Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ
Շաբաթ, 18 Յունուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Մանուկ Քէօշկերեանի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գէորգ Արք. Խազում։
Այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց միութեան ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ յառաջիկայ քառամեակի գլխաւոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները։
Ամենապատիւ Տէրը իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած գործունէութեան համար, մօտէն հետաքրքրուեցաւ նորակազմ գաղութներու մէջ միութեան կատարած աշխատանքներով եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ դեսպանատան քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեանի հետ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ դեսպան Աթաբէկեանի հետ խորհրդակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն եւ այս ամառ միութեան Հայաստան մուտքը նշող 100-ամեակի ձեռնարկին, բանակումին եւ անոնց ընկերացող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 8-րդ համագումարին մասին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն քաջածանօթ մը ըլլալով, դեսպան Աթաբէկեան մեծապէս դրուատեց միութեան դերը՝ նորահաս սերունդներու կազմաւորման եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումին մէջ։ Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստող Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան, մաղթելով որ միութիւնը անխափան շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ հակառակ հայ կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն։