Թիւ 259 - ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ
Պատկերը տպաւորիչ է, երբ ծնող մը անչափահաս զաւակը առաջին անգամ դպրոց կ’առաջնորդէ։
Դպրոցին շէնքին առջեւ, պահ մը կանգ կ’առնէ եւ աղօթքը շրթներուն, զաւակը դաստիարակին յանձնելով կը պատուիրէ.- ուսում, կրթութիւն թող ստանայ եւ մա՛րդ ըլլայ։
Բոլոր ծնողներուն լաւագոյն մաղթանքն է այս իրենց զաւակներուն համար։
Անչափահասը կը մեծնայ, ուսում, կրթութիւն կը ստանայ եւ վկայականի մը տիրանալով կը նետուի կեանքի ասպարէզ, ուր սակայն ան բոլորովին նոր աշխարհի եւ մարդոց մէջ կը գտնէ ինքզինք։ Իր ստացած բարոյական դաստիարակութիւնը կեանքի կոպիտ իրականութեան հետ միշտ չի կրնար հաշտեցնել։ Իր երազները հետզհետէ կը շոգիանան, պայծառ հորիզոնը կ’ամպոտի եւ կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Այնուհետեւ, ան կը դադրի անձին տէրը ըլլալէ։ Ինքզինքին չի պատկանիր։ Եթէ բախտը օգնէ իրեն, կ’իյնայ լաւ շրջանակի մէջ, կը յաջողի ու կը դառնայ լաւ մարդ։
Բայց ո՞ւր գտնել այս լաւ շրջանակը։ Ի՞նչպէս երաշխաւորել ապագայ յաջողութիւնները։
Լաւ մարդ ըլլալու կամ չըլլալու, յաջողելու կամ չյաջողելու այս ճակատագրական պահուն, ծնողները կրնան օգնութեան փութալ իրենց զաւակներուն, ընկերային ու բարոյական անխուսափելի անկումէ փրկելու համար զանոնք։
Ինչպէս որ դեռ մանուկ՝ զանոնք դպրոց առաջնորդեցին, ուսում, կրթութիւն ստանալու համար, նոյնպէս ալ չափահաս տարիքին՝ զանոնք կրնան ուղղել ուրիշ դպրոց մը, ուր ո՛չ ուսուցիչ եւ ոչ ալ դասագիրք կայ, բայց կայ բարոյական ու ընկերային յարմար մթնոլորտ, ազնիւ նկարագրի տէր մարդ ըլլալու եւ հայ մեծնալու համար։
Այդ դպրոցը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական դպրոցն է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի դպրոցին մէջ պատանին կամ երիտասարդը ինքզինքը կը նկատէ հարազատ անդամը մեծ ընտանիքի մը, որ կը գուրգուրայ բարոյական ըմբռնումներու վրայ, նախանձախնդրութեամբ կը պահէ ազգային արժէքները եւ մղում կու տայ հայ մարմնակրթութեան զարգացման։
Այս մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները կը գործեն ու կ’աշխատին նոյն նպատակին համար։ Բոլորը մէկուն հետ են ու մէկը՝ բոլորին։ Զիրար կը սիրեն, կը յարգեն, իրարու կ’օգնեն։ Ունին մէկ մտածելակերպ։ Ամէն շաբաթ նոր բան կը սորվին ու կը սորվեցնեն։ Անոնք կը ծանօթանան դաստիարակիչ նիւթերու։ Ընտանեկան հարազատ մթնոլորտի մէջ, նկարագիր կը կազմեն, կամք կը դարբնեն եւ միտք կը սրեն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի դպրոցէն ներս պարկեշտութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ ծառայասիրութիւնը միշտ տիրական եղած են։ Սերունդներ արժանապատիւ կեանքի եւ ազգային հպարտանքի գաղտնիքը գտած են անոր մէջ։ Միութենական քարոզչութեան հարց չէ այս մէկը։ 85ամեայ միութիւն մը անպայման այս ձեւի քարոզչութեան պէտք չունի։ Անոր հարուստ պատմութիւնը լաւագոյն քարոզչութիւնն է։
Ժողովուրդը կը ճանչնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, բնազդով կը սիրէ ու կը փնտռէ զայն, անոր դաստիարակութեամբ արդի ընկերութեան այլատեսակ փորձութիւններէն հեռու մնալու եւ անոր գաղափարաբանութեամբ աւելի հայանալու համար։
Համաշխարհայնացման, այլասերման եւ ձուլման յորձանքներուն ընդդէմ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դպրոցը ամէնէն վստահելի ապաւէնն է, ուր հայը ոչ միայն իբրեւ հայ կը մեծնայ, այլեւ կ’օժտուի այն բոլոր յատկութիւններով եւ առաքինութիւններով, որոնցմով կը բնորոշուի մեր օրերու լաւագոյն եւ ազնուագոյն մարդը։