Թիւ 243 - ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

Յաճախ կրկնուած իմաստութիւն է, որ իրական ուժի եւ արժէքի չափանիշը զոհողութիւնն է:

Զօրաւորը այն չէ, որ դրամ ունի. խելացին այն չէ, որ բարձր ուսում ունի, այլ՝ ան որ կրնայ իր ունեցածը զոհել նպատակի մը սիրոյն:

Զոհողութիւնը, ուրիշներու ծառայելու պատրաստակամութիւնը, սեփական նկարագիր կերտելու մեծագոյն գաղտնիքն է: Ով որ կը յաջողի իր անձէն, եսէն, ժամանակէն ու քսակէն զոհելով ուրիշներուն՝ միութեան, ազգին ու հայրենիքին ծառայել՝ տիրացած կ’ըլլայ մարդկային կարեւոր առաքինութիւններէն մէկուն: Աշխարհը, մանաւանդ փոքր ազգերն ու միութիւնները, ամէնէն աւելի զոհուող մարդոց կը պարտին իրենց գոյութիւնն ու մեծութիւնը:

Դրամը միշտ ալ կարեւոր է: Հեռատես ու առողջ ղեկավարութիւնը շատ աւելի անհրաժեշտ է, սակայն հաւաքականութեան մը իսկական ուժը կը մնան գիտակից զոհողութեամբ առաջնորդուող անոր շարքերը, որոնք սովորական անհատներէն վեր, նիւթականէն աւելի առաջնահերթ, անձնական շահերէն գերադաս կը նկատեն ընդհանուրին շահերը եւ անսակարկ նուիրումով կը լծուին անոնց հետապնդումին:

Զոհողութեան հակառակը անձնասիրութիւնն է: Երկուքին պայքարը յաւիտենական է: Ո՞ւր փնտռել կեանքի երջանկութիւնը. տեւաբար տալո՞ւ թէ ստանալու մէջ: Միայն սեփական փափաքներու գոհացում տալը, անձնական փառքի ու հարստութեան ետեւէն վազելը, այլ խօսքով՝ եսասիրութեամբ ձեռք բերուած երջանկութիւնը որքանո՞վ կարելի է համեմատել իսկական այն երջանկութեան հետ, որ մեծ զոհողութեամբ կատարուած գործերէ կամ մինչեւ իսկ աննշան կարծուած ծառայութիւններէ կը բխի:

Իրական երջանկութիւնը կը ծնի ազնիւ ջանքէ մը, օգտակար կեանքէ մը: Մարդ զայն կը գտնէ այս կամ այն գործին մէջ, ուրիշին ծառայելու կամ օգնելու մէջ:

Պատմութիւնը կը յաւերժացնէ անունները անոնց, որոնք պայքարեցան ու զոհուեցան կրօնքի, գիտութեան, ազատութեան եւ ճշմարտութեան համար:

Իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ բարոյական, ընկերային, գիտական եւ մշակութային յառաջդիմութիւններն ու բարեշրջումները արդիւնք են մեծ զոհողութիւններու:

Զոհողութեան կ’ընկերանան հաւատքն ու կամքը, որովհետեւ անհատական թէ ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ որեւէ յաջողութեան հասնելու համար՝ նախ պայման է հաւատալ անոր իրագործումին, ապա անխախտ կամքով հետապնդել զայն, եւ վերջապէս՝ կանգ չառնել որեւէ զոհողութեան առջեւ:

Հաւատքի, կամքի եւ զոհողութեան զգացումէ պարպուած մարդիկ դատապարտուած են մահուան, իսկ անոնց կարծեցեալ յաջողութիւնները խափուսիկ երեւոյթներ են միայն:

Զոհողութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնները թանկագին են, քանի անոնք շաղախուած են արդար քրտինքով եւ անխոնջ աշխատանքով: Հ.Մ.Ը.Մ. շատ լաւ գիտէ արժէքը նման յաջողութիւններու, որովհետեւ իր բովանդակ պատմութիւնը անթիւ զոհողութիւններու շարան մըն է միջավայրի մը մէջ, ուր փոխադարձ յարգանքը, հանդուրժողութիւնն ու  վստահութիւնը դարձած են ընդհանուր նկարագիր, դարբնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ական աշխատանքի յատուկ ոճ: Այսպէս է, որ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատքի, կամքի եւ զոհողութեան չափանիշը դարձած է երաշխիքը իր անձին, միութեան եւ ազգին գոյատեւման ու յաղթանակին:

Ու այսպէս է նաեւ, որ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ուսերուն պարտք դրուած է ապրիլ ու գործել զոհողութիւններով արժեւորուած այնպիսի կեանք մը, որ մարդիկ երբ զինք նոյնիսկ առանց տարազի տեսնեն՝ ճանչնա՛ն եւ հպարտութեամբ մատնացոյց ընեն, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն է սա:    

Տարածենք