կը լեցնէ հայ իրականութիւնը, ոչ միայն անոր համար, որ մեր կեանքի ընկրկումներուն եւ տեղատուութիւններուն ան կը հակադրէ ստեղծագործ իր կենսունակութիւնը, այլ՝ որովհետեւ ան իր ջահերը վառած կը ներկայանայ մեր երազին Նաւասարդեան կատարներէն: Նման առիթներու հայ ժողովուրդը խօսք մը ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պանծալի դրօշին տակ հասակ նետող իր զաւակներուն: Խօսք մը, որ օրհնութեան պէս կը բարձրանայ հոգիներէն.- Ապրի՛ք տղաք, ձեր վարձքը կատար եւ ձեր ճակատները բոցավառող երազը շուտով թող դառնայ իրականութիւն: