Թիւ 250 - ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

Միութենական կեանքի կապուած որեւէ երեւոյթ արդար հպարտութիւն մը ապահովելու համար պէտք ունի մէկէ աւելի բարենիշներու, որոնց ընդհանուր գումարը նոյն այդ միութեան արժանապատուութիւնն է եւ մակարդակը: Մտքի եւ հոգիի՛ մակարդակը:

Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր ամէն ինչ կը կրէ իր ժամանակին ազդեցութիւնը: Սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ, երբ մեր շուրջի յառաջդիմութեան անհատաբար մասնակից ենք բոլորս, ի՞նչպէս կրնանք ընդունիլ, որ տեղ-տեղ տակաւին նախնականութիւն մը տիրէ հաւաքական մեր կեանքէն ներս:

Մարդու մը նկարագիրը, ինչպէս հաւաքականութեանը, ի շարս այլոց պայմանաւորուած է կամքով, որ խորհրդանիշ է բարձրացումի: Այդ կամքը ձեռք կը բերուի առօրեայ կեանքի մէջ յստակ նպատակներու հետապնդումով, որ ամէն օր մարդը քիչ մը աւելի կը մօտեցնէ յաջողութեան: Պայմանը տարուէ տարի բարեշրջուիլն է եւ ոչ թէ նահանջելն ու լաւագոյն պարագային տեղքայլ ընելը: Այդ պարագային ցոյց տրուող յարատեւութեան կու տան յամառութիւն բացատրութիւնը, որ այնքան ալ պատուաբեր վկայութիւն մը չէ:

Յամառութիւն, տեղքայլ կամ նահանջ չէ՞, երբ զանազան ձեռնարկներ, հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ ամէն տարի տեղի կ’ունենան գրեթէ անփոփոխ յայտագիրներով: Որքա՞ն հաճելի է ձեռնարկներու յայտագիրներուն մէջ տեսնել նոյն անունները երգողներու եւ արտասանողներու իրենց հազար անգամ երգած ու արտասանած կտորներով: Ու որքա՞ն ճիշդ է կազմակերպուող ձեռնարկներուն յաջողութիւնը փնտռել ժամանակին որդեգրուած ու յաջողած ձեւերու կրկնութեան մէջ, առանց որեւէ նորութիւն կամ արդիականութիւն ներմուծելու անոնց: Հին կամ հնաբոյր յայտագիրներու ներկայացումը ձեռնարկներու ընթացքին անտարակոյս մտածել կու տայ, որ այդ ձեռնարկներուն հանդէպ ցուցաբերուող հոգածութիւնը շատ բան կը պակսեցնէ անոնց արժանաւորութենէն եւ… տարուէ տարի մեծ թիւ կը նուազեցնէ ներկաներէն: Ձեռնարկ կազմակերպելու բարի տրամադրութիւններու կողքին, եւ այդ տրամադրութիւնները գնահատող անկեղծ շնորհաւորութիւններէն ետք՝ արդար է տեսնել նաեւ մակարդակի մտահոգութիւնը այդ ձեռնարկներու կազմակերպիչներուն մօտ:

Ձեռնարկներու մէջ մրցանիշ կոտրողները մէկ կողմէ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներն են, իսկ միւս կողմէ՝ օրացոյցի եւ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքները: Պարզ է, միութիւններ ստիպուած  են իրենց պիւտճէն հաւասարակշռել, որովհետեւ չունին եկամուտի մնայուն աղբիւրներ իրենց ծրագիրները իրագործելու համար: Բայց իրենց անդամներու եւ համակիրներու քաջալերական մասնակցութեան դիմաց ի՞նչ կը վերադարձնեն անոնք իբրեւ համապատասխան փոխարժէք:

Ձեռնարկներ չե՞ն նաեւ մարզական թէ սկաուտական աւանդական հանդէսները, որոնք տարուէ տարի «զիրար կը գերազանցեն» իբրեւ յաջողութիւն…: Անպայման քննադատական ոգի ցուցաբերելու կարիքը չկայ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի միութենական ձեռնարկներու, որոնք ծանօթ են բոլորին, թէ ինչպիսի՜ դժուարութիւններով եւ զոհողութիւններով մէջտեղ կու գան: Մեր ջաղացպանը չենք փոխեր աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդուն հետ: Սակայն հարցը այն է, որ այսօր շատերու մօտ կը բացակայի մակարդակի գիտակցութիւնը: Ինչպէս դիւրին է յօդուածի մը կամ թղթակցութեան մը խորագիրը ճշդելը, առանց բովանդակութիւնը խորագիրին արժանի դարձնելու մտահոգութեան, այդպէս ալ շատ դիւրին է կատարուելիք ձեռնարկի մը յաջողութիւնը նախօրոք ճշդել՝ տոմսերու վրայ կազմակերպիչներուն իսկ կողմէ գնահատականներ տալով.- «բացառիկ», «մեծ», «մեծաշուք» եւ այլն: Եւ ի՞նչ: Կը պատահի որ ձախողութիւն արձանագրուի եւ ներկաները, որոնք «իրաւունք չունին» դժգոհ մնալու՝ կը մեկնին գլխահակ, սպասելով «աննախընթաց» ձեռնարկներ ծանուցող նոր տոմսերու:

Միութեան 85-ամեակը առիթ մըն է լրջօրէն խորհրդածելու այս երեւոյթին շուրջ եւ մտածելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը իրապէ՛ս արժանի դարձնող ձեռնարկներու մասին միայն:

Տարածենք