Թիւ 249 - ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

 

Ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ այսօր, աւելի քան երբեք, մեր կեանքը պէտք ունի ներշնչումի մնայուն, կենդանի եւ տպաւորիչ օրինակներու: Օրինակներ, որոնք անտարբերները զգաստութեան հրաւիրեն, բազմութիւնները ոգեւորեն եւ հասակ նետող նոր սերունդը առաջնորդեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետապնդած ուղիով ու կատարած գործով:

Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք ունի 85-ամեայ իր արժէքներու արժանաւոր պաշտպաններուն: Փաստօրէն, սկաուտութիւնը այսօր տեղքայլ կ’ապրի ոչ թէ պատասխանատուներու չգոյութեան պատճառով, այլ՝ անոր համար որ հետզհետէ կը նուազին սկաուտութեան վեհ սկզբունքները իրենց իտէալը, մտածումն ու կեանքը դարձուցած հաւատաւորները: Մարզախաղերը, նոյնպէս, եթէ տեղ-տեղ որոշ նահանջ կ’արձանագրեն, պարզապէս որովհետեւ շատեր գաղափարական տեսլականէ պարպուած, զանոնք միջոցէ աւելի նպատակ կը նկատեն եւ կը մոռնան, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սոսկական ակումբ չէ, այլ՝ մարմնակրթական միութիւն է:

Որեւէ միութեան անդամակցութեան որոշումը իրեն հետ անպայմանօրէն կը բերէ կարգ մը պատասխանատուութիւններու գիտակցութիւն, առանց այդ գիտակցութեան՝ անհատի մը ներկայութիւնը միութենէն ներս կը դառնայ անուանական: Անդամակցութիւնը լուծ մըն է, զոր կը ստանձնեն բոլոր անոնք, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն տուեալ միութեան մը պատկանելու, ինչպէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Այդ լուծը յաճախ ծանր է, սակայն երբ անոր կ’ընկերակցի զոհողութեան եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը, կը դառնայ գնահատանքի եւ քաջալերանքի արժանի: Ահա այդ գիտակցութեամբ տիպարներ կը փնտռուին այսօր միութենական կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ: Ներշնչումի աղբիւր դառնալիք դէմքեր, որոնք կարենան խօսքով ու գործով համոզիչ ներկայութիւն ըլլալ, ընդհանրական սկզբունքներու շուրջ խանդավառութիւն ստեղծել եւ ամէն գնով յաջողիլ իրենց հետապնդած նպատակներուն մէջ:

Միութեան մը կենսունակութիւնը պայմանաւորուած է ներշնչումի իր աղբիւրներուն քանակով եւ որակով: Որքան միութիւն մը հարուստ ըլլայ իր հիացումին արժանի եղող դէմքերով ու դէպքերով, այնքան կապուած կ’ըլլայ իր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն: Այսօրուան մտահոգութիւնը, տագնապը, յուսախաբութիւնն է, մեր շատ մը  ակնկալութիւններուն անպատասխան մնալն է, մեր երազած ու փնտռած ներշնչումի օրինակներուն յարաբերական բացակայութիւնն է:

Մեզի ներշնչումի տեւական օրինակներ պէտք են: Բայց արդեօ՞ք կը պակսին: Երբեք կը փնտռե՞նք: Երբեք կը ստեղծե՞նք: Ինչո՞ւ Գրիգոր Յակոբեաններու, Լեւոն Աբգարեաններու, Նշան Թիւյսիզեաններու եւ Յովհաննէս Թերճանեաններու օրինակները չներշնչեն մեզ, եւ ինչո՞ւ հետաքրքրութիւնը նուազի սկաուտութեան եւ անոր սերնդակերտ առաքելութեան հանդէպ: Կը բաւէ ծանօթանալ առաքելատիպ այդ նուիրեալներու կեանքին ու վաստակին՝ հպարտութեամբ լեցուելու համար հայ սկաուտութեան նուաճումներով: Ու դեռ, Շաւարշ Քրիսեաններու, Գրիգոր Նիզիպլեաններու, Յովհաննէս Շահինեաններու եւ բազմաթիւ ուրիշներու օրինակը բաւարար չէ՞ վառ պահելու համար հայ մարմնամարզի տարբեր ճիւղերուն ծառայութեան սէրը:

85-ամեայ փառաւոր անցեալով միութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.: Այդ պատմութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը ունի իր պայծառ դէմքերը եւ յիշատակելի նուաճումները: Հզօր կարելի է մնալ այն ատեն միայն, երբ լոյսին կը բերենք անցեալի բոլոր արժէքները եւ ներշնչումի օրինակներու կը վերածենք զանոնք:

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին նկարագիրը անաղարտ կը մնայ, երբ իր առօրեային մէջ կ’ունենայ անսպառ ներշնչում եւ եռանդ: Միութենական կեանքը կազմակերպ ու առողջ կ’ըլլայ, երբ անբասիր նկարագրով, զոհողութեան եւ հաւատքի առաքեալներ կ’ըլլան:

Մտահոգութիւնը որոշ է. ներշնչումի եւ ոգեւորութեան օրինակներ պէտք են ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ: Ինչո՞ւ չգտնենք զանոնք, եւ ինչո՞ւ չստեղծենք…    

Տարածենք