Թիւ 253 - ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՎՍՏԱՀԻԼ

 

Կը բաւէ ուշի-ուշով կարդալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովի թղթապանակէն առնուած եւ այս թիւին առաջնորդող էջերով ներկայացուած ընդհանուր ակնարկը՝ գիտնալու համար տարողութիւնը երախտարժան այն մեծ գործին, զոր 85-ամեայ այս միութիւնը կը կատարէ, հակառակ զինք շրջապատող բազմապիսի աննպաստ պայմաններուն։

Ու կարդալէ ետք, կ’արժէ անպայման խորհրդածել այն միւս՝ մեծ զանգուածին մասին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կամ հայկական որեւէ այլ միութեան մաս չկազմելով՝ մեղկ ու անհոգ, ինքզինք բոլորովին հեռու պահած է հայկական միջավայրէ եւ մինչեւ իսկ անդամակցած է օտար ակումբներու, հայ հոգիի եւ ինքնութեան կատարեալ անձնատուութեամբ։

Օտարասիրութիւնը մեր մօտ անբուժելի ախտ է։ Համաշխարհայնացումի հմայիչ ու կլանիչ պայմաններուն մէջ յատկապէս, շատեր դիւրութեամբ կը տարուին օտար արժէքներով, յաջողութիւններով ու միութիւններով, առանց անդրադառնալու որ հայութիւնն ալ ունի նոյնքան կարեւոր արժէքներ, յաջողութիւններ եւ միութիւններ։

Դժբախտաբար, քիչ չէ թիւը այն ծնողներուն, որոնք ստորադասութեան մտայնութենէ մղուած՝ կամ ապագայի ինչ-ինչ հեռանկարներէ շլացած՝ իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն օտար շրջանակներ։ Իսկ որո՞ւն ծանօթ չէ անխոհեմ այդ քայլին հետեւանքները. օտար միութիւններու մէջ հասակ առնող մանուկները կը դարբնուին օտար շունչով, աստիճանաբար կ’անջատուին իրենց արմատներէն եւ օրին մէկն ալ կ’այլասերին ու կը կորսնցնեն իրենց նկարագիրը: 

Ճիշդ է, հայկական միութիւններու ակմբային թէ աշխատանքային պայմանները միշտ չէ որ գոհացում կու տան բոլորին ակնկալութիւններուն, բայց ինչո՞ւ մոռնալ, որ այդ միութիւնները իրենց արտաքին երեւոյթներէն անդին՝ նե՛րսը ինչքա՜ն մեծ ու նուիրական գործ կը կատարեն, համաձայն իրենց կոչումին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրինակը խօսուն է. սկաուտութեան կամ մարզախաղերու ճամբով ան իրեն դիմող մանուկին կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն։ Զայն հաղորդակից կը դարձնէ իր լեզուին, պատմութեան, արժէքներուն եւ բարքերուն։ Ազգային հպարտութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումը կը սերմանէ անոր մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարազատ մթնոլորտի մէջ, հայ մանուկը կը սորվի հայեցի ապրումներով  զգալ ու մտածել, հայու ջիղերով ապրիլ իր առօրեան։ Այլ խօսքով՝ ան հարազատօրէն կը կրէ հայու ոգին: Այն ոգին՝ որ շարժիչ զօրութիւնն է մեր ժողովուրդին հաւաքական ապրումներուն, մտածումներուն եւ ձգտումներուն։ Այն ոգին՝ որուն շնորհիւ ան կուրծք կու տայ իր հայեցիութեան սպառնացող վտանգներուն եւ զերծ կը մնայ իր միջավայրին խորթ ազդեցութիւններէն:

Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները նկարագրի կազմութեան կարեւորագոյն հանգրուաններն են: Այդ հանգրուաններուն մանուկները կապկող ու հետեւող են. զանոնք դիւրութեամբ կարելի է կրթել եւ հիմը դնել անոնց ապագայ նկարագրին, եթէ… ծնողներ իրենց խղճին գերագոյն պարտքը նկատեն վստահիլ հայկական միութիւններուն եւ, ամէնէն առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Իսկ ինչո՞ւ չվստահիլ: Գէթ չփորձել անգամ մը:

Տարածենք