ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՃԻՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Տերեւաթափը այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքէն խլեց եղբ. Սարգիս Հաճինազարեանը, որ լիբանանահայ կեանքի քանի մը բնագաւառներու վերջին ներկայացուցիչներէն էր։ Ան եղած է հեծելարշաւի մարզիկ եւ երկրորդ սերունդի սկաուտ խմբապետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի երէց փաղանգի (1966-ին)։ Ասպարէզով այր մարդոց հագուստի համբաւաւոր վաճառականներէն մէկն էր, Պէյրութի երբեմնի կեդրոնական շուկաներէն «Սուք Սըրսոք»ի եւ «Սուք Ալ Էրմէն»ի մէջ (հայկական շուկայ):

Պէյրութ քաղաքին կեդրոնը, իբրեւ դարերու պատմութիւն ունեցող վաճառականական հին քաղաք, դիմագիծը կորսնցուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք որդեգրուած վերաշինութեան անխոհեմ ու հակամշակութային ծրագիրով: Նախապէս ամբողջ ժողովուրդին պատկանող շուկան վերածուեցաւ կերպարանափոխուած «մեծահարուստներու» շուկայի, զբօսավայրի եւ բնակավայրի, ու շատերուն նման` եղբ. Սարգիսին խանութը եւս ոչնչացաւ։ Այսօր դժուար է նոյնիսկ գտնել անոր տեղը: Եղբ. Սարգիսին հետ նաեւ կը կորսուի այդ իւրայատուկ շուկայի աւանդութեան եւ պատմութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը:

Զուարճախօս եղբ. Սարգիսը հազար ու մէկ կատակներով համեմուած պատմութիւններ ունէր այդ շուկայի օրերէն: Հետագային, երբ Պուրճ Համուտի մէջ հաստատեց իր վաճառատունը, իր հին շուկայի տեղացի յաճախորդներէն ոմանք գտան զինք, եւ ես ականատես եղայ անոնցմէ մէկուն մեծաքանակ գնումին, իրեն տուած յաճախակի այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին:

Միշտ կատակասէր, իր բարեւին անպայման կատակ մը կամ դրուագ մը կ’ընկերանար, ըլլայ միութենական անցեալէն կամ շուկայէն: Միութենական աշխատանքներու ընթացքին գործը բարդացնողները եւ մանրուքներով զբաղողները չէր հանդուրժեր։ Իր բազմամեայ փորձառութեան ապաւինելով, յարմարագոյն լուծումը կ’առաջարկէր` կարճ կապելով օրակարգը: Շատախօսները չէր սիրեր, թէեւ ինքն ալ ըսելիք շատ կ’ունենար, սակայն ընդհանրապէս` զուարճալի:

Սկաուտական «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանը իւրացուցած` եղբ. Սարգիս տարիներու դադարէն ետք, ժամանակ մը սիրով մաս կազմեց իրմէ բաւական կրտսեր անդամներով Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին` ստանձնելով նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբի անդամներու տարազներու ծանր պատասխանատուութիւնը, որ կ’ենթադրէր ժողովի օրէն զատ, շաբաթը քանի մը անգամ, առանց գանգատի, ներկայ գտնուիլ կեդրոն` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի առանց վերելակի շէնքին եօթներորդ յարկը եւ ընկերանալ շեփորախումբի ելոյթներուն, հօր մը նման հոգալով տղոց կարիքները:

Վարձքդ կատար, եղբա՛յր Սարգիս:

 

Յարութ Չէքիճեան

 

Տարածենք