Թիւ 261 - ՀԻՄՆԱԿԱ՛ՆԸ

 

     Կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ, հիմնականը, կարեւորագոյնն ու էականը կը հանդիսանան այդ մարզին գոյատեւման մղիչ ուժը, որ անոր կը շնորհեն ինքնուրոյն դիմագիծ եւ առիթ կու տան, որ ապագայի յաջողութիւնները գան աւելնալու անոր հիմերուն վրայ։

Անհատական կեանքի մէջ, անհատի մը ծնունդէն ետք, անոր կեանքին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն իր դաստիարակութիւնը, ընտանեկան օճախին կազմութիւնը եւ ապա՝ զանազան իտէալներ, որոնց կը փարի ան՝ մեկնելով իր շրջապատէն, դաստիարակութենէն եւ փորձառութիւններէն։

Հաւաքականի պարագային, հիմնականը իր կազմութենէն ետք, կ’ըլլայ անոր գործունէութեան այն մասը, զոր մեծարժէք է ու մնայուն։

Անշուշտ, անհատն ու հաւաքականութիւնը միայն հիմնական գործերով չեն զբաղիր, ընդհակառակն՝ երկուքին ալ կեանքին մեծ մասը կը զոհուի առօրեային, միօրինակին եւ կրկնութեան։ 

Սակայն կարեւոր է, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններուն համար պայման է հիմնականին ու առօրեայ միօրինակութեան միջեւ տարբերութեան նուազեցումը, զարկ տալով հիմնական աշխատանքներու բազմապատկումին։
Մտահոգութիւնը նոր չէ, ընդհանրական եւ տեւական բնոյթ ունի։ Ինչպէս ամէն տեղ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եւս մարմինները կ’ընտրուին մէկ, երկու կամ չորս տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։ Ծրագրումէ ետք, այդ վարչութիւնները կ’անցնին իրենց առօրեայ աշխատանքներուն եւ տուեալ ժամանակամիջոցի ընթացքին կը փորձեն ամբողջացնել իրենց վրայ պարտք դրուածը, շատ յաճախ սակայն ստիպուելով իրենց ժամանակին մեծ մասը անցընել ժողովներու եւ այլեւայլ «սեւ» աշխատանքներու մէջ։

Այսպէս, տարիներու ընթացքին, թէեւ տարբեր սերունդներ կու գան ու կ’երթան, սակայն հիմնական գրեթէ ոչինչ կը բերեն կամ կը ձգեն իրենց ետին։ Սովորաբար բոլորն ալ անցեալի տեղեկագիրները եւ իրագործուած ծրագիրները իբրեւ մեկնակէտ կ’ունենան եւ կարծէք մասնաւոր ջանք չեն թափեր կամ առիթը չեն գտներ անցեալը գերազանցելու։

Իսկ ի՞նչն է հիմնականը, եթէ ոչ այն բոլոր աշխատանքները, զորս յիշեալ մարմինները հաւատարմօրէն կը կատարեն ամէն տարի, ըլլան անոնք օրացոյցներ, պարահանդէսներ, ընկերային եւ մարզական ներքին հանդիպումներ, սեմինարներ եւ բանակումներ։

Հիմնականը այս բոլորէն վեր, այս բոլորէն տարբերն է անկասկած։ Վերոյիշեալ բոլոր աշխատանքները անհրաժեշտ են եւ օգտակա՛ր։ Սակայն անոնք այլեւս ընթացիկ պարտաւորութիւններ են, որոնք անցած են սովորութեան կարգ։ Անոնց համար մարմիններ գնահատանք չեն ստանար, իրականութեան մէջ պէտք չէ ալ ակնկալեն։

Կան այլ աշխատանքներ, զորս կարելի է կատարել վերոյիշեալներու կողքին, աշխատանքներ՝ որոնք տարբեր են եւ հիմնական, ինչպէս՝ ակմբային նոր յարմարութիւններու ստեղծում, անդամական թիւի քանակական եւ որակական աճի ապահովում, մարզադաշտերու-բանակավայրերու կառուցում, դաստիարակչական արդիական ծրագիրներու մշակում, հրատարակչական-քարոզչական նախաձեռնութիւններու իրականացում, նիւթական մնայուն աղբիւրներու որոնում, Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի կարիքներուն ընդառաջում եւ այլն։

Հիմնականը կ’ենթադրէ յաւելեալ աշխատանք ու զոհողութիւն, նաեւ՝ ինքզինք սրբագրելու յանդգնութիւն եւ ներկայէն անդին՝ ապագան տեսնելու խոհեմութիւն։ Հիմնական իրագործումները, ահագին յոգնութենէ եւ տաղտուկներէ ետք, կը գերազանցեն քանի մը սերունդներու տարած միօրինակ, բայց հաւանաբար անգոյն աշխատանքները։

Հիմնականին ձեռնարկելու, էականը իրագործելու եւ քանի մը սերունդներ գերազանցելու համար հարկ է  հոսանքն ի վեր պայքարիլ։

Պայքարը դիւրին չէ, սակայն պայքարելու, գերազանցելու մղումը բոլորին կը պարտադրէ իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնել հիմնականին, անժամանցելիին։ Այլապէս, միօրինականութիւնն ու սովորամոլութիւնը ոչ ոքի կը խնայեն։

Տարածենք