Հ. Ս. ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ
ՄԱՐԶԻԿ (Երեւան)- Սկաուտական եւրոասիական տարածաշրջանի 6-րդ համաժողովին եւ երիտասարդական 3-րդ ֆորումին մասնակցող միջազգային պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Այցելուներու շարքին եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ներկայացուցիչ եղբ. Հրաչ Շմաւոնեան։
Նախագահ Սարգսեան հիւրերը ողջունելով գնահատեց սկաուտական նման հանդիպումներ Երեւանի մէջ կատարելու քայլը եւ երիտասարդութեան ձայնը որոշումներու որդեգրման մէջ լսելի դարձնելու նախանձախնդրութիւնը։
«Հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ անոր գործունէութիւնը խթանելու ձեր կեցուածքը համահունչ է երիտասարդութեան նկատմամբ մեր երկրի որդեգրած քաղաքականութեան», նշեց նախագահ Սարգսեան։ Ապա, ան աւելցուց. «Լիայոյս եմ, որ ձեր աշխատանքը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ եւ կարելիութիւն կ’ընծայէ աւելի սերտ կապեր հաստատելու մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, անոնց շարքին նաեւ՝ սկաուտական կառոյցին հետ, առիթ դառնալով նաեւ Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութեան ծանօթացման»։
Հիւրերը, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Սարգսեանին՝ իրենց գործունէութեան աջակցելու եւ Երեւանի մէջ սկաուտական տարածաշրջանի համաժողովը եւ երիտասարդական ֆորումը լաւագոյն ձեւով հիւրընկալելու համար։