Թիւ 242 - ՏԻՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

 

Երազ չէ, իրականութիւն է:

«Մարզիկ»ի այս թիւին կողքին վրայ երեւցողը ազգին ու հայրենիքին նախագահն է, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. ընդհանուր բանակումին փողկապով: Քովը՝ հերոսական Արցախի նախագահն է, նոյն փողկապով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատուիրակութիւն մը ընդունած պահուն: Աւելի ներս՝ երրորդ էջին վրայ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին ընդհանուր քարտուղարն է, աշխարհի 216 երկիրներու 30 միլիոն սկաուտներու պետը, դարձեալ նոյն փողկապով եւ ազգային Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:

Երազ չէ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընդհանուր բանակումին առօրեայէն առնուած իրական պատկերներ են ասոնք, իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կուրծքը արդար հպարտութեամբ ուռեցնող երեւոյթներ, որոնց վրայ եթէ աւելցնենք Արագածի կատարին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը կոթողելու սխրանքը եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկաուտներու հմայիչ տողանցքը, իրականութիւնները կը դառնան իրագործումներ, պատմակա՛ն ու անմոռանալի:

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. ընդհանուր բանակումը իր յաջող կազմակերպումով, իբրեւ ոգի ու արժէք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կապեց սկաուտական իր փառաւոր անցեալին, ու ապագային հաշուոյն անոր ապահովեց բացառիկ մասնակցութեան խոստում՝ Համաշխարհային 21-րդ Ճամպորիին, Անգլիա, 2007-ին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 90 մասնաճիւղերէն սկաուտներ Բիւրական գացին իրենց հետ տանելով իրենց շրջաններու սկաուտական կեանքն ու աշխուժութիւնը ու իրենց շրջանները վերադարձան միասնաբար ապրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարազատ կեանքի խանդավառութեամբ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը ծիածան կապեց Բիւրականի վերեւ, ուր 9 օրեր շարունակ, սկաուտական ոգեւորութեան եւ ազգային հպարտութեան մթնոլորտի մէջ, տարբեր երկիրներէ աւելի քան 500 բանակողներ իրարու քով եկան իրենց սեփական բանակավայրին մէջ, զիրար գտան անհուն կարօտով եւ հայրենի հողին վրայ դարձան այն պատկառելի ամբողջութիւնը, որ իբրեւ «տորմիղ հրաթեւ» հայկականութեան եւ կենսունակութեան կարեւոր աղբիւր մը հանդիսացաւ զինք ծնող ժողովուրդին:

Հայրենիքը վերածնաւ բանակողներու սրտերուն մէջ:  Դադրեցաւ ան ոգեկան հայրենիք, երազ ու խորհուրդ ըլլալէ, դարձաւ իրական հայրենիք, ճանաչողութիւն, գիտակցուած սէր անոր արժէքներուն եւ, ամէնէն կարեւորը, հայրենիքին ու անոր արժէքներուն մէկ մասնիկը ըլլալու քաղցր ապրում: Բանակումին նշանաբանը՝ «Տքնաջան աշխատանք հզօր Հայաստան»ը դարձաւ կեանքի ուղենիշ, ազգային գիտակցութեան հրաւէր:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ բովանդակ հայութիւնը հպարտութեան անկրկնելի պահեր ապրեցաւ ի տես՝ անոր սկաուտական շարքերուն խրոխտ տողանցքին, անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ: Ո՛չ մէկ երեւոյթ հայու հոգիին կրնար փոխանցել ներշնչումի եւ ինքնագիտակցութեան այն տաք շունչը, որ Երեւանի մէջ յառնեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակին համաչափ քայլերէն: Դժուար եղաւ տեսնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին արժանաւոր ծածանումը՝  առանց հրճուանքի կաթիլ մը արցունք զգալու մեր այրող կոպերուն վրայ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ բովանդակ հայութիւնը իր երազներուն պայծառ ցոլացումը տեսաւ Արագածի գագաթին «Յառաջ Նահատակ» երգող Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդին մէջ: Հաւատաւորներ յոյսին ձայնը լսեցին, երբ սկաուտներ ուխտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը կոթողել նաեւ Մասիսի կատարին: Սիրտեր թրթռացին, հոգիներ հրճուեցան:

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. ընդհանուր բանակումը անցաւ պատմութեան, դարձաւ յուշ եւ յիշատակ, արխիւ եւ լուսանկար, սակայն բանակումին ստեղծած խանդավառութեան ալիքը դեռ կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի Երեւանէն մինչեւ Սիտնի ու Մոնթէվիտէօ, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Քուէյթ ու Ջաւախք, ամէնուր փաստը տալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեւական յաջողութեան, հայ իրականութեան երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը ըլլալու անոր շունչին ու ոգիին, փառքին, ուժին եւ գաղափարականին տիրական ներկայութեան:

Տարածենք