Թիւ 247 - ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակի տարին է 2003-ը: Շատ խօսքեր կրնան արտասանուիլ ու նոյնքան շատ յօդուածներ կրնան գրուիլ այս մասին, սակայն հարցում մը անպայման իր պատասխանը պիտի փնտռէ բոլորէն. ի՞նչ կ’ընէ եւ ի՞նչ կը մտածէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդը այս հանգրուանին: Ո՞ւր է ան միութեան 85-ամեայ շարունակուող երթին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հ.Մ.Ը.Մ. պահող մեծ ճիգերուն եւ զոհողութիւններուն մէջ:
Նոր սերունդն է միութեան մը ջիղը, խանդավառութիւններուն աղբիւրը եւ ամէնէն գործօն տարրը: Ան է ներկայի առողջ գրաւականը եւ ապագայի վառ յոյսը:
Հաւաքականութիւններ, միութիւններ երբ անկիւնադարձային պահեր կ’ապրին, նոր սերունդին կը յառին բնականօրէն բոլորին յոյսերը: Գիտակի՞ց է ան իր կոչումին, պատասխանատո՞ւ է իրեն վիճակուող դերին, խիտ ու ոգեւոր շարքերով պատրա՞ստ է գրաւելու աշխատանքէն պարպուող դիրքերը:
85ամեակը անկիւնադարձային պահ է, ու այս հարցումներուն պատասխանէն շատ բան կախեալ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագան:
Այլասերումը կը սկսի նոր սերունդէն: Պատմական իրագործումներու խոյանքը եւս ծայր կու տայ նոր սերունդէն, որ իր յախուռն բնաւորութեամբ ընդունակ է արհամարհելու ամէնէն դժուար կարծուած խոչընդոտները նոյնիսկ:
Հիները, որոնք աւելի կամ պակաս չափով կատարած են իրենց դերը, ուղեկիցի եւ ուղեցոյցի մեծ ծառայութիւն կը մատուցանեն՝ մինչեւ իրենց անդարձ մեկնումը: Սակայն ո՞վ պիտի լեցնէ մեկնողներուն տեղը: Ո՞վ պիտի ժառանգէ պատնէշին վրայ ինկողներուն բոցավառ ջահը, եթէ ոչ՝ նոր սերունդը:
Արդար սպասում է, որ նոր սերունդը համապատասխան արժանիք եւ նուիրում ցուցաբերէ միութենական կեանքէն ներս: Հիները հրաժեշտ պէտք է առնեն այն վստահութեամբ, որ արժանաւոր յաջորդներ ունին եւ կորովի ձեռքերու կը յանձնեն կէս ձգուած գործը:
Յատկապէս մեր օրերուն, ազգային ու բարոյական արժէքներէ ամէն օր քիչ մը աւելի պարպուելու վտանգը դիմագրաւող նոր սերունդը կրկնակի պարտաւորութիւններ պէտք է զգայ իր ուսերուն, երբ կը գործէ միութենական կեանքին մէջ, որովհետեւ իր ժողովուրդին ճակատագիրը նման չէ ուրիշներուն, իսկ իր միութեան իտէալին հետապնդումը կարելի է միայն անսահման զոհողութիւններով:
Ուրախալի է հաստատել, որ Հայաստանի թէ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներուն մէջ, հակառակ պերճանքի եւ հաճոյքի բազմաթիւ փորձութիւններուն, այսօր բեմի վրայ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդի գիտակից եւ հաւատաւոր ներկայացուցիչներ, որոնք ամենայն խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուած են միութեան նպատակներուն կենսագործման:
Սակայն ինչ որ ցարդ կատարուած է կամ կը կատարուի անոնց կողմէ՝ սխալ պիտի ըլլար բաւարար նկատելը: Աւելիին եւ լաւագոյնին ձգտումը նոր սերունդին մնայուն դաւանանքը պէտք է ըլլայ, որպէսզի լարուած մկանները չթուլնան եւ պրկուած ջիղերը շարունակեն թրթռալ հայկական ապրումներու Հ.Մ.Ը.Մ.ական տաք ալիքներով:
Չի բաւեր հարուստ եւ փառապանծ պատմութիւն մը ժառանգել: Նոր սերունդը պարտաւոր է զայն հարստացնել ի՛ր իրագործումներով, յաղթանակի ի՛ր նուաճումներով: Չի բաւեր Հ.Մ.Ը.Մ.ական անունը լոկ կրել: Նոր սերունդը պէտք է արքայական թագի պէս իր ճակատին բարձր պահէ ու արժեցնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու հպարտութիւնը:
85ամեակի հրամայականներուն ընդառաջ, այսօր, նոր սերունդին առջեւ լայնօրէն բաց են գործի եւ նուիրումի դաշտերը, զորս պէտք է հերկել ակօս առ ակօս, անկոտրում թափով եւ վարար քրտինքով:
«Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»: