Թիւ 256 - «ՈՎ ՀԱՅ ԱՐԻ» (ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

     Պատեհ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 85-ամեակի նշումէն առաջ, ոգեկոչել հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 90ամեակը։

Սկաուտութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազկերակն է։ Շատ բան ըսուած է անոր մասին։ Իրատես ըլլալու համար պէտք է 90 տարի ետ երթալ, առաջին Աշխարհամարտը նախորդող տարիները, փոխադրուիլ Պոլիս, ազգային-մշակութային եռուզեռի այդ քաղաքը, կարելի հարազատութեամբ չափելու համար արժէքը այն շարժումին, որուն առաջնորդները եղան բուռ մը տեսլապաշտ մարդիկ, որոնք իրենց տեսիլքով լուսաւորեցին հայ երիտասարդութեան ուղին։

Սկաուտական միջազգային շարժումի ստեղծումէն հինգ տարի ետք, գտնուեցան հայեր, դաստիարակ ու մանկավարժ մարդիկ, որոնք իսկոյն ըմբռնեցին անոր կարեւորութիւնը՝ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եղան անոր նախակարապետները եւ անմիջապէս գործի լծուեցան Պոլսոյ խանդավառ մթնոլորտին մէջ, Ֆիզիքական, հոգեկան ու բարոյական ազնիւ դաստիարակութեամբ պատրաստելու համար ապագայ հայը, առողջ մարմնի մէջ առողջ մտքով երիտասարդը, որ հարազատ ժառանգորդը պիտի ըլլայ իր արի արանց պապերուն։

Ճիշդ է, քաղաքական փոթորիկներ պահ մը իր թափին մէջ կասեցուցին հայ սկաուտական շարժումը, բայց չյաջողեցան արմատախիլ ընել զայն, որովհետեւ նետուած սերմերը բարերար էին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեամբ այդ սերմերը ծլարձակուեցան ու դարձան մէկական ծառ, որովհետեւ Տիգրան Խոյեաններու, Վահան Չերազներու եւ Հայկ Ճիզմէճեաններու սերունդը գիտցաւ վստահութեամբ դիտել ապագան, հաւատա՛ց իր ճիգերու ուժին եւ իտէալին յաւերժութեան։

Ինչպէս համամարդկային ամէն շարժում, սկաուտութիւնն ալ սակայն պարզապէս չփոխադրուեցաւ մեր կեանքէն ներս։ Հ.Մ.Ը.Մ. հայացուց զայն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը կոչուեցաւ Արի ու «Միշտ պատրաստ» նշանաբանին տեղ որդեգրուեցաւ սկաուտութեան նպատակը աւելի խոր կերպով արտայայտող ուրիշ մը՝ «Բարձրացիր-բարձրացուր»ը. նշանաբան մը, որ սկաուտական միջազգային շարժումի ղեկավարներուն իսկ խոստովանութեամբ՝ յատուկ արժէք տուաւ սկաուտութեան առաքելութեան։

Այսպէս, առաքելութեան ընդմէջէն յստակ դարձաւ, որ սկաուտը այն չէ, որ շաբաթը անգամ մը կամ տօնական օրերուն տարազ կը հագնի եւ զանազան ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու կարգապահութեան կը հսկէ։ Սկաուտը, ամէն բանէ առաջ, Քիփլինկի բնութագրած ապագայ մարդն է, պատանին ու երիտասարդը, որ մարմնի, մտքի եւ հոգիի առողջութեամբ կը պատրաստուի ազգային ու մարդկային գալիք պատասխանատուութիւններուն։

Անցնող 90 տարիներուն շատ բան փոխուեցաւ հայ կեանքէն ներս, սակայն պահանջը մնաց միեւնոյնը. մեր շուրջ ունենալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պատրաստուած սերունդ մը, որ անցած ըլլայ սկաուտութեան բովէն, անոր առողջարար մթնոլորտէն եւ գործէ հանրային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, դառնայ փնտռուած ուժ, փնտռուած ներկայութիւն, եւ իր պարտաճանաչութեամբ, բծախնդրութեամբ ու վստահելիութեամբ զատորոշուի բոլորէն։ Սերունդ մը, որ երբ տողանցէ՝ հպարտութեամբ ուռեցնէ սխրանքի կարօտ հայոց կուրծքերը, մանաւանդ օտար աշխարհի մէջ:

Յատկապէս մեր օրերուն, երբ յոռի բարքեր ամէն տեղ աւերիչ դեր կը կատարեն պատանեկան ու երիտասարդական շարքերէ ներս, սկաուտական շարժումը սպասելի է որ արժանանայ բոլորին քաջալերանքին եւ հոգածութեան, որպէսզի ան վերստին դրուի այն պատուանդանին վրայ, ուր կ’ուզէին տեսնել շարժումին հիմնադիրները, ու որպէսզի, իր վեհ սկզբունքներով, անոր շարքերը տեւաբար բազմանան, ուռճանան, կազմեն «հրաթեւ բանակ», միշտ պատրաստ ծառայելու հայութեան եւ հայրենիքին։

Տարածենք