Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԿԸ ՆՇԷ«ՄԱՐԶԻԿ»Ի 35-ԱՄԵԱԿԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Վիեննա)- 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, Վիեննայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղը արժանավայել կերպով նշեց միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Սկաուտները շքերթով սրահ մուտք գործելէ ետք, Հայաստանի քայլերգով հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջերս մահացած, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Բիւզանդ Թորիկեանին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եղբ. Յակոբ Սահակեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Մարզիկ»ի առաքելութեան: Քոյր Շաղիկ Շատոյեանի հանդիսավարութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ մասնաճիւղի սկաուտներուն: Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց երգ, նուագ եւ ասմունք։ Խումբ մը սկաուտներ սահուն առոգանութեամբ «Մարզիկ»ի հին ու նոր թիւերու նիւթերէն հատուածներ ընթերցեցին: Այս առթիւ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Մարզիկ»ի 35-ամեայ երթը ներկայացնող տեսերիզը:

Հանդիսութեան աւարտին վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Գրիգոր Հալլաճեան, որ անդրադարձաւ ընթերցանութեան դերին ու «Մարզիկ»ի միջոցով նորահաս սերունդներու առողջ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու անհրաժեշտութեան:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք հանդիսականները առիթը ունեցան «Մարզիկ»ի 35- ամեայ բերքին մօտէն ծանօթանալու եւ հիւրասիրուելու:

Տարածենք