Թիւ 263 - ԻՏԷԱ՛Լ, ԻՏԷԱ՛Լ…

 

Իտէալը գաղափարական ցանկութիւն մըն է, շատ աւելին՝ քան պարզ իղձ մը։ Գեղեցիկ տեսլականի ձգտող հոգեկան մղում մըն է ան, որ կ’երաշխաւորէ մեր գոյութիւնը եւ յաղթանակը։

Պարզ ցանկութիւն մը շատերու հոգին լեցնող իրողութիւն է։ Հանգիստ ըլլալ, բարօր կեանք ապրիլ իղձեր են, բայց ոչ՝ համապարփակ  գեղեցկութեամբ իտէալներ։

Իտէալը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար ունի հաւաքականութեան մը օգտակար դառնալու նպատակը, քանի ան մարդոց աչքերը կը յառէ յառաջադէմ գաղափարներու, վսեմ արժէքներու եւ ազնուացնող առաքինութիւններու վրայ։ 
Եթէ անհատական յաջողութիւններու համար անհրաժեշտ են ուսում, փորձառութիւն, բարեկամութիւն եւ բարենպաստ այլ պայմաններ, հաւաքական իտէալներու իրականացման համար հարկ է անսահման ճիգերու շարք մը։
Երիտասարդներ երբ չունին զիրենք տեսլականի մը կապող իտէալներ, իրենց կեանքը կը վատնեն անիմաստ կերպով։

Երիտասարդներու հոգին գրաւող իտէալներ պէտք են՝ զանոնք առաջնորդելու համար մեծ արժէքներու եւ ճիգերու։

Այսպէս, իտէալները երիտասարդութեան դիմաց պարզուած փարոսներու կը նմանին։ Նաւաբեկումէ զերծ մնալու համար պէտք է անոնց դարձնել հայեացքները եւ ուղղուիլ ճի՛շդ ուղղութեամբ։ Առանց այդ պլպլուն լոյսերուն, երիտասարդներ պիտի կատարեն աննպատակ թափառումներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը առանց երազի կամ իտէալի կը դադրի արժէք ըլլալէ։

Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կեանքը ցոյց տուած է, որ անոնք իտէալ մը ունեցած են եւ միութեան ճամբով ազգին օգտակար դառնալ ուզած են միշտ։ Այդ նպատակով անոնք յանձն առած են յարատեւօրէն լծուիլ յոգնեցնող, սակայն հոգեպարար աշխատանքներու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը երբ չունի յստակ նպատակ կամ առաջադրանք, չի կրնար կշռել իր ամէնէն թանկագին հարստութեան՝ ժամանակին արժէքը։

Իտէալի ջերմութիւնը կամ լոյսը պայման է, որպէսզի մարզիկներ թէ սկաուտներ տեւաբար իրենց միտքը զարգացնեն եւ հոգին կերակրեն գեղեցկութիւններով։

Գիտենք, երազները իրականութենէ աւելի հրապուրիչ են։ Իտէալը գաղափարական երազ մըն է։ Ով որ ունի զայն, կը պատրաստուի անոր իրականացման համար կատարել իրմէ պահանջուած ամէն զոհողութիւն. լարել իր ուժերը, հրաժարիլ ճղճիմ հաճոյքներէ եւ կեդրոնանալ հիմնական աշխատանքներու վրայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական փորձառութեամբ, իտէալը երիտասարդներու մտային եւ հոգեկան բարձրացման նպաստող ուժ մըն է։ Հայ ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունի իտէալապաշտ երիտասարդութեան մը՝ յաջողութեան գագաթներ նուաճելու համար։ Սխալ պիտի ըլլար հիներու ձգած յաջողութիւններով միայն հպարտանալ։ Մեր շուրջը միութիւններ կը յառաջդիմեն, ժողովուրդներ իրարու հետ կը մրցին։ Վա՜յ ետ մնացողին…
Երիտասարդներ եթէ կ’ուզեն դիմագիծ եւ նկարագիր ունենալ, հարկ է լուսաւոր իտէալ ունենան։

Իտէալներու որակական տեսակէն կախեալ է երիտասարդներու ներկայացնելիք ուժին եւ աշխատանքին քանակը։ Այդ աշխատանքը հարկ է որ դառնայ վարժութիւն, որպէսզի հարթէ վերելքի ուղին եւ վերածուի հոգեկան անսահման հաճոյքի։

Հայ կեանքի դժուար պայմանները այսօր պարտք կը դնեն երիտասարդութեան վրայ ծառայել մեծ իտէալներու եւ իրենց առաւելագոյնը նուիրաբերել անոնց իրականացման համար:

Ապագան կախում ունի իտէալ ունեցող երիտասարդներէ, որոնք պիտի գիտնան ինչպէ՛ս մեր ճակատները պսակել յաղթանակներով։

Տարածենք