Թիւ 255 - ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ
Զոհաբերութեան զգացումը մարդկային առաքինութիւններու մաս կազմող լաւագոյն բարեմասնութիւններէն մէկն է։
Սկաուտական թէ մարզական կեանքի առաջին քայլերէն իսկ՝ զոհաբերութեան ոգին կը սերմանուի մատղաշ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգիին ու մտքին մէջ, որպէսզի կեանքի ամէնօրեայ թաւալումին հետ անիկա նկարագիր դառնայ եւ ազգային դաստիարակութեան կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսանայ։
Իր իրաւունքներէն կամաւոր կերպով հրաժարելով՝ ուրիշին օգտակար ըլլալու զգացում մըն է զոհաբերութիւնը: Փոխադարձ յարգանքի եւ զիջողութեան վրայ հիմնուած բարի տրամադրութիւն մը, որ ժամանակի ընթացքին կը վերածուի սովորութեան։
Սովորութիւնները վարժութեամբ ձեռք բերուած ունակութիւններ են։ Անոնց լաւը Հ.Մ.Ը.Մ.ականին մէջ կը զօրացնէ նկարագիրի ազնիւ գիծեր, մինչդեռ վատն ու յոռին, ընդհակառակն՝ զայն կը դարձնէ եսասէր ու անձնապաշտ։
Եթէ փոքր զրկանք մըն է հրաժարիլ անձնական հանգիստէն ու ժամանակէն եւ զայն յատկացնել վսեմ նպատակի, փոխադարձ հոգեկան վայլելք մըն է անոր դիմաց ստացուած յաջողութիւնն ու բերկրանքը։ Ահա այս զգացումն է, զոր պէտք է խորացնել յատկապէս կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մօտ, գործնապէս անոնց սորվեցնելով ինչպէ՛ս օգտակար ըլլալ իրենց հասակակիցներու աշխատանքներուն: Անոնք վաղուան մեծերը դառնալով, բարոյական նման դաստիարակութեամբ, պիտի ըլլան տիպար քաղաքացիներ, հայեր ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:
Տեւաբար լաւին ու կատարեալին ձգտումը, եւ ամէն օգնութեան ու զոհաբերութեան «Միշտ պատրաստ» ըլլալը առինքնող երեւոյթ է, որուն գիտակցիլն ու իրականացնելու ամէնօրեայ ճիգը հպարտութեան առիթ կրնայ ըլլալ ոեւէ պատանիի կամ պարմանուհիի, որ կու գայ իր կամքը ձուլելու մարմին ու հոգի մշակող այն հնոցին մէջ, որ ծանօթ է Հ.Մ.Ը.Մ. անունով:
Միութեան գաղափարական դրօշին տակ, խանդավառութեամբ ու արդար հպարտութեամբ, զոհաբերուելու բարձրագոյն հաճոյք մը կայ, որ կը վերածուի տեւական վայելքի, եթէ միութենականներ այդ սովորութիւնը զարգացնեն իրենց նկարագիրին մէջ։
Տալու, նուիրաբելու, նուիրելու զգացումը խորանալով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը դարձնէ անձնուէր, մարդասէր ու ազգասէր։ Յատկութիւններ, որոնցմով ոեւէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կը նպաստէ միութեան վերելքին ու զարգացման:
Սրբել տկարին արցունքը, զոհել իր ժամանակին մէկ մասը նմանին օգտակար դառնալու նպատակով, ազնուական հոգիներու կեցուածք է: Իսկ կարելի՞ է տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականը պատկերացնել առանց այդ կեցուածքին, որ այլ արժանիքներու կողքին, զայն սիրելի պիտի դարձնէ բոլորէն, իսկ իր պատկանած միութիւնը պիտի վերածէ բոլորին սրտին խօսող հաւաքականութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը հարուստ է զոհաբերութեան օրինակներով։ Զոհաբերութիւնը դարձած է 85-ամեայ այս միութեան բարոյական հիմնական սիւներէն մէկը, որ հոգեկան բարձրութիւն եւ կորով կը ներշնչէ բոլոր անոնց, որոնք որոշած են մկրտուիլ հայածին ու հայադրոշմ այս միութեան սրբագործող աւազանին մէջ:
Զոհաբերութեան բազմաթիւ օրինակներով նորահաս սերունդը պէտք է կրթել կանուխէն, որպէսզի վաղուան իր երթին մէջ, տագնապի թէ ուրախութեան ժամանակ, իր ամբողջ կարելիութեամբ ան կարենայ պատասխանել «Մի՛շտ պատրաստ», ու յարատեւ բարձրանայ, իր հետ բարձրացնելով նաեւ անոնք, որոնց աչքերը սեւեռած կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն ու նպատակին:
Միութիւններու յաջողութիւններն ու նուաճումները պայմանաւորուած են զոհաբերութեան տրամադիր անդամներու բազմութեամբ։ Խորացնե՛նք այդ ոգին հասակ նետող մերօրեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մօտ, որպէսզի երբեք չկասի խանդավառ սլացքը հայութեան «կամաւոր բանակ»ին, իբրեւ անխոնջ ուղեւորը անոր յաւիտենականութեան, փաստը՝ կենսունակութեան, գրաւականը՝ անոր ուժին ամրապնդման: