ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈՂԿԱՊԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 8 Մարտը յիշատակելի օր մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղին համար, որուն սկաուտներու երկրորդ խումբը պատուով կատարեց Նորագիրի իր քննութիւնը եւ նուիրական խոստումով արժանացաւ փողկապ կրելու իրաւունքին։

Խոստման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախի նահատակ ազատամարտիկ Բեկորի (Աշոտ Ղուլեանի) Ստեփանակերտի յուշարձանին մօտ, ներկայութեամբ Արցախի Ազգային Ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանի, Հ.Յ.Դ.ի անդամներու, սկաուտներու, ծնողներու եւ հիւրերու։

Այս առիթով մամուլին իր կատարած յայտարարութեան մէջ, մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Վրէժ Էսմէրեան յայտնեց, որ արցախցի պատանիները ոգեւորուած են սկաուտական գաղափարներով։ Մասնաճիւղը լծուած է իր հիմնական նպատակին՝ կարգապահ, կազմակերպուած երիտասարդներու պատրաստութեան։

Յայտնենք, որ 28 Փետրուարին, Արցախի սկաուտները այցելեցին Սումկայիթի զոհերու յուշարձան եւ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին 32 տարի առաջ նոյն օրը Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ դաժանաբար սպանուած բազմահարիւր հայերու յիշատակին։

Նախօրոք, 16 Փետրուարին, սկաուտները յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ, Արցախեան շարժումի մասնակից, հայրենիքի նուիրեալ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին։

Տարածենք