Թիւ 248 - ՀԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

 

    «Նոր սերունդը» վերնագրեցինք մեր նախորդ խմբագրականը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակի առաջին ողջոյնը տուինք անոնց, որոնք կը հանդիսանան միութեան ներկային առողջ գրաւականը եւ ապագային վառ յոյսը: Չէինք կրնար մոռնալ սակայն, ու չմոռցա՛նք հին սերունդը՝ անոնք որոնք տարիքի բեռ մը ունին այսօր իրենց ուսերուն, միութենական տքնանքի եւ ծառայութեան անցեալ մը իրենց ետին:

Կար ժամանակ, երբ անոնք ալ նոր սերունդ էին, բազմութիւններուն հպարտութիւն կը ներշնչէին օր մը Ֆութպոլով, օր մը պասքեթպոլով, օր մը բանակումով, օր մը տողանցքով, օր մըն ալ լուռ աշխատանքով… : Կար ժամանակ, երբ միութեան ուժն էին անոնք, բաժակ ու շքանշան կը խլէին, դափնեպսակ ու հռչակ կը քաղէին:

Յիշատակ ձգած եւ յիշատակ դարձած այդ մարդիկը այսօր հրապարակի վրայ չեն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի սիրոյն աչքի ու մտքի լոյս մաշեցուցած, մազ ու մօրուք ճերմկցուցած  այդ սերունդը շատ բան կորսնցուցած է իր առողջութենէն, եռանդէն, բայց պահած է ամէնէն թանկագինը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր հաւատքը, ջիղն ու ապրումը:

Մարդիկ մինչեւ ձիւնափառ գագաթներ հասնիլը կը տուժեն ոչ միայն իրենց արտաքին տեսքը, այլեւ՝ իրենց ներաշխարհը, որ ժամանակին հետ կ’ենթարկուի մեծ փոփոխութիւններու, բայց տարիքի կապուած իրենց հասունութեամբ եւ փորձառութեամբ անոնք կը դառնան յաւելեալ յարգանքի ու վստահութեան արժանի:

Սխալ է կարծել, որ հին սերունդը կը ներկայացնէ ծերացած, «գործը աւարտած» մարդիկը, որոնք ըսած են իրենց կեանքին Ֆ-էն: Իրենց այբբենգիմը վերջացած է: Մարդիկ լեմոն չեն, որ քամուին, հեղուկ տան եւ մէկ կողմ նետուին: Ընդհակառակն՝ անոնք կը նմանին տարիներով շարուած համրիչին, որուն իւրաքանչիւր հատիկը կեանքի փորձառութիւն մը կը խտացնէ իր մէջ:

Իրենց յառաջացեալ տարիքին մէջ, հին սերունդի ներկայացուցիչները ծառայութեան մը, մեծութեան մը կամ նուաճուած դիրքի մը գոհունակութիւնը ունին իրենց սրտին խորը, հանրային պարտականութիւններէ եւ պատասխանատուութիւններէ քաղուած ահագին փորձառութիւններ եւ դասեր, որոնցմէ օգտուիլ պէտք է գիտնալ անպայման:

Հիներէն շատերը այսօր շքանշան կը կրեն իրենց կուրծքերուն վրայ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին բաբախող սիրտ մը անոնց տակ: Ուրիշներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրացոյցը կը կախեն,  «Մարզիկ»ը կը թերթատեն եւ իրենց անցեալը կը վերապրին: Ու կը գտնուին նաեւ անոնք, որոնք հեռուէն կը հետեւին Հ.Մ.Ը.Մ.ին, կը լսեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին, կը հետաքրքրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ով ու կը յիշեն իրենց մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը, իրե‏՛նց Հ.Մ.Ը.Մ.ը:

Ո՞վ չի գիտեր եւ համաձայն չէ, որ հին սերունդը եթէ նոյնիսկ այսօր բան չի կրնար տալ իր միութեան, սակայն իր օրհնութի՛ւնն իսկ բաւարար է:

   Հիները հայր են նորերուն. յարգա՛նք պարտադրող, հաշիւ պահանջող ներկայութիւն են անտարակոյս: Մէկական խստաբիբ նայուածք ու պահանջկոտ կեցուածք, որոնց ներկայութեան նոր սերունդը նստուածք կը շտկէ, կ’ակնածի եւ յարգանք կը տածէ իրեն հասցնող սերունդին:

Հիները կարօտ են նորերու յարգանքին. Դիոգինէսի լապտերը իրենց ձեռքին միայն մարդ չէ որ կը փնտռեն իրենց շուրջ, այլ՝ յարգանք ու հաւատարմութիւն իրենց անցեալին ու քրտինքին,  «պատուի առ»ի ողջոյն մը նուազագոյնը, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ անցեալը ներկայ ընել գիտցող հաւաքականութիւնները միայն կրնան դիմադրել ժամանակի մաշումին:

85-ամեակի տօնակատարութիւնները լաւագոյն առիթն են այդ «պատուի առ»ին: Երախտագիտութեամբ պէտք է յիշել Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին սերունդի ներկայացուցիչները, յարգելի բոլոր անունները, որոնք իրենց ջղուտ մկանին առընթեր՝ անյատակ գանձանակը ունին Հ.Մ.Ը.Մ.ի զոհաբերութեան եւ իրենց կեցուածքին ու խօսքին մէջ տակաւին կը պահեն թարմութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրաւ արժէքներուն, սրբութիւններուն, եւ որոնք եթէ անհետանան այսօր շատ բան կը կորսնցնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ընդհանրապէս եւ նոր սերունդը յատկապէս:

Տարածենք