Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով, 1992-ին պատրաստուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզախաղերու ընդհանուր կանոնագրութիւնը, նպատակ ունենալով՝

1. Դիւրացնել մարզական ձեռնարկ կազմակերպող մարմիններու կամ յանձնախումբերու գործը։

2. Միօրինականացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւններուն կազմակերպած մրցաշարքերուն ընթացքը։

3. Ապահովել Միութեան ներքին օրէնքներու գործադրութիւնը առաւելագոյն չափով (ինչպէս միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքերու պարագային)։ Այս կանոնագրութիւնը ուղեցոյցի դեր կը կատարէ։

Ա. ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

Մրցաշարք մը ղեկավարող յանձնախումբը պարտականութիւն ունի յարգել տալու հետեւեալ օրէնքները, մրցաշարքի մը մասնակցող կազմերուն։

   1. Մրցումները ղեկավարելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբը կը պատրաստէ մրցաշարքի մը յայտագիրը։

   2. Խաղերու յայտագիրը կը պատրաստուի վիճակաձգութեամբ, ի ներկայութեան շրջաններու ներկայացուցիչներու մեծամասնութեան կամ սոյն ներկայացուցիչներու համախոհական կարգադրութեամբ այլ ձեւի մը շուրջ։

   3. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցաշարքի մը յայտագիրի կազմութեան պահուն Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին ներկայութիւնը հարկաւոր է։

   4. Մրցաշարք մը կարելի է կազմակերպել զտումի կամ կէտերու դրութեամբ, ըստ ժամանակի յարմարութեան, նախապէս տեղեակ պահելով խումբերու պատասխանատուները։

   5. Մրցաշարքի մը ընթացքին մրցումները եւ մրցումներու թեքնիք բաժինը կը ղեկավարուին ըստ միջազգային օրէնքներու։

   6. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցաշարքի մը վայրը եւ թուականը կը ճշդէ Կեդրոնական Վարչութիւնը, եթէ այս պարագան զանց առնուած ըլլայ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն։

   7. Միջ-շրջանային մրցաշարքի մը վայրը եւ թուականը խորհրդակցաբար կ’որոշեն մասնակցող շրջաններու ներկայացուցիչները եւ կþապահովեն Կեդրոնական Վարչութեան հաւանութիւնը։

   8. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամ միջ-շրջանային մրցաշարքերուն կրնան մասնակցիլ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբեր։ Ուղեկից Միութիւններ կրնան մասնակցիլ մրցաշարքերուն, յատուկ հրաւէրով։

   9. ա) Մրցաշարքի մը կրնան մասնակցիլ մրցաշարքին թուականէն նուազագոյնը 6 ամիս առաջ միութեան անդամ արձանագրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներ։

      բ) Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն, արհեստավարժ մարզիկը չի կրնար մասնակցիլ իր մարզախաղին մէջ։

   10. ա) Մրցաշարքի մը մասնակցող խումբին անուանացանկը, իր անհրաժեշտ մանրամասնութիւններով, պէտք է ղրկուի կազմակերպող շրջանի մարմնին, մրցաշարքի թուականէն նուազագոյնը մէկ ամիս առաջ։

      բ) Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն, իւրաքանչիւր մարզիկ կը մասնակցի իր սեփական պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ, իր առողջութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ։ Ամէն մէկ մարզիկ պարտի այս ուղղութեամբ յատուկ համաձայնագիր մը ստորագրած ըլլալ իր պատկանած Շրջանին մէջ։

   11. Անուանացանկը պաշտօնապէս պէտք է վաւերացուած ըլլայ մասնակցող շրջանին գերագոյն մարմինին կողմէ։

   12. Անուանացանկին մէջ չգտնուող մարզիկներ չեն կրնար մասնակցիլ մրցումներուն. հակառակ պարագային օրինազանց խումբը պարտուած կը համարուի մէկ մրցումի համար։

   13. Անուանացանկի վրայ յաւելում կամ փոփոխութիւն պէտք է առաջարկուի նախքան խումբին առաջին խաղը։

   14. Մրցումի մը չներկայացող խումբը ի բացակայութեան պարտուած կը յայտարարուի։ Կրկնութեան պարագային մրցաշարքէն դուրս կը դրուի։

   15. Խումբ մը մրցումի ճշդուած ժամէն եթէ 15 վայրկեան աւելի ուշ դաշտ ներկայանայ, կը յայտարարուի պարտուած։ Արտակարգ եւ խումբի կամքէ առկախ պատճառներով ուշացումներու պարագային կազակերպիչ յանձնախումբը կրնայ երկարել այս ժամկէտը։

   16. Դ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշումով խումբերը աստիճանաբար զտուած պէտք է ըլլան օտար տարրերէ եւ հայացած՝ ամբողջութեամբ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը իրաւասութիւնը ունի ստուգելու բոլոր մարզիկներու փաստաթուղթերը։ Ոչ-հայ մարզիկներ չեն կրնար մաս կազմել համա-միութենական կամ միջ-շրջանային մրցաշարքերու։

   17. Յօդուած 16-ի նախապայմանին հակառակը հաստատուելու պարագային՝ խումբ մը կը յայտարարուի պարտուած, նոյնիսկ եթէ մրցումէն յաղթական ելլէ։ Նոյն յանցանքը կրկնուելու պարագային խումբը կը կախակայուի մրցաշարքէն։

   18. Մրցաշարքերը պէտք է ղեկավարուին միջազգային կամ ազգային ֆետերասիոններէ վկայուած իրաւարարներով։

   19. Մրցումին վերաբերեալ որեւէ բողոք կամ նկատողութիւն պէտք է փոխանցուի մարզախաղը ղեկավարող մարմնին, մրցումը սկսելէ առաջ։

   20. Մրցումի ընթացքին ծագած հարցի մը դէմ բողոքը մրցումի աւարտին գրաւոր պէտք է փոխանցուի ղեկավարող մարմինին։Գրաւոր բողոքի համար պայմանաժամը 24 ժամ է։

   21. Խումբ մը երբ խաղի աւարտէն առաջ կը լքէ դաշտը, կը յայտարարուի պարտուած եւ կը կախակայուի մրցաշարքէն։ Ոչ մէկ մարզիչ կամ պատասխանատու իր խումբը դաշտէն քաշելու իրաւունք ունի։

   22. Մրցաշարքի մը մասնակցող խումբերուն մարզիկներուն թուական պատկերը հետեւեալն է։

      ա. Ֆութպոլ.- 15-22 մարզիկ. 1-2 մարզիչ. 1 պատասխանատու։

      բ. Պասքէթ.- 10-14 մարզիկ. 1-2 մարզիչ. 1 պատասխանատու։

      գ. Վոլիպոլ 10-12 մարզիկ 1-2 մարզիչ 1 պատասխանատու

      դ. Փինկ-փոնկ.- Խմբային դասաւորման պարագային՝ 3-5 մարզիկ. 1 մարզիչ. 1 պատասխանատու։ Անհատական դասաւորման պարագային՝ ազատ։

      ե. Աթլէթ/Լող- Անհատական դասաւորման պարագային՝ ազատ։

      զ. Թենիս.- Անհատական դասաւորման պարագային՝ ազատ։

      է. Ճատրակ.- Անհատական դասաւորման պարագային՝ ազատ։

   23. Բացման եւ փակման հանդիսութեանց, պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն մասնակցութիւնը պարտաւորիչ է։

   24. Խումբերը դաշտ պէտք է ներկայանան կոկիկ եւ միօրինակ տարազներով։

   25. Հ.Մ.Ը.Մ.ի զինանշանը պէտք է կրել, շապիկի ձախ կուրծքին վրայ։

   26. Խումբերը պէտք է ունենան տարբեր գոյնի զոյգ տարազներ՝ (նախընտրաբար բաց եւ գոց գոյներով) երկու կողմերու միեւնոյն գոյները կրելու անյարմարութիւնը կանխելու համար։

   27. Խումբերուն կը փոխանցուի իրենց կրելիք տարազի գոյնին մասին, նախքան դաշտ ներկայանալը։

   28. Պատուիրակութիւնները պարտին ունենալ իրենց պատկանած երկրի դրօշակէն երեքական օրինակ 180x120 սմ. ծաւալով։

Գ. ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներ

   1. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ձեռնարկներու վերաբերող ընդհանուր տեղեկութիւնները Կեդրոնական Վարչութիւնը պարտաւոր է շրջաբերականով տեղեակ պահել բոլոր շրջանները, մրցաշարքի թուականէն տարի մը առաջ։

   2. Կազմակերպող յանձնախումբը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը յայտագիրը եւ այլ անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները Կեդրոնական Վարչութեան կը փոխանցէ մրցաշարքի թուականէն 3 ամիս առաջ։ Կեդրոնական Վարչութիւնը կրնայ բարեփոխութիւններ կատարել ներկայացուած թղթածրարին մէջ։

   3. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը աւարտին, նիւթաբարոյական յատուկ տեղեկագիր մը պէտք է յանձնուի Կեդրոնական Վարչութեան՝ կազմակերպող շրջանի գերադաս մարմնին կամ յանձնախումբին կողմէ, ձեռնարկէն մինչեւ 3 ամիս։

Միջ-շրջանային ձեռնարկներ

   1. Մարզախաղերը կազմակերպող շրջանի գերադաս մարմինը, միջ-շրջանային ձեռնարկի մը մանրամասնութիւնները յատուկ շրջաբերականով առնուազն երեք ամիսներ առաջ, կը փոխանցէ Կեդրոնական Վարչութեան եւ մասնակցող շրջաններուն։

   2. Միջ-շրջանային ձեռնարկի մը աւարտին, ղեկավարող յանձնախումբին կողմէ նիւթաբարոյական տեղեկագիր մը կը յանձնուի մասնակցող շրջաններու գերադաս մարմիններուն եւ անոնց խողովակով Կեդրոնական Վարչութեան, ձեռնարկէն ետք մինչեւ 3 ամիս։

Ընդհանուր

   1. Բոլոր տեսակի թղթակցութիւններու կամ այլ պաշտօնաթուղթերու համար կը գործածուի կազմակերպող շրջանի գերադաս մարմինին կնիքը (կամ ղեկավարող յանձնախումբին յատուկ կնիքը)։

   2. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական թէ միջ-շրջանային որեւէ մրցաշարք պէտք է տեսերիզի առնել եւ նկարներ հանել ու մէկական օրինակ Կեդրոնական Վարչութեան յանձնել, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան եւ «Մարզիկ»ի համար։

   3. Օգտագործել արդիական հաղորդակցութեան միջոցները ¥Social Networking (Facebook, Twitter, միութեան website եւ այլն¤ ձեռնարկներու հաղորդակցական աշխատանքի համար, ներքին եւ արտաքին իմաստով։

Դ. ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

   1. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցաշարքի մը կամ ձեռնարկի մը առիթով, մասնակցող շրջանները կը հոգան իրենց ճանապարհի, կեցութեան, ներքին փոխադրութեան եւ այլ տեսակի ծախսերը։

Ծանօթ.- Բացառիկ պարագաներու եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով կարելի է տարբեր դասաւորումով ծախսերը բաժնուիլ։

   2. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցաշարքի եւ այդ առիթով, այլ բնոյթի ձեռնարկներու մուտքերէն գոյացող հասոյթը կը մտնէ Կեդրոնական Վարչութեան սնտուկը։

   Գոյացած նիւթական բացը կը ստանձնէ կազմակերպիչ շրջանը կամ Կեդրոնական Վարչութիւնը։

   3. Վերոյիշեալ մրցաշարքերուն մասնակցող մարզիկները եւ պատասխանատուները ազատ մուտքի իրաւունք ունին խաղավայրերը, կազմակերպող մարմինին յարմար տեսած կարգադրութեան համաձայն։

Ե. ԿԱՐԳԱՊԱՀԱԿԱՆ

   1. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներուն կը կազմուի 3 հոգինոց Դատական Յանձնախումբ մը, որ կը նշանակուի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ։

Մարզախաղերու Յանձնախումբէն ներկայացուցիչ մը ի պաշտօնէ ներկայ կþըլլայ նիստերուն ներկայացնելու համար Յանձնախումբին զեկուցագիրը եւ ի հարկին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար։

   2. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամ միջ-շրջանային ձեռնարկներուն, իւրաքանչիւր շրջան պատասխանատու է իր պատուիրակութեան անդամներուն, դաշտերէն, մարզասրահներէն, աւազաններէն եւ պանդոկներէն ներս թէ դուրս կատարած վնասներուն եւ ծախսերուն։

   3. Միջ-շրջանային մրցաշարքեր ղեկավարող մարմինները (յանձնախումբերը) իրաւասութիւն ունին պատիժներ սահմանելու։

   4. Պատիժներ կը սահմանուին մրցաշարքի մը մասնակցող խումբին, պատասխանատուին կամ մարզիչին հանդէպ, գործուած յանցանքին համապատասխան զօրութեամբ։ Դիտողութիւն կը տրուի նաեւ մասնակից Շրջանին, ըստ անհրաժեշտութեան։

   5. Պատիժներ կը սահմանուին մրցաշարքին մասնակցող այն մարզիկներուն հանդէպ, որոնք մրցումներու ընթացքին ընդունուած օրէնքները չեն յարգեր, կը խանգարեն մրցումը կամ անվայել կեցուածք կ’ունենան։

   6. Պատիժները կրնան ըլլալ, ըստ գործուած յանցանքին՝

   7. ա. Որոշ ժամանակով կախակայում, մրցումի ընթացքէն։

      բ. Մէկ կամ երկու մրցումէ կախակայում։ գ. Բոլոր մրցումներէն կախակայում։

   8. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցաշարքի մը ընթացքին գործուող միութենական բնոյթ ունեցող անկարգութեան պատիժը կ’որոշուի յանցաւոր մարզիկին պատկանած շրջանին վարչութեան կողմէ, ղեկավարող յանձնախումբին առաջարկով եւ Կեդրոնական Վարչութեան գիտութեամբ։

   9. Միջ-շրջանային մրցաշարքի մը ընթացքին գործուող միութենական բնոյթ ունեցող անկարգութեան պատիժը կը տնօրինուի յանցաւոր մարզիկին պատկանած շրջանին վարչութեան կողմէ, ղեկավարող յանձնախումբին առաջարկով եւ մրցաշարքը կազմակերպող շրջանին վարչութեան համաձայնութեամբ ։

   10. Մրցաշարքը ղեկավարող մարմինը (յանձնախումբը) իրաւասութիւն ունի բացայայտօրէն կողմնակալ ոգիով խաղ ղեկավարող իրաւարար մը կախակայելու մրցաշարքէն։

   11. Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական թէ միջ-շրջանային մրցաշարքի մը ընթացքին շրջանի մը պատասխանատուին կամ մարզիչին կողմէ գործուած անպատասխանատու արարք մը համապատասխան պատիժի կ’արժանանայ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։

Բ. ԹԵՔՆԻՔ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ԲՈՂՈՔ

Թեքնիք յանձնախումբը ուղղութիւն կու տայ մրցաշարքի մը կազմակերպական աշխատանքի ընթացքին ներկայացուող հարցերուն։

   1. Թեքնիք յանձնախումբը, կը բաղկանայ առաւելագոյնը 3 հոգիէ, իւրաքանչիւր մարզերու համար եւ ներկայութիւն կ’ապահովէ բոլոր խաղերու տեւողութեան։

   2. Թեքնիք յանձնախումբը իր կարեւոր դերը ունի մրցաշարքի մը յայտագրի կազմութեան աշխատանքներուն մէջ։

   3. Թեքնիք յանձնախումբը մրցաշարքի մը իրաւարարներու կազմին ընտրութիւնը կը կատարէ։

   4. Թեքնիք յանձնախումբը կը հսկէ գոյքերու ճշգրիտ գործածութիւնը եւ դաշտերու, մարզասրահներու, աւազաններու ապահովութեան պայմանները։

   5. Թեքնիք յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի մրցաշարքի մը օրէնքներուն անշեղ գործադրութեան։

   6. Թեքնիք յանձնախումբը կը քննէ մրցաշարքին մասնակցող խումբի մը յղած բողոքը՝ ստեղծուած հարցի մը առնչութեամբ, եւ կ’առնէ համապատասխան որոշում։

   7. Թեքնիք յանձնախումբը, նախքան իր որոշումին յանգիլը, կը տեղեկանայ գլխաւոր իրաւարարի կամ դատաւորի, գերադատ յանձնախումբի ներկայացուցիչին բացատրութիւններուն։

   8. Թեքնիք յանձնախումբի որոշումը, միայն գերադատ ատեանն է որ կրնայ բեկանել։

   9. Մրցումի վերաբերեալ բողոք կրնայ ներկայացնել միայն խումբին լիազօր պատասխանատուն կամ մարզիչը։