Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայելին, պաշտօնաթերթը, «Մարզիկ» ամսաթերթն է, որ 1980-էն ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան, աւելի քան 400 թիւերու ծանրութեամբ, զոհողութեամբ, յարատեւութեամբ, անկարելին կարելի դարձնող յամառութեամբ եւ այն բոլոր տուեալներով, որոնք թերթ մը կը պահեն թերթ։

 Երէկ էր այդ օրը, լիբանանեան պատերազմի ամէնէն դժնդակ օրերուն, երբ Պէյրութի մէջ մահ ու աւեր կը սփռուէր, երբ մարդիկ ռումբեր ու զոհեր կը հաշուէին, անդին խումբ մը «խենթ»եր՝ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կը ձեռնարկէին հրատարակութեանը թերթի մը, որ հայելին պիտի ըլլար միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու գործունէութեան, գայլիկէն ու մրջնիկէն մինչեւ Պատգամաւորական ժողով։

Թերթ մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մանրամասնութիւն նկատուող բոլոր արդիւնքներուն եւ շարժումներուն մնայուն արխիւը պիտի ըլլար։

Թերթ մը, որ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան արտայայտութիւնը պիտի չըլլար։ Հոն պիտի տեսնուէին նաեւ հայրենի մարզիկները իրենց յաջողութիւններով, աշխարհի ախոյեանները իրենց նուաճումներով։

Ու ծնունդ պիտի առնէր «Մարզիկ»ը, երկար ապրելու, մի՛շտ ապրելու գրաւականով։

Դիւրին պիտի չըլլար «Մարզիկ»ի ծնունդը։ Տարուան մը պատրաստութեան պիտի կարօտէր ան, թէեւ անոր գաղափարը պիտի ծնէր շատ առաջ, միութեան առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, 1974-ին, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք, սեղանի վրայ կու գար պաշտօնաթերթի մը հրատարակութեան հարցը։

Այլեւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի ցիր ու ցան մասնաճիւղերը համախմբուած էին՝ կազմելով մէկ ամբողջութիւն աշխարհի տարածքին։ Միութեան այս գաղափարը աւելի կը հզօրացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ կ’ընդարձակէր անոր գործունէութեան դաշտը։

Առաջին Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործունէութեան շրջանին գլխաւոր մտահոգութիւն կ’ունենար հիմնաւորել եւ զօրացնել միութեան նոր կառոյցը եւ նախաձեռնել համագաղութային նշանակութիւն ունեցող աշխատանքներու։

1979-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Բ. Ժողովին, յստակ որոշում կը տրուէր միութեան պաշտօնաթերթը հրատարակելու համար։ Պատգամաւորական ժողովը պարտականութիւն կու տար նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան՝ հետապնդելու ծրագրին իրագործումը։

Պայմանները հասունցած էին եւ բոլորը կը հաւատային թերթի մը օգտակարութեան եւ կարեւորութեան, թէ ան՝ անմիջական կապը պիտի ըլլայ մասնաճիւղերուն միջեւ եւ պիտի ծառայէ երիտասարդական լայն զանգուածին տարածելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարականն ու ոգին։

«Մարզիկ»ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ Փետրուար 1980-ին։ Թէեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութիւնը օրին կը նշանակէ խմբագրական մարմին մը, սակայն գործին ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն կը վերցնէ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեան, որ կը հսկէ թերթին կանոնաւոր ընթացքին։ Ան կը խմբագրէ ստացուած բոլոր յօդուածները, կը հսկէ տպարանային աշխատանքներուն՝ սրբագրութիւն, դասաւորում, կը պատրաստէ թերթին բովանդակութիւնը։ Երուանդ Տէմիրճեան կը գրէ խմբագրականները եւ յօդուածներով կ’աշխատակցի թերթին։ Եղբ. Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ) կը պատրաստէ ժամանցի՝ խաչբառ-ծաղրանկարի էջը եւ կը գրէ մարզական կեանքին առնչուող յօդուածներ։ Եղբ. Վարուժան Մուրատեան կը պատրաստէ միջազգային մարզական էջերը։ Եղբ. Դերենիկ Թերճանեան կը խմբագրէ առողջապահական բաժինը։ Ծանօթ մտաւորականներ՝ Մուշեղ Իշխան եւ Կարօ Փոլատեան կը տրամադրեն գրութիւններ։ Երէց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ՝ Տիգրան Ա. Քհնյ.  Խոյեան, Շաւարշ Մեհրապեան, Ներսէս Արք. Բախտիկեան, Վաղինակ Միսքճեան կը հրատարակեն իրենց յուշերը։ Ժոզէֆ Նալպանտեան կը գրէ միջազգային մարզական կեանքի երեւոյթներու մասին։ Սարգիս Սարգիսեան կը տրամադրէ երգիծական գրութիւններ՝ մարզական կեանքէն վերցուած դրուագներու մասին։ Մասնաճիւղերէն կը հասնին իրենց գործունէութեան մասին թղթակցութիւններ։

Առաջին այս տարիներուն, «Մարզիկ»ի խմբագրատունը եւ վարչական գրասենեակը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներն են, տպարանն է, անդամներու բնակարանները եւ կամ վաճառատուները։

Թերթը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յանձնառութիւնն է, ուրեմն տոկուն է։ Ան լոյս   կը տեսնէ հակառակ Լիբանանի կացութեան, ելեկտրականութեան յաճախակի ընդհատումին, քաղաքի մէկ կողմէն միւս կողմ անցքերու յաճախակի արգելքներուն, որոնք կը դանդաղեցնեն, բայց չեն կասեցներ անոր գործը, որ վերջին հաշուով լոյս կը տեսնէ զոհողութիւններու գումարով։

Թերթին ծնունդ տալը սակայն բան մըն էր, ապրեցնելը՝ ուրիշ բան։

1983-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Գ. Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը թերթին խմբագրութեան անդամ կը նշանակէ եղբայրներ Երուանդ Տէմիրճեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանը եւ Վարուժան Մուրատեանը։ Եղբայրներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան եւ Յարութիւն Գազանճեան կը շարունակեն մօտէն գործակցիլ խմբագրութեան հետ եւ օժանդակել անոր բոլոր աշխատանքներուն։ Կը հրաւիրուի նաեւ եղբ. Գրիգոր Սուքիասեանը՝ օժանդակելու համար պաշտօնաթերթին խմբագրական եւ այլ աշխատանքներուն։

Եղբայրներ Բիւզանդ Թորիկեան եւ Միհրան Շիմշիրեան կը ստանձնեն թերթին վարչական պատասխանատուութիւնը։

1983-1987, բեղուն շրջան մը բոլորելու բոլոր տուեալները կային, խանդավառութիւնը մեծ էր։ Սակայն, անակնկալ դէպքեր կ’արգելակեն գործին յաջող ընթացքը։

Լիբանանեան պատերազմին հետեւանքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հեռանայ Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբէն եւ կը փոխադրուի Պուրճ Համուտ, ուր ակումբէ ակումբ թափառելէ ետք, կայք կը հաստատէ Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրած մէկ սենեակին մէջ։ Կեդրոնական Վարչութեան եւ «Մարզիկ»ի խմբագրութեան համար նստավայր մը գտնելը կը դառնայ հրատապ հարց։ Եղբայրներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանի եւ Բիւզանդ Թորիկեանի երկար փնտռտուքները կ’արդիւնաւորուին, ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը կ’ունենայ իր կեդրոնը՝ Պուրճ Համուտի գլխաւոր մէկ պողոտային վրայ։

Սակայն, երկու դէպքեր կու գան խռովելու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգիները։ Նախ, եղբ. Յարութիւն Գազանճեանի դէմ կատարուած մահափորձը՝ չարագործներու կողմէ, իր դարմանատան մէջ։ Ապա, շատ աւելի ծանր, եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի անարգ սպանութիւնը՝ 31 Յունուար 1986-ին, երկու այլ եղբայրներու՝ Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ։

Կը ցնցուի ամբողջ սփիւռքահայութիւնը եւ անոր հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու «Մարզիկ»ի խմբագրութիւնը։ Կորուստը մեծ էր, սակայն, գործը պէ՛տք էր շարունակել։

Անմիջապէս կը դիմուի յարմար կարգադրութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վարուժան Մուրատեան կը հրաւիրուի խմբագրութեան պաշտօնին, մինչ եղբ. Երուանդ Տէմիրճեան կը շարունակէ գրել թերթին խմբագրականները։

  Վրայ կը հասնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Դ. Ժողովը, 1987-ին, որմէ ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը կը նշանակէ խմբագրական եւ վարչական նոր կազմեր՝ Վարչութեան անդամներէն։  Խմբագրական կազմը կը բաղկանայ եղբայրներ Երուանդ Տէմիրճեանէ, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանէ եւ Կարօ Թիւթիւնճեանէ, իսկ վարչական կազմը՝ եղբայրներ Միհրան Շիմշիրեանէ, Պատրիկ Կիւլպէնկեանէ եւ Արա Յակոբեանէ։  Խմբագրական կազմը «Մարզիկ»ի խմբագիր կը նշանակէ Երուանդ Տէմիրճեանը, իսկ վարչական տնօրէն՝ Վարուժան Մուրատեանը։

Այս միջոցին, լիբանանեան պատերազմը ամբողջութեամբ կը յեղաշրջէ առօրեան երկրի ժողովուրդին, որ իր ժամանակին մեծ մասը կ’անցընէ խոնաւ ու մութ պատսպարաններու մէջ։ Ժամանակաւոր խաղաղութեան պահերուն պէտք էր զբաղիլ միութենական աշխատանքներով ու «Մարզիկ»ի հրատարակութեամբ։ Կանոնաւոր աշխատանքի պայմաններ գոյութիւն չունէին, միշտ պէտք էր յարմարիլ կացութեան ստեղծած պայմաններուն, եւ ամէն գնով թերթը հրատարակել, արձանագրելու համար սերունդի մը հեւքը, դառնալու համար պատմութեան ատաղձ, հարազատ եւ անվիճելի։

Վրայ կը հասնի Դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանը հարուածած ահաւոր երկրաշարժը, որ խոր սուգի կը մատնէ հայ ժողովուրդը։ «Մարզիկ»ի խմբագրութիւնը յարմար կը գտնէ պատշաճօրէն անդրադառնալ ահաւոր աղէտին։ Նիւթերը առատ կ’ըլլան։ Նիւթերու առատութիւնը կը ստիպէ խմբագրութիւնը, որ իր նախատեսած ծաւալը ընդարձակէ, եւ երկրաշարժին նուիրուած բացառիկ թիւը լոյս ընծայէ 184 էջերով, գունաւոր եւ գեղատիպ։

1988-ը նաեւ Արցախեան պահանջատիրութեան տարին է։ Ի յայտ կու գան  Խորհրդային Միութեան քայքայման նշանները։ Հայաստան կը բռնէ անկախութեան ուղին, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ հայրենիք վերադարձի ճամբան։

Դեկտեմբեր 1989-ին կը հիմնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երեւանի մասնաճիւղը։ Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. ծիլեր կ’արձակէ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, նոր թափ ու ծաւալ տալով միութեան աշխատանքներուն։

Լիբանանի մէջ, 15 տարուան արիւնալի պատերազմը ի վերջոյ կ’աւարտի եւ բոլորը նոր կ’անդրադառնան կորսուած ժամանակին, մարդկային եւ նիւթական հսկայական վնասներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը անմասն չէ կորսուստներէն, մարդկային ու նիւթական վնասներէն, սակայն կը պահէ սլացքն ու ձգտումը լաւագոյնին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ե. ժողովը, 1991-ին, կը քննէ թերթին կապուած բոլոր հարցերը եւ կ’որոշէ շարունակել անոր հրատարակութիւնը, իբրեւ կարիք, պահանջ ու անհրաժեշտութիւն։

  Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը կը նշանակէ խմբագրական նոր կազմ՝ բաղկացած եղբայրներ Վարուժան Մուրատեանէ եւ Զաւէն Թորիկեանէ։ Խմբագրականները գրելու պարտականութիւնը կը յանձնուի եղբ. Յարութիւն Գազանճեանին։ Թերթը կ’ապրի զգալի աշխուժութիւն մը եւ բովանդակութիւնը կը դառնայ աւելի այժմէական ու այլազան։

Յարատեւութեան սխրանքը, սակայն, կը բախի նոր դժուարութիւններու։ 1994-ին կը մահանայ եղբ. Վարուժան Մուրատեան։ Շրջան մը եղբ. Զաւէն Թորիկեան կը ստանձնէ թերթին խմբագրութեան աշխատանքը, սակայն այս անգամ նիւթական պատճառները արգելք կ’ըլլան անոր կանոնաւոր հրատարակութեան։

1995-ի առաջին վեց ամիսներուն «Մարզիկ» լոյս չի տեսներ։ Թերթը խմբագրական եւ վարչական բաժիններով կը պարզէ կազմալոյծ վիճակ։

Պատգամաւորական Զ. ժողովը, 1995-ին, կը վերահաստատէ «Մարզիկ»ի հրատարակութեան որոշումը եւ համապատասխան քայլեր կ’առնէ այդ գծով։ Պաշտօնի կը հրաւիրուին նոր խմբագիր եւ վարչական կազմ։

Յանձինն իր պատասխանատու նոր խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեանին, «Մարզիկ» 1995-ին կը թեւակոխէ իր կայունացման հանգրուանը։  Խմբագրութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ խումբ մը աշխատակիցներ, որոնք նոր շունչ եւ դիմագիծ կու տան թերթին։ Խաչիկ Մուրատեան, Պէթի Փանոսեան, Գէորգ Թորոյեան, Շաղիկ Գէորգեան, Սեդա Պէշլեան, Տիրան Աղազարեան, Սալբի Լատոյեան եւ Ալին Զէյթունլեան կարեւոր ներդրում կ’ունենան թերթին տարբեր բաժիններու ճոխացման մէջ։

Մինչ այդ, սերնդափոխութեան կարգով, անդարձ կը մեկնին թերթին հաւատաւոր աշխատակիցներէն՝ եղբայրներ Պարգեւ Շիրինեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, լուսանկարիչ Վազգէն Տէր Ղուկասեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան, Պետրոս Շեմմեսեան, Կարօ Թիւթիւնճեան, Միհրան Շիմշիրեան, Կարպիս Գույումճեան, Յովհաննէս Մարտոյեան եւ ուրիշներ։

 Կը յաջորդեն նորերը, նոյնքան նուիրեալ ու նոյնքան հաւատաւոր։ Առանց մոռնալու թերթին տասնեակ մը թղթակիցները, որոնք Երեւանէն, եւրոպական թէ արաբական զանազան մայրաքաղաքներէ պարբերաբար թղթակցութիւններ կը ղրկեն, հարցազրոյցներ  կ’ընեն ու յօդուածներ կը պատրաստեն։ Առանց մոռնալու թերթին խմբագրականները տարիներէ ի վեր, կանոնաւոր հերթականութեամբ, անգլերէնի եւ սպաներէնի թարգմանող «անծանօթ զինուոր»ները՝ եղբայրներ Գրիգորիս Պողարեանը եւ Աբրահամ Ահարոնեանը՝ Պէյրութէն եւ Պուէնոս Այրէսէն։

1995-էն ասդին կը գումարուին Պատգամաւորական 7 Ժողովներ, որոնք չորս տարին անգամ մը դրականօրէն կ’արժեւորեն կատարուած աշխատանքը եւ նորանոր զոհողութիւններ յանձն կ’առնեն թերթին շարունակակութիւնը ապահովելու համար։ Խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեանի հետ, «Մարզիկ» աստիճանաբար կը զարգանայ եւ ծովեր կտրելով, աշխարհով մէկ տարածուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն մազերակները կապուած կը պահէ կեդրոնի բաբախող սրտին։ Խմբագիրի կողքին, յաջորդական վարչական կազմեր, Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներու հսկողութեամբ, կը նպաստեն թերթին արդիականացման եւ տարածման աշխատանքին։ Անոնք ծանուցումներ կ’ապահովեն, նուիրատուներ կը գտնեն եւ կը յաջողին թերթը պահել իր պատուաբեր բարձունքին վրայ։

Այսօր «Մարզիկ» վերածուած է եռամսեայ հրատարակութեան։ Միաժամանակ, ան երկլեզու ներկայութիւն է միութեան համացանցի մայր էջին եւ դիմատետրի բաժնին մէջ։ Ան լոյս կը տեսնէ գեղատիպ հրատարակութեամբ, շատ յաճախ՝ բացառիկ թիւերով, նուիրուած՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն թէ բանակումներուն։

Կարելի չէ խօսիլ «Մարզիկ»ի լոյս ընծայած բոլոր թիւերուն մասին։ Թերթ մը հրապարակային քննութիւն է։ Ընթերցողները իրե՛նք կը կատարեն թերթին գնահատականը։

Տարիներ անցած են, բայց թերթին նպատակներէն բան չէ փոխուած.-

  • Կապ հաստատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած բոլոր մասնաճիւղերուն միջեւ։
  • Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը հասցնել Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու երիտասարդութեան։
  • Ներկայացնել անոնց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական դիմագիծը։
  • Տարածել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային ոգին։
  • Տալ ազգային շունչով դաստիարակութիւն։
  • Կերտել միեւնոյն մտածելակերպով ու գործելակերպով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։

Տարածենք