Թիւ 254 - ՅԻՇԵՆՔ, ՅԻՇԵՑՆԵՆՔ

 

Յիշենք՝
1992-ին, չմշկումի Ֆրանսացի ախոյեան Ժան-Քլոտ Քէլի Ալպերվիլի ձմեռնային ողիմպիականի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ՝ իր մարզաձեւին մէջ ունեցած հարուստ փորձառութեան համար։     
Քանի մը տարի առաջ, Ֆութպոլի առասպելը՝ Փելէ, Պրազիլի արտակարգ եւ շրջուն դեսպանը հռչակուեցաւ՝ երկրին մարզական կեանքին բերած իր մեծ ներդրումին համար։

Ամիսներ առաջ, ձողով բարձրութիւն ցատկելու աշխարհի մրցանակակիր` Սերգէյ Պուպքա, Ուքրանիոյ ազգային պարծանքը, նշանակուեցաւ երկրի վարչապետին ընկերային հարցերու խորհրդատուն։

Ու դեռ չենք թուեր անունները հազարաւոր այլ մարզիկներու, որոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն ճամբով՝ տարիներու ընթացքին բարոյական եւ նիւթական մեծ գնահատանքներու արժանացան, երջանիկ կեանք մը ունեցան եւ  հանգիստ ծերութիւն մը ապահովեցին։

Յիշեցնենք՝ 
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան վաստակաւոր ատենապետ եղբ. Վահէ Դանիէլեան քանի մը տարի առաջ Ծառայութեան շքանշան ստացաւ… Մ. Նահանգներու ծերանոցներէն մէկուն մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի Ֆութպոլի աննման դէմքերէն եղբ. Աբրահամ Քէշիշեան Ապրիլին մահացաւ Հալէպի Ազգային Ծերանոցին մէջ։ Իր սերնդակից Համազասպ Արզումանեանը ամիսներ ետք, առանձին մեռած գտնուեցաւ իր տան մէջ եւ հազիւ համեստ թաղումի մը արժանացաւ։

Վազգէն Տէր Ղուկասեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ֆութպոլի այլ կուռք մը, այսօր կը մնայ Պէյրութի Ազգային Ծերանոցին մէջ, իր կարգին սպասելով դժբախտ վախճանին։

Յիշենք, յիշեցնենք՝
Դառնութեա՛մբ, կսկիծո՜վ, օտարներէն անպայման դաս մը քաղելու թելադրութեամբ եւ ոչ թէ պատասխանատուութեան բաժիններ ճշդելու մտադրութեամբ։ Այս պարագային փաստն է կարեւորը, եւ փաստը ցոյց կու տայ, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նօսրացող սերունդի ներկայացուցիչներէն շատերը, վերոյիշեալներուն օրինակով, իրենց կեանքի վերջալոյսին երջանիկ չեղան։ Եթէ իրենց միութեան կողմէ չմոռցուեցան անոնք, շքանշանի եւ հոգատարութեան արժանացան, սակայն շատերու կողմէ անտեսուեցան ու լքուեցան։ Քիչերը միայն զանոնք շրջապատեցին ջերմութեամբ ու գուրգուրանքով։ Երախտաւորները միայն յիշեցին անոնց փառքի օրերը եւ հարց տուին, թէ ա՞յս պիտի ըլլար վարձատրութիւնը անոնց, որոնք իրենց երիտասարդութեան քրտինքը թափեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաշտերուն եւ ակումբներուն մէջ, իրենց կեանքի հասուն տարիները մաշեցուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ապրումներով եւ տագնապներով։

Արժանապատիւ ծերութիւն մը, աւելի բարօր կեանք մը կարելի չէ՞ր ապահովել անոնց, որոնք տարիներով գոյն եւ ձեւ տուին մեր կեանքին, հպարտութիւն եւ արժանապատուութիւն՝ յաջորդական սերունդներու։ 

Վստահաբար ժամանակը պիտի դատէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին գործն ու արժէքը։ Պիտի դատէ մանաւանդ՝ նկատի առնելով այն միջավայրն ու պայմանները, ուր անոնք գործեցին անսահման նուիրումով։

Ճիշդ է, «մեծ մարդիկ» չէին անոնք՝ բառին շուկայիկ իմաստով։ Չունէին պոռոտ գիծեր, որոնցմով դէմք կը յարդարեն ցուցամոլները։ Բայց անոնց փոխարէն, մա՛րդ էին, հաւատաւոր միութենականներ էին, բառին կատարեալ ու ազնուագոյն առումով։ Թերեւս ունէին թերութիւններ, սակայն ունէին մէկ հիմնական, անժխտելի արժանիք.- իտէալ, սէր եւ հաւատք Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագային։

Յիշենք, յիշեցնենք՝
Այսօր, վաղը, այլեւ՝ ամէ՛ն օր, որովհետեւ մեծ է եւ մեծ կը մնայ այն հաւաքականութիւնը, որ արժանին հատուցել գիտէ զինք ապրեցնողներուն ու պատմութեան կապողներուն։

Տարածենք