ԵՂԲ. ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԱՄ ԲՈԼՈՐԻՆ ԱՔԵԼԼԱՆ

 

Մահախօսական կամ դամբանական գրող, պատրաստող եւ կարդացող մը չեմ եւ չե՛մ ալ ուզեր ըլլալ: Հաստատապէս ծանր է եւ յուզիչ: Սակայն այնպէս կ’երեւի, թէ «հարկ՝ լուծանել զօրէնս» հայկական առածը ինծի համար ալ գրուած ըլլար, որովհետեւ յաճախ ե՛ւ ստիպուած, ե՛ւ կամաւոր կը շեղիմ որոշումէս: Որովհետեւ բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ ճակատագիրի բերումով մէկիկ-մէկիկ մեզմէ կը բաժնուին հարազատներ, բարեկամներ, կրթական մշակ-ընկեր-դրացի ու նաեւ սերունդի մը մարդիկը, որոնք իրենց գործը աւարտելով կամ կիսաւարտ, «կը բաժնուին» այս աշխարհէն, իրենց ետին ձգելով բաց մը: Ուստի, ճիշդ այդ «բացը» մատնանշելու եւ զայն յայտնաբերելու համար, կեանքի կը կոչեմ բառերս ու իբրեւ յարգանքի վերջին տուրք՝ միտքիս եւ յուշերուս հոսքը կը տեղադրեմ սեւով ճերմակ թուղթիս տողերուն վրայ, երախտապարտ զգացումով:

Հապա՞ ա՛յս անգամ: Միտքս պարզեմ:

Ամիսներ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Թենըսի նահանգին մէջ, բոլորէս անշշուկ հեռացաւ Լիբանանի մեր սիրելի Աքելլան՝ եղբ. Յակոբ Կարապետեան անունով տարէց խարբերդցին, մեծ կարօտի մը զգացողութիւնը ժառանգ ձգած իր հարազատներուն եւ շրջապատին: Մէկ խօսքով՝ օրինակելի ծառայութեամբ, հաւատքով եւ վարակիչ ապրումով հայ մը, տիպար, ե՛ւ համեստ, ե՛ւ գիտակից կեանքով ապրած միութենական:

Զինք կը ճանչնայի իբրեւ բազմաճիւղ տոհմի մը վերջին նահապետը, որ շուտով այս օրերուն պիտի դառնար մէկ դարու մարդ։ Ան որ ապրեցաւ Եղեռնի ու նաեւ յետ-Եղեռնի տարագրուած հայրենասիրական մթնոլորտին մէջ, կրելով բոլոր օրերու բազմաշերտ եւ բազմագոյն բեռը:

Աքելլայի իր մակդիր-կոչումէն անդին, զինք ճանչցած եմ իբրեւ երէց եղբայր մը, որուն սիրտը միշտ բաբախած է միութեան համար: Միութիւն ըսի, պէտք է հաստատէի, որ այդ մէկը Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, որուն իմաստուն սկզբունքին յենելով, ան շարունակեց իր կեանքը՝ հաւատարիմ գործին եւ հայկական աւանդութիւններուն:

Եղբ. Յակոբ Կարապետեան ամուսնացած էր Հալէպի Ազգ. Քառէն Եփփէ Ճեմարանի իմ շատ սիրելի ու յարգելի ուսուցչուհի Երան Ջաղացպանեանի հետ: Անոնք ունեցան երկու մանչ զաւակ՝ Նարեկ եւ Շանթ, որոնց տուին հայեցի կրթութեամբ պատշաճ դաստիարակութիւն ու նաեւ՝ ազգային եւ մարդկային իմաստութեան սկզբունքներ: Իսկ ինք շարունակեց իր կեանքը՝ դառնալով օրինակելի միութենական, պատիւ բերելով իր ընտանիքին եւ պատկանած միութեան:

Եղբ. Յակոբին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ կեանքի հրաշքներէն մէկն էր: Իր իւրաքանչիւր գայլիկին, սկաուտին ու մարզիկին ներշնչած էր եղբայրական սքանչելի ոգի եւ բոլորին սորվեցուցած էր ըլլալ մի՛շտ պատրաստ հայ ազգին ընծայելու լաւագոյնը: Իւրաքանչիւր կակուղ թաթիկ, մրջնիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ կամ վարիչ պատասխանատու, որ անցաւ իր շարքերէն, կրնայ անվերապահօրէն այս բոլորը հաստատել, որովհետեւ ինք կը հաւատար եւ կը դաստիարակէր այն համոզումով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական միջավայր մը չէր, ո՛չ ալ մարդերու համախմբում մըն էր, այլ՝ դպրոց մը, օճախ մը, դարբնոց մը մարդակերտումի եւ հայակերտումի:

Ան բոլորին եղբ. Յակոբ ներարկած էր ազգային բարձր ոգի եւ խոր գիտակցութիւն: Միշտ եւ ամէն հանդիպողի երգած էր սկաուտական կամ գայլիկական երգեր: Բոլորին յիշեցուցած սկաուտական կանչերը եւ, իբրեւ հաւատաւոր Աքելլա, միշտ ձախ ձեռքով բարեւած էր, միաժամանակ իր քաղցր ժպիտը խառնելով իր մաղթանքներուն:

Կենսագրութիւնը մարդուս դիմանկարն է՝ ըսած են մեր մեծերը, անոր ապրած կեանքն ու անցած ճանապարհը իր բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնարաւորութիւններով, ուրախութիւններով, տխրութիւններով եւ զանազան վերավայրումներով: Եւ իր տարիքի մարդիկ ապրած են յիշողութեամբ: Յուշեր ունենալ կը նշանակէ ունենալ անցեալ, իսկ անցեալը մասնիկ մըն է մարդու մը կեանքէն: Այս կը նշանակէ, թէ այդ մարդը ունեցած է ապրուած կեանք մը:

Ու ի՜նչ բախտաւորութիւն է, երբ օր մը կը հանդիպիս եւ կը բարեկամանաս նման հայու մը:

Անոնք որոնք զինք չեն տեսած, անկասկած, որ իրեն հանդիպած վայրկեանին պիտի նշմարէին, որ իր նկարագիրի մեծութեան կողքին ան ունէր խաղաղ նայուածք մը, որ մշտաժպիտ իր դէմքին վրայ պահած, իր հետ կը պտըտցնէր ամէն տեղ:

Բոլորին նման ես ալ զինք միշտ պիտի յիշեմ՝ թեթեւ ժպիտ մը շալկած դէմքով, տակաւին երկու փոսերու մէջ հանդարտ եւ անձայն լողացող երկու աչքերով, մեղմ ու համոզիչ ձայնով: Վեհ սիրտ մը ունէր, որ կը բաբախէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար, որուն կեանքին իր շունչն ու քրտինքը բերաւ խառնելու: Ինքնուրոյն եւ եզակի դեմագիծ: Իր մօտ միշտ կարօտն ու խանդավառութիւնը կեանք կը ներարկէին: Ան այս ձեւով էր, որ մուտք գործած էր բոլորիս սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, պարզ ու յստակ, թարմ ու առողջ, նոր ու վստահութիւն ներշնչող հայաշխարհով:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին «Աքելլայական», եթէ ներելի է նման բացատրութիւն, իր գեղեցիկ ոգին պտըտցուց իր հետ: Խաղաղասէր, աստուածավախ, մարդասէր, բարի եւ հիւրասէր էր: Նոյնիսկ օտարը սիրելու եւ ընդունելու ունակութեամբ հաւատք եւ վճռականութիւն փոխանցեց շուրջիններուն:

Կար ժամանակ, երբ մարդիկ աւելի տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, աւելի խոնարհ՝ իրենց ծառայութիւններուն եւ ուղղամիտ՝ իրենց կեցուածքներուն մէջ, օրինակ եւ ներշնչումի աղբիւր դառնալով ամէնուն:

Եւ ահա՛ մեր բոլորին Աքելլան:

Պիտի օրհնուի անունը: Պիտի մնան իր խօսքերն ու յիշատակը: Ան լաւ գիտէր, որ մարդոց կեանքին մէջ ո՛չ հանգամանքը, ո՛չ փառքը, ո՛չ մակդիրը եւ ո՛չ ալ դրամը անմահութիւնը կ’ապահովեն: Անոր համար ալ ան եղաւ միշտ լուսարձակներէ հեռու եւ այդ ձեւով ալ գործեց: Պարզապէս ինքզինք իր ջանքերով կերտած հայ մըն էր, խոնարհ եւ հայրենասիրական ոգիով:

Ինծի համար, անկախ իր յառաջացած տարիքէն, բացառիկ անձնաւորութիւն մը, որ մնաց յարգուած ու ճանչցուած մինչեւ իր մահը: Ու բոլորը սիրեցին զինք իր հանդարտաբարոյ, համեստ եւ դիպուկ ակնարկութիւններուն համար: Ոեւէ մէկուն հասցէին ժխտական կեցուածք չէր ունեցած: Իր սեւեռուն հայեացքին տակ առած էր պարզ, զուարթախոհ լեզուն եւ մանաւա՛նդ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու եւ մնալու հպարտանքը, որ ժառանգ ձգած էր բոլորին:

Ինք հաստատապէս կը պատկանի օրհնուած այն փաղանգին, որ նոր սերունդի հոգիներուն մէջ հայկականութեան աւիշը ներարկեց համբերութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ստացաւ պատուանուններ, բազմաթիւ գնահատականներ, շքանշաններ եւ պահեց իր համեստութիւնը: Մէկ խօսքով, անկեղծ եւ գիտակցական կեանքով ապրող միութենական մը, որ նիւթականով չէր հետաքրքրուած, այլ՝ զոհաբերութեան ոգիով, խոնարհ, ժպտախոհ ու տքնաջան լուռ գործով: Եզակի ապրումներով ու հաւատքով կը պատմէր ամէն յուշ եւ կ’երգէր ամէն երգ կամ կանչ: Իր նմանները մեզի կը բերեն այն թելադրանքն ու բաղձանքը, որ միութեան  ծառայելու անսակարկ վաստակը բոլորիս համար դառնայ ներշնչում, իսկ հաւատքով ու նուիրումով աշխատանքը՝ առաքելութիւն:

Սրտի եւ յարգանքի այս խօսքերս փակելու համար, երախտապարտ զգացումներով նաեւ աւելցնեմ, որ այս քանի մը պարբերութիւններու մէջ խտացած մտածումներս, իբրեւ ծաղկեփունջ կը բերեմ իր հեռաւոր հողակոյտին՝ յիշելով իր ժպիտը, իր ձայնը եւ միութենականի հպարտա՛նքը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

Գէորգ Պետիկեան

 

Տարածենք