«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 19 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, մեծ թիւով ընթերցասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, համակիրներու եւ հիւրերու մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօնը Հայոց Ցեղասպանութան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հեղինակած «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում» հատորին: Ներկայ էին թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Թորոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ՝ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Կարօ Իսբէնճեան, հատորին ներկայացումը կատարող դոկտ. Կարօ Մոմճեան, գիրքի հեղինակ Հայկ Դեմոյեան եւ այլ հիւրեր:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց քայլերգներու կատարումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Իվանա Գրիգորեանի կողմէ:

Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Մարօ Քէշիշեան։ Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ. «Ամէն անգամ, երբ մարմնամարզի մասին հրատարակութիւն մը լոյս տեսնէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զայն ներկայացնելու ընթերցասէր հասարակութեան, որովհետեւ «Առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ» կարգախօսին հաւտալով, մտային զարգացումէն անկախ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ֆիզիքական դաստիարակութեան, որուն լաւագոյն վկան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին կազմակերպած շարունակական հարուստ մարզախաղերն են: Ուրախ ենք, որ նման հրատարակութիւններու հեղինակները եւս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակներուն գիտակցելով, նոյն ակնկալութիւնը կ՛ունենան անոր մարմիններէն»: Քէշիշեան ուրախութիւն յայտնեց, որ հատորին հեղինակը ներկայ է ձեռնարկին:

Գեղարուեստական բաժինով, քլարինէթով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան նուագախումբի անդամներէն եղբ. Րաֆֆի Աւագեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղի արենոյշներու Վարիչ Առաջնորդ քոյր Արինա Մկրտչեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մարդ Էլ կայ, մարդ Էլ» բանաստեղծութիւնը:

Դեմոյեանի հատորին ներկայացումը կատարեց պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեան, որ հանրութեան ծանօթ է իր ազգային, գրական, կրթական, ստեղծագործական, դաստիարակչական, հեղինակային եւ մանաւանդ՝ պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող ուսումնասիրութիւններով: Ան իր դոկտորական աստիճանը ստացած է UCLA համալսարանէն՝ մասնագիտանալով պատմաբանական գիտութեանց մէջ: Հեղինակն է հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքի մը՝ «Մեր Պատմութիւնը» խորագիրով: Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած դոկտ. Մոմճեան հեղինակած է նաեւ ակադեմական հատորներ եւ 20-է աւելի յօդուածներ: Ան վերջերս նաեւ սրբագրութիւնը կատարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժողովավարական կանոններու եւ կանոնագիրի թարգմանութեանց:

Յիշեցնելով, թէ մարմնամարզը քիչ ուսումնասիրուած նիւթերէն մէկն է մեր ընդհանուր պատմագրութեան մէջ, Մոմճեան հաստատեց. «Մարմնամարզը ինքնութեան կերտումի հիմնական միջոցն է, որ շատ կարեւոր է ազգի մը երիտասարդութեան մարտունակութեան համար եւ որուն անտեսումը սխալ է»: Ապա, հպանցիկ ակնարկ մը նետելով Օսմանեան կայսրութեան փոքրամասնութիւններու (հայեր, յոյներ) միջոցով 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը մարմնամարզի ոլորտին զարգացման, ան շեշտեց կարեւորութիւնը Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական սպորտը Եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում» հատորին: Ըստ Մոմճեանի, 12 գլուխներէ բաղկացած հատորին մէջ կը ներկայացուին-. - Մարմնամարզի երեւոյթին պատմական հոլովոյթը՝ Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին նահանգներուն մէջ: - Մարմնամարզի ռահվիրաներ Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վահան Չերազ, Մկրտիչ Մկրեան եւ ուրիշներ: - 1911-1914՝ հայկական ողիմպիական խաղերը, որոնք Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուին «Նաւասարդեան» անուան տակ: - 1912-ին, հայ մարզիկներ Վահրամ Փափազեանի եւ Մկրտիչ Մկրեանի մասնակցութիւնը միջազգային ողիմպիական խաղերուն: - Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով այս բնագաւառին ցաւալի կորուստը եւ անոր վերընձիւղումը որբանոցային մթնոլորտի մէջ եւ, վերջապէս, 1918-1920 մարմնամարզի վերակազմաւորումը եւ սկաուտութեան ծաղկումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ այլ մարմնակրթական միութիւններով:

Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ մարմնամարզի ջատագով տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, որ հաստափոր հատորի մը մէջ համադրած է իր մեծ հօրեղբօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր, նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի «Մարմնամարզ» թերթին հրատարակութիւնները: Քրիսեան առիթը պատեհ գտնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկ Դեմոյեանին՝ մարմնամարզի առնչուող իր հատորին հրատարակութեան համար, որ պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ:

«Ես կ՛ուզեմ, որ երբ այսօր զինք մտիկ կ՛ընենք, գիտնանք, թէ իր խօսքերուն ետեւ ինք ի՛նչ լուրջ, լռելեայն, հետեւողական, մեթոտիկ եւ գիտական մօտեցում ցուցաբերած է, ինչ որ որ իսկապէս կը պատկանի ամենայառաջատար գիտաշխատողի մը: Ինք ինծի համար մեր եզակի երեւոյթներէն մէկն է», ըսաւ տոքթ. Քրիսեան:

Այնուհետեւ, Քէշիշեան ներկայացուց ձեռնարկին գլխաւոր առանցքը հանդիսացող, հատորի հեղինակ, կիւմրեցի Հայկ Դեմոյեանը, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժինը աւարտելէ ետք, պատմական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճանին արժանացած է 2012-ին, պաշտպանելով «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը- Թուրքիան. պատմահամեմատական վերլուծութիւն» թէզը: Պատմաբան ըլլալէ անկախ, ան համալսարանի դասախօս, հրապարակախօս, հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է: Դեմոյեան վարած է պետական եւ պատասխանատու բազմաթիւ այլ պաշտօններ: Պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» 2-րդ աստիճանի, «Գարեգին Նժդեհ», «Դրաստամատ Կանայեան» եւ «Զօրավար Անդրանիկ» մետալներով, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Հ. սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան ոսկէ մետալով: 2006-էն ի վեր ան տնօրէնն է Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Բեմ հրաւիրուելով, Հայկ Դեմոյեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ջանք թափեցին ձեռնարկին կազմակերպման համար եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը պիտի կազմակերպէ Փարիզի մէջ եւ այնուհետեւ՝ ամէնուր:

Հատորը կը վերաբերի 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ձեւաւորուած հայկական մարմնակրթական լայն շարժումին:

«1900-1922-ը, ընդհանուրը 22 տարի, դա մի ակնթարթ է պատմութեան համար, բայց այս ակնթարթը բաւարար է, որպէսզի մենք լուրջ կերպով ներկայանայինք թէ՛ կայսրութեան ներսում, որպէս առանձին միաւոր եւ թէ առանձին էթնիկ հանրութիւն, իր բաղադրիչներով՝ մշակութային եւ քաղաքակրթական: Եւ նաե՛ւ կայսրութեան սահմաններից դուրս»: Իսկ անդրադառնալով իր հեղինակած հատորին, ան յատկապէս ընդգծեց անոր 8-րդ գլուխին՝ «Սպորտը եւ ազգային մրցակցութիւնը», կարեւորութիւնը, որովհետեւ իրեն համար այդ «…թերեւս առաջին հերթին ազգայնականութեան հետազօտութիւն է»:

Աւելի խորանալով, Դեմոյեան շեշտեց, որ «Հատորը նոր տեսական հիմնաւորումներ է մէջտեղ բերում, որպէսզի մենք հասկանանք ոճրագործների, Տէր Զօրի հոգեբանական մանրամասնութիւններն ու դրուագները՝ որոշումների կայացման, դրանց հիմնաւորման առիթով: Այս հատորը եւս մէկ անգամ գալիս է փաստելու Ցեղասպանութեան կանխամտածուած լինելը, ծրագրուած լինելը եւ դրա հոգեբանական դրդապատճառները, յատկապէս՝ ոճրագործներինը: Սպորտը, դա արդիականացում է, այսինքն՝ «մոտերնիզմ»: Սպորտը, դա առաջադիմութիւն է, մանաւանդ 20-րդ դարի սկզբի համար: Ամբողջ աշխարհով մէկ մարմնակրթական հուժկու շարժում էր սկսուել, եւ որի նպատակը միայն մշակութային եւ առողջաբանական չէր»:

Հեղինակի համոզումով, 1912 թուականին իսկ մօտալուտ համաշխարհային պատերազմի մը բռնկման զգացումը գոյութիւն ունէր, եւ այս պատճառով, թրքական ամբողջ մարզական կեանքը, սկիզբէն եւ այնուհետեւ ազգայնական էր, մոլեռանդ էր եւ երիտթրքական էր:

Հետաքրքրական էր նաեւ հատորին մէջ տեսնել առաջին անգամ հրատարակուող պատմական նկարներ, զորս հեղինակը կարողացած էր ձեռք բերել թրքական աղբիւրներէ եւ մանաւանդ՝ թուրք երիտասարդ պատմաբաններէ: Բնական է, նկարներ նաեւ ձեռք բերած էր Փարիզի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ հայաստանեան արխիւներէ: Դեմոյեան, փաուըր փոյնթի ընկերակցութեամբ եւ մանրամասն բացատրութիւններով, մէկ առ մէկ ցոյց տուաւ հատորին նկարները: Ներկաները համբերութեամբ եւ կեդրոնացումով հետեւեցան հեղինակին հետաքրքրական ներկայացման:

Ձեռնարկին վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնի արարողութիւնը, զոր յատուկ աղօթքով կատարեց Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Թորոսեան: Կարգով հատորը գինիով օծեցին հեղինակ Հայկ Դեմոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Վիգէն Դաւթեանն ու Օշին Փիրումեանը, Կարօ Իսբէնճեան, օրուան բանախօս Կարօ Մոմճեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ Մանուէլ Մարսէլեան, ձեռնարկի հանդիսավար Մարօ Քէշիշեան եւ ուրիշներ:

Ձեռնարկի աւարտէն ետք հեղինակը ընթերցասէրներուն սիրայօժար եւ գեղեցիկ մաղթանքներով մակագրեց իր հատորը։

Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան նախաքայլը առած նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի նուիրուած հատորը եւ անոր ընդմէջէն իրենց առողջութեան նպաստող գիտելիքներու ամբողջութիւն մը:

Տարածենք