Թիւ 245 - ՓԱՌՔԸ Հ.Մ.Ը.Մ.ԻՆ, ՊԱՏԻՒԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Յաջողութիւնը պատմական է, իրագործումը՝ աննախընթաց: Փինկ-փոնկի արաբական աշխարհի ակումբներու 2002-ի թագը Հ.Մ.Մ.Ը.ի Լիբանանի աղջկանց խումբին է: Անպայմա՛ն պէտք է շնորհաւորել քոյրերն ու պատասխանատուները, որոնք իրենց գեղեցիկ յաղթանակով հպարտութիւն եւ ուրախութիւն ներշնչեցին իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի, հմայք սփռեցին իրենց շրջապատին եւ հայութեան անունը պանծացուցին 250 միլիոն արաբներու:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքին կերտիչները հանդիսացան Լարա Քէչէպաշեան, Մարիանա Սահակեան-Սոմունճեան, Նոէլ Քէշիշեան եւ Լիզա Պարիկեան, որոնք Լիբանանի խմբային ախոյեանութեան տիրանալէ ետք, Գահիրէի մէջ եւս շարունակեցին իրենց փայլուն ելոյթները եւ նոյնքան ճկուն խաղարկութեամբ, վարպետ դարձուածքներով ու զօրաւոր հարուածներով յաղթեցի՛ն ու շահեցան արաբական տիտղոսներու կարեւորագոյնը: Անոնք շահեցան եւ անոնց միութիւնը իրենցմով շահեցաւ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի փինկ-փոնկի աստղերու նորագոյն սերունդն են ասոնք, արժանաւոր յաջորդները Այտա Մաթոսեաններու (Լիբանանի առաջին ախոյեանուհին՝ 1948-ին), Նազիկ Յովհաննէսեան-Նատէրներու (Լիբանանի ախոյեանուհին 1965-1991), Էսփերանս Խուրիներու, Կասիա եւ Կրէյս Սարգիսեաններու: Հապա՞ անոնց խմբակից տղաքը. Վահագն եւ Պօղոս Յովհաննէսեանները (վերջինը՝ Լիբանանի ազգային խումբին երկար տարիներու մարզիչը), Սամուէլ Մաթոսեանը (Լիբանանի ախոյեանը 1962-ին), ՐաՖՖի Մունջօղլեանը (Լիբանանի ախոյեանը 1974-1991), Միշէլ Տէօ Շատարեւեանը (Լիբանանի փինկ-փոնկի Ֆետերասիոնի այժմու նախագահը), Հայկ Աշգարեանը, Ալեքս Աճէմեանը, Շահէ Թիւթիւնճեանը, Երուանդ Թերզեանը (Փըթի), Արա Մըսրլեանը, Սերգօ Գույումճեանը եւ տակաւին ուրիշներ:
Ո՞վ կրնայ մոռնալ փինկ-փոնկի անպարտելի այս ախոյեանները: Մինչեւ երէկ անոնք էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի փինկ-փոնկին ներկայացուցիչները լիբանանեան, ասիական եւ միջազգային մրցաշարքերուն: Անոնք էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը բարձր պահողները: Դեռ երէկ մեզմէ շատերը հիացողներն էին այդ տղոց ու աղջիկներուն: Մօտաւոր անցեալին մեզմէ շատերը ծափեցին այդ տղոց ու աղջիկներուն, խանդավառուեցան անոնց յաջողութիւններով, հոգեկան ապրումներով հպարտացան անոնց յաղթանակներով եւ աւելի ամուր կառչեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարներուն, աւելի՛ կապուեցան անոր ազգային նպատակներուն եւ հայկականութեան:
Սերունդներ-սերունդներու ետեւէն հետեւեցան այդ տղոց ու աղջիկներուն մրցումներուն, պայքարին: Սերունդներ-սերունդներու ետեւէն քալեցին, եկան եւ միացան անոնց խումբերուն: Շինիչ ու ամրապնդիչ եղաւ անոնց դերն ու առաքելութիւնը:
Այսօր կարգը հասած է նորերուն, որպէսզի այս անգամ իրե՛նք ընթանան «Բարձրացիր-բարձրացուր»ի ճամբէն: Դիւրին չէ այդ ճամբան, տեւական վերելք է ան՝ լեցուն հազար ու մէկ դժուարութիւններով, երբ չորս դին քիչ մը ամէն տեղ պարտուողական տրամադրութիւն կը տիրէ, ու երբ մարդիկ օրէ օր կը պարպուին իրենց նկարագրէն, կ’աղքատանան իրենց հոյակապ արժէքներէն եւ կը շեղին երբեմնի յաղթանակներու ճամբէն:
Արաբական աշխարհի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջիկները փաստը տուին, որ ամէնէն դժուարին կարծուած օրերուն իսկ անկարելի բան չկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար: «Նահատակ ցեղի անմահներ»ու կամքը պարտադրիչ օրէնքի պէս պէ՛տք է բարձրանայ, պէ՛տք է հասնի կատարին:
Ահա թէ ինչու մեծ ուրախութիւն է սեղմել ախոյեան մեր քոյրերէն իւրաքանչիւրին ձեռքը եւ սրտա՛նց գնահատել Հ.Մ.Ը.Մ.ականի այն ոգին, որուն շնորհիւ անոնք անսասան ու անդեդեւ կը քալեն «Բարձրացիր-բարձրացուր»ի ճամբէն, բարձր բռնած նուիրական Եռագոյնը:
Ձեր յաղթանակը շնորհաւո՜ր սիրելի քոյրեր, բարձրացէ՜ք ու քայլ մըն ալ մեզ բարձրացուցէք մեր կեանքին մէջ, մեր կեանքի՛ն համար, ուժի՜ն համար, ազգային մեր դիմագիծին ու կեցուածքին պահպանման համար:
Փա՜ռք ձեզ ծնող Հ.Մ.Ը.Մ.ին, պատիւ՝ հայութեան: