Թիւ 8 - ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեանց շարքին մէջ սկաուտական բանակում կամ ընդհանուր բանակումներ երեւոյթ չեն։ Պարզապէս ընթացիկ, բնական արտայայտութիւններ են անոնք՝ բանակումները, որոնք կը կազմակերպուին լռիկ-մնջիկ, կը կազմակերպուին պետական անսահման կարելիութիւններ ենթադրող ինքնավստահութեամբ։

Սկաուտական Ա. Բանակումը Յունաստանի մէջ, Բ. Ընդհանուր Բանակումը Ֆրանսայի մէջ նոր էին ո՛չ որպէս բանակում, այլ որպէս նոր մագլցում միջ-գաղութային կապին։

Այդ է ընդհանուրը, որուն համար կþարժէ մելան հոսեցնել։

Սակայն ընդհանուրին անցնելէ առաջ՝ պէտք է ընդհանրութեան մէջ չկորսուելու իմաստութիւնը ունենալ։ Անհրաժեշտ է վերաքաղ մը ընել այլեւս երեւոյթ չնկատուող բաներու, որոնք հասարակ չեն, դիւրին եւ իրագործելի չեն շատերու համար, որոնք մերը ըրինք տքնաջան աշխատանքով, տասնամեակներու փորձառութեամբ, եւ այժմ, երբ գտած ենք ակը, խմենք զուլալ ջուրէն, հովանանք ու զովանանք։ Միայն ու պարզապէս չնայինք վազող ջուրին...

Նոր սերունդի առողջ պատրաստութիւնը միշտ ալ առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է հին թէ փոխանցման սերունդներուն։

Աւելի պարզն ու հասկնալին։ Ծնող երեխային «ապագան», «լաւագոյն դաստիարակութիւնը», «մարդ դառնալու» մտահոգութիւնը՝ ծնողի մը համար կեանքի տագնապ է. իսկ այդ մտահոգութեան բարւոք լուծումը՝ կեանքի նպատակ։

Դպրոց ինչո՞ւ կը ղրկենք։ Արհեստի ինչո՞ւ կը ղրկենք։ Վստահելի ուսուցիչն ու վարպետը ինչո՞ւ կը փնտռենք։ Ինչե՜ր չենք ըներ մեր զաւկին համար, որպէսզի մեծնայ լաւագոյն պայմաններու մէջ, մեր կարելիութիւններէն յաճախ աւելի բարձր գին վճարելով ատոր փոխարէն։

Մինչեւ 18 տարիք ամէն մարդ իր կազմաւորման շրջանը կþապրի, ֆիզիքական վերիվայրումներու շրջանակին մէջ է, եւ այդ տարիքին համար կը լարուին ծնողներու ծնողական պարտականութիւն-պարտաւորութիւնները։

Այդ տարիքին լաւագոյն դպրոցը ա՛յս է, սկաուտութիւնը, որ արտադպրոցական եւ արտատնային լաւագոյն կազմակերպութիւնն է, որ հաճելին կը խառնէ օգտակարին, որ կը կազմաւորէ, կը տաշէ նկարագիրը, որ անմոռանալի յիշատակներով կը լեցնէ մանկութեան եւ պատանութեան օրերը եւ անհատական աճումը կը ներդաշնակէ միաժամանակ եւ ամենայն բնականութեամբ սերունդի մը օղակուելու, սերունդի վերածուելու հզօրանքին։

Մեծերու նկատմամբ յարգանքի, խոստումը ոչ մէկ գնով դրժելու, հաւատարմութեամբ, նկարագրի թէ ֆիզիքական մաքրութեան գործնական դպրոցն է սկաուտութիւնը։

Սկաուտութիւնը հսկայ այն խաղավայրն է, ուր լեռ ու ձոր կայ, ջրվէժ ու կենդանական-բուսական ամբողջ աշխարհ մը, պրպտումի լայն կարելիութիւններ, ընկերային էակ դառնալու ամէն բնական միջոց։

Ասիկա խաղն է, մարզանքն է, արշաւն է, ձիւնագնացութիւնն է, բանակումն է եւ... ընդհանո՛ւր բանակումը։

Ափսո՜ս անոր, որ սկաուտ չէ եղած։

Ափսո՜ս անոնց, որոնք իրենց զաւակները սկաուտ չեն արձանագրած։

Տարածենք