Թիւ 262 - ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
Իւրաքանչիւր միութիւն աշխատանքի մը կը ձեռնարկէ իր կարողութիւններուն չափով։ Միաժամանակ, աշխատանք մը սահմանափակուած կ’ըլլայ շրջապատի կարելիութիւններուն տարողութեամբ եւ ազդեցութեամբ։ Հետեւաբար, միութեան մը աշխատանքներուն ամբողջական թէ մասնակի յաջողութիւնը կախեալ է հիմնական այդ երկու տուեալէն.- կարողութիւն եւ կարելիութիւն։ Կարողութիւնը ուղղակի կապ ունի միութեան հետ։ Միութեան մը նիւթական, Ֆիզիքական եւ բարոյական դրամագլուխը կը հանդիսանայ անոր կարողութիւններուն ամբողջութիւնը։ Այսպէս, միութեան մը հզօրութիւնը կախեալ կ’ըլլայ իր անդամներուն մտային, Ֆիզիքական, նիւթական եւ բարոյական ուժերէն։ Զանազան աշխատանքներու մէջ անոնց անհատական յաջողութիւններուն գումարը կը ներկայացնէ միութեան կարողութիւնը։ Կարելիութիւնը կախեալ է միութեան մը արտաքին շրջապատէն։ Միութեան գործունէութեան միջավայրը անոր կ’ընձեռէ նիւթական, Ֆիզիքական եւ բարոյական որոշ կարելիութիւններ, որոնք կը կազմեն տուեալ միութեան կարելիութիւններուն գումարը։ Որեւէ աշխատանքի յաջողութեան համար միութիւն մը անհրաժեշտաբար պէտք է հիմնուի իր սեփական կարողութիւններուն եւ շրջապատի պայմաններուն՝ կարելիութիւններուն վրայ։ Այլապէս, անոր աշխատանքներուն էութիւնը ժամանակի ընթացքին կը վտանգուի։ Միութիւնը ինքզինք կը սկսի սնուցանել սին պատրանքներով, որոնք զայն կ’առաջնորդեն նախ ձախողութեան, իսկ ապա՝ յուսալքութեան։ Հետեւաբար, իրենց ծրագիրներուն իրականացման համար, միութենական պատասխանատուներ առաջնահերթօրէն նկատի պէտք է ունենան թէ՛ իրենց սեփական կարողութիւնները, որոնք իրենց ներքին կարելիութիւններն են եւ թէ իրենց շրջապատին կարելիութիւնները, որոնք իրենց արտաքին կարողութիւններն են։ Երբ այս երկու տուեալները անտեսուին, ձեռնարկուած գործի մը ելքը կրնայ անորոշութեան մատնուիլ, պատահականութեան ձգուիլ։ Լուծումը, այս պարագային, կ’ըլլայ կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու ճիշդ, այլ խօսքով՝ առարկայական եւ ոչ թէ զգացական գնահատումը։ Երեւոյթը թելադրական է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, որովհետեւ յաճախ նորարարութեան եւ արդիականացման սիրոյն անոր կը ներկայացուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կրնան յարգելի եւ ընդունելի ըլլալ ուրիշներու համար, մինչեւ իսկ կրնան ժամանակաւոր կերպով փորձարկուիլ անոր կողմէ, սակայն երկար տեւողութեան վրայ անոնք չեն կրնար որդեգրուիլ, քանի չեն պատշաճիր միութեան սեփական կարողութիւններուն եւ արտաքին պայմաններու կարելիութիւններուն։ Խոհեմութիւնը կը թելադրէ ներկայացուող նման ծրագիրներ լաւապէս քննել իրենց զանազան կողմերով եւ ապա որդեգրել՝ եթէ տրամաբանական ու համոզիչ հիմնաւորում ունենան անոնք, ու եթէ խոտոր չհամեմատին միութեան բարոյական ըմբռնումներուն։ Հակառակին հետեւանքները ծանօթ են։ Մարդոց նման միութիւններ եւս յուսախաբութիւններ կ’ապրին, երբ իրենց ձեռնարկած աշխատանքներուն արդիւնքը չի համապատասխաներ իրենց նախատեսած ու նախասիրած ակնկալութիւններուն։ Սկզբնական յոյսերուն կը յաջորդէ յուսաբեկումի շրջանը, որ իր վատ անդրադարձը կ’ունենայ միութեան վրայ, որուն անդամները շուտով կը պարպուին իրենց յոյսերէն ու ակնկալութիւններէն եւ կը դատապարտուին յուսահատութեան։ Ճիշդ այս կացութենէն խուսափելու համար, աշխատանքներու յաջողութեան համար հարկ է մէկդի դնել զգացական ամէն մօտեցում եւ առաջնորդուիլ առարկայական ու շրջահայեաց ձեւով, ապագայ ծրագիրներու մէջ նկատի առնելով միութեան իսկական կարողութիւնները, նիւթական եւ Ֆիզիքական տուեալները մէկ կողմէ եւ արտաքին պայմանները միւս կողմէ։ Իրապաշտ նման մօտեցում մը, ահա, կը հանդիսանայ ապագայ յաջողութիւններու լաւագոյն գրաւականը, որ յոռեգոյն պարագային շատերը զերծ կը պահէ յուսաբեկումի վիճակէն, երբ գործ մը ժամանակաւոր կերպով յաջողութիւն չ’արձանագրեր։