Թիւ 257 - «ՏՈՐՄԻՂ ՀՐԱԹԵՒ»

 

     Հայ երիտասարդութեան տօնն է դարձեալ։ Տօնը բոլորին, համայն հայութեան ազնուասիրտ հայորդիներուն, որոնք հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական դրօշին տակ, ուրախութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը նշեն 85-ամեակը հայանուէր այս միութեան, որ մեր կեանքին հրաշքներէն մէկը եղաւ իրաւամբ, հայ ժողովուրդի վերանորոգ կամքին արտայայտութիւնը, փաստը՝ անոր կենսունակութեան, գրաւականը՝ անոր անմահութեան։

1915-ի Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, բուռ մը տեսլապաշտներու երկունքէն ծնած, շուտով հայութեան գուրգուրանքին արժանի դարձած միութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ., որուն ծրագիրներուն եւ նպատակին մէջ հայ ժողովուրդը բնազդօրէն զգաց ու տեսաւ ցեղը ազնուացնող, անոր մարմինն ու հոգին մշակող այն հնոցը, ուր պիտի գային ձուլուելու բոլոր կամքերը՝ դառնալու համար մէ՛կ ուժ.- ուժը հայ երիտասարդութեան։
Նախ Պոլիս, ապա իր ժողովուրդին հետ տարագիր, Հ.Մ.Ը.Մ. արմատ նետեց եւ ուռճացաւ ամէնուրեք։ Ապրեցաւ ամէնուն շունչովը, բոլորին համար։ Կամուրջ նետեց գաղութէ-գաղութ, կենդանի կապ ստեղծեց բոլորին միջեւ։ Օղակեց զանոնք իրարու։ Ու երբ բացուեցան «դռներն յուսոյ», վերադարձաւ հայրենիք՝ հաւատքո՛վ եւ գիտակից խանդավառութեամբ։

Հաւատք եւ խանդավառութիւն, որոնք ծնունդ կ’առնէին այն առաքելութենէն, որուն Հ.Մ.Ը.Մ. ծառայեց ու պիտի շարունակէ ծառայել, հաւատարիմ՝ իր հիմնադիրներու նուիրական պատգամին։ Հաւատարիմ՝ այն արժէքներուն, որոնք ո՛չ ժամանակ կը ճանչնան, ո՛չ ալ աշխարհագրական սահման։ Կու գան հինէն, բայց չեն հիննար, ու կ’երթան ապագային՝ չեն աժաննար։

Անհատին մէջ մարդը եւ մարդուն մէջ հայը կերտող ու հոգեպէս հարստացնող միութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ., որ վաղանցուկ յաղթանակներէն եւ խաբուսիկ փառքերէն անդին փնտռեց ու գտաւ այն ոգին եւ գաղափարական ուժը, որ ճամբայ բացաւ իր աննահանջ երթին։ Ու եթէ այսօր, պահ մը փորձենք ետ նայիլ, ընդգրկելու համար այն տարիները, զորս ապրեցանք 85-ամեայ այս միութեան գաղափարականով եւ սկզբունքներով, անպայմանօրէն պիտի անդրադառնանք, թէ ի՜նչ կրնար ըլլալ մեր կեանքը առանց Հ.Մ.Ը.Մ.ի, առանց անոր կուռ շարքերուն, որոնք հայ երիտասարդութիւնը պատրաստեցին հայ կեանքի զանազան մարզերէն ներս արդիւնաւոր գործունէութեան, հոգեկան բարձրութիւն եւ կորով ներշնչեցին սերունդներու, որոնք եկան մկրտուելու հայածին ու հայադրոշմ այս միութեան սրբագործող աւազանին մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդմէջէն, անոր ցուցաբերած ազնիւ ոգիին, կարգապահութեան եւ անձնուիրութեան շնորհիւ, օտարները առաւելագոյն չափով ճանչցան հայը իր հարազատ գիծերով։ Ու այս փոքրագոյնը չեղաւ այն նպաստներուն, որ Հ.Մ.Ը.Մ. բերաւ իր ժողովուրդին, կողքին այն միւս արժանիքներուն, որոնք զուտ հայկական գետնի վրայ, անկրկնելի այս միութիւնը դարձուցին բոլորին սիրելի, բոլորին սրտին խօսող հաւաքականութիւն մը հայ երիտասարդներու, որոնք աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին, տարբեր պայմաններու եւ հնարաւորութիւններու մէջ, միշտ կը մնան հաւատաւորը նոյն ուխտին, դրօշակիրը նոյն գաղափարականին։

Տարիներու հետ Հ.Մ.Ը.Մ. չծերացաւ, այլ՝ հասունցաւ։ Այսօր ան մշտադալար այն միութիւնն է, որ իր առաքելութեան եւ կոչումին հաւատարիմ, կանգնած է պատնէշի վրայ, աւելի քան երբեք առոյգ ու պատրաստակամ, աւելի քան կենսունակ եւ հաւատաւոր։ Հակառակ իր դիմագրաւած բազմապիսի մարտահրաւէրներուն, օրէ օր ան նոր ծաւալ կու տայ իր կառոյցին, նոյն ատեն աւելի լայն եւ յուսադրիչ հորիզոններ բանալով իր բեղմնաւոր գործունէութեան առջեւ՝ Պաղտատէն մինչեւ Սիտնի, Երեւանէն մինչեւ Ախալքալաք ու Ախալցխա։

Իր հիմնադրութենէն 85 տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. է՛ ու կը մնայ կենդանի խորհրդանիշը մշտանորոգ երիտասարդութեան եւ անընկճելի կամքի։ Ուստի, 85 տարիները, որոնք փառքի պսակներ դրին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճակատին, փառքի պսակներ են հայութեան համար, որ իր զաւկին մէջ կը տեսնէ վաղուան յաջողութիւններուն, խանդավառ սլացքներուն պատրաստ «Տորմիղ հրաթեւ»ը։

Տարածենք