«Մարզիկ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթերթն է, որ լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։
Իբրեւ ամսաթերթ, «Մարզիկ» հիմնուած է Փետրուար 1980-ին։
Թերթին խմբագիրն է Վիգէն Աւագեան ([email protected])։
«Մարզիկ» կը ծանօթացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը եւ կը տարածէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքը։ 26 երկիրներու իր աշխատակիցներով թերթը կը ներկայացնէ միութեան սկաուտական, մարզական եւ վարչական գործունէութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԺԱ. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով (Սեպտեմբեր 2015) թերթը լոյս կը տեսնէ եռամսեայ դրութեամբ։
«Մարզիկ»ի խմբագրութեան կապի միջոցներն են՝
[email protected]
Tel: +9611248043, +9611260117
P.O.Box: 80486 Bourj Hammoud, Lebanon