Թիւ 9 - ՄԵՐ ԴԻՒՑԱԶՆԱՎԷՊԻՆ ՈԳԻՈՎ
Լոյսի ու խաւարի պայքար մըն է կեանքը, չարի ու բարիի գօտեմարտ մը։
Լոյսի ջահագնացութիւն մը խաւարին դէմ՝ Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը այն վայրկեանէն, երբ սուրա՛ց Հայկ Նահապետին հրեղէն նետը դէպի Բելի նենգ սիրտը։
Արի ու բարի գործերու սխրանք մը՝ ցուցանիշը մեր գոյապայքարին այն օրէն ի վեր, երբ Սասունցի Դաւիթ զարկա՛ւ ոսկի կշռող պղինձէ թասը՝ հայ ժողովուրդը հարստահարող, հայ ժողովուրդի արդար քրտինքին բերքը կողոպտող՝ Բադինի ու Կոզբադինի նման վաշխառուներու գլխուն։
Ս. Էջմիածինի եւ Զուարթնոցի գեղակերտ գմբէթներուն տակ լոյսի, մտքի ու հոգիի գեղեցկութեան պաշտամունքին նուիրաբերութենէն առաջ ու ետք իր Նաւասարդեան խաղերով եւ այրուձիով՝ հայ ժողովուրդը վկայութիւնը տուաւ, թէ «հողէ անօթ»ը լաւագոյնս կոփել ու թրծել անհրաժեշտ է զայն աշտանակ ծառայեցնելու համար սրբազան, յաւերժական լոյսին։
Նարե՛կ գրեց, բայց «Առաւօտ Լուսոյ» արձագանգող քաղցրահունչ կամարներէն չհեռացուց Անահիտն ու Վահագնը։ Հին ու նոր աստուածները միասին բնակեցուց իր սրտին մէջ ու յարկին տակ։ Եւ անոնց եղբայրացումէն, կենակցութենէ՛ն ծնաւ այն սերունդը, որ անհրաժեշտ պահուն ու պարագային խաչով ու սուրով հրաշակերտեց Աւարայր, Սարդարապա՛տ։
Դիւցազնակերտ այդ սերունդին դափնեկիր ներկայացուցիչները հանդիսացան նաեւ երէկ՝ հռոմէական մարզադաշտերը դղդրացնող արքայազուն Վարազդատները, այսօր՝ միջազգային ողիմպիականներուն առիւծի բաժինը խլող Վարդանեանները։
Մոսկուայի ողիմպիական մարզադաշտը փակած է արդէն իր դռները։ Բայց տուն վերադարձող Անահիտի եւ Վահագնի շառաւիղները՝ Վարդանեաններ, Ազարեաններ կամ Սիրվարդ Էմիրզեաններ երդուած են չքնանալ իրենց դափնեպսակներուն վրայ, այլ նորէ՛ն ճգնիլ՝ նոր մրցանիշներ հաստատելու ի խնդիր, այլ մանաւանդ, չորս տարի ետք աւելի մեծ թիւով ախոյեաններ հասցնելու համար Լոս Անճելըսի դիւցազնահանդէսին։
Հայ մկանին ու մկունդին ապահոված այս դափնիներն ու ախոյեանութիւնները տօնական օրերու հպարտառիթ պերճանքները չեղան լոկ, այլ ամէնօրեայ շարժո՛ւմ, ազգային դաւանանքի մը հանապազորդ հացն ու մակընթացութիւնը։
Վկայ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մշտանորոգ շարքերը եւ մարզիկները ի սփիւռս աշխարհի։ Վկա՛յ՝ մարզականին զուգահեռ՝ կենսունակ միւս շարժումը, որ կը կոչուի սկաուտութիւն, հայ սկաուտութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւն, որ «հրաթեւ տորմիղներով եւ կամաւոր բանակներով» հայ երիտասարդութիւնը կþառաջնորդէ դէպի ոգեկան բարձունքներ։
Մեր պատմութեան ճամբով, մեր դիւցազնավէպին ոգիով։
Յարանորոգ ճիգ ու կենսունակութիւն՝ առանցքը մեր կեանքին։
Պարտութիւնները մարզական ոգիով դիմակալելու ասպետականութիւն եւ զանոնք յաղթանակի վերածելու մաքառման աննահանջ կորո՛վ, քաջութիւն։
Հայ երիտասարդութիւնը՝ բոլորի՛ն, բոլորի՛ն իրաւունքները ճանչցողն ու յարգողը։ Բոլորին ուղեկիցը՝ Լոյսի ճամբուն վրայ։
Բայց նաեւ՝ Հայկ Նահապետին սուրացող նետը խաւարին դէմ, անարդարութեան դէմ։
Այլասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն՝ անպայմա՛ն եւ առաջին հերթին։ Բայց իր ալ իրաւունքը ոտնակոխուած չտեսնելու, արդար դատը արժեցնելու վճռակամութիւն եւ զոհաբերութիւն։
Ա՛յս է պատմութեան պատգամը եւ դարերու վճիռը, ապագայի վազքուղին։