ՔՈՅՐ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ
21 Յունուար 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշանակուեցաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար։
Քոյր Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ծնած է 1 Յունուար 1984-ին եւ յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան։ Երկրորդական ուսումը ստացած եւ վկայուած է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճէն։ Այնուհետեւ, ան աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ունի մագիստրոսի աստիճան` ընկերային հոգեբանութեան մէջ, Լիբանանեան համալսարանէն: Ունի նաեւ «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական` Հայկազեան համալսարանէն:
2017-էն մինչեւ նախարար նշանակումը, քոյր Վարդինէ տնօրէնն էր «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին: 2013-2017 ան եղած է նոյն կեդրոնին ընկերային ծառայողը: 2007-2008, իբրեւ ընկերային ծառայող, ան աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ: 2005-2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»ի ընկերային ծառայողը: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:
Քոյր Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անդամակցած է Հ․Մ․Ը․Մ․ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն:
Նախարար նշանակման առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամներ՝ եղբայրներ Վաչէ Նաճարեան եւ Վիգէն Աւագեան այցելեցին քրոջ եւ միութեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին անոր՝ մաղթելով բեղուն գործունէութիւն եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն։