Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԵՂԱՒ ԴՊՐՈՑ ՄԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողովին մասնակիցները, ժողովական իրենց նիստերու երկրորդ օրուան աւարտին, 28 Հոկտեմբերին, առիթն ու պատիւը ունեցան Ստրովոլոսի քաղաքապետութեան հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուելու հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի համերգին։

Կիպրահայ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Ալլա Լեւոնեան իր առաջին ելոյթն էր, որ կ’ունենար Կիպրոսի մէջ։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին դաշնակարուհի Զարա Բարխուդարեան եւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Սիփան» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ լիբանանահայ Գօգօ Քէլէշեանի։

Իրենց ներկայութեամբ համերգը պատուեցին կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի քահանայ հայրերը՝ Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան եւ Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեան։

Համերգին բացումը կատարելով, կազմակերպիչ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի վարչութեան անունով եղբ. Յակոբ Գազանճեան յայտնեց, որ ուրախութիւն է ողջունել Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովին մասնակիցները, որոնք հեռաւոր ափերէ գալով, իբրեւ կայան ընտրած են Կիպրոս կղզին՝ խորհրդակցելու, տեսակէտներ փոխանակելու, ծրագիրներ մշակելու եւ հեռաւոր ափերու վրայ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ձայնն ու ցանկութիւնը լսելի դարձնելու համար։

Եղբ. Գազանճեան հաստատեց. «Համախմբուած ենք, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւենք մեր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները։ Պիտի կազմակերպուինք, պիտի շարունակենք 98-ամեայ մեր պատմութեան երթը եւ պիտի թիավարենք հոսանքն ի վեր՝ հասնելու համար նոր կազմաւորուող գաղութներ, մանաւանդ՝ Միջին Արեւելքի տագնապներուն պատճառով արեւմտեան ափերուն ձեւաւորուող հայկական նոր օճախներ»։

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմական դերակատարութեան անդրադառնալով, եղբ. Գազանճեան շեշտեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը Սփիւռքը կապեց Հայաստանին։ Ան չեղաւ սոսկ մարզական միութիւն մը, չեղաւ սոսկ սկաուտական միութիւն մը, այլ եղաւ դպրոց մը՝ իր մարդակերտման ու հայակերտման ծրագիրներով։ Եղաւ առաքելութիւն մը՝ իր վեհ սկզբունքներով ու ազնուագոյն իտէալներով։ Ան իր մէջ ամփոփեց հայու հարազատ ապրումները, ձեւաւորեց եւ հունաւորեց երիտասարդ սկաուտին ու մարզիկին ուղին, դարձաւ սփոփիչ գործօն»։

Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Գազանճեան ներկայացուց օրուան աստղը՝ հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանը, որ 2008-էն ի վեր կը հանդիսանայ UNICEF-ի բարի կամքի դեսպանը Հայաստանի մէջ։ Ան արժանացած է բազմաթիւ կոչումներու եւ գնահատական շքանշաններու։

Բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ օրուան համերգը եւ երգչուհի Ալլա Լեւոնեան շուրջ երկու ժամ իր տպաւորիչ ելոյթով հմայեց բոլորը։ Ժողովրդային, ազգագրական եւ հայրենասիրական սիրուած երգերով Ալլա Լեւոնեան յուզիչ եւ խանդավառ պահեր ստեղծեց ներկայ հանդիսականներուն մօտ, որոնք երկար ծափերով իրենց անկեղծ գնահատանքը յայտնեցին հանրաճանաչ արուեստագիտուհիին։

Ալլա Լեւոնեանի անզուգական կատարումները փոխանցեցին հարազատ կանչը հայրենիքին, քաջարի սխրանքները հայ զինուորին, յոյսերն ու երազները հայ մօր։ Կարճ՝ Ալլա Լեւոնեան իր երգերով գովքը հիւսեց համազգային մեր տեսիլքներուն եւ այդ տեսիլքներուն հասնելու հայ մարդոց կամքին եւ վճռակամութեան։

Տարածենք