Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ 51-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ
Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Նաւասարդեան միջ-մասնաճիւղային 51-րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան 25-28 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մելպուռնի մէջ։ Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի «Անդրանիկ», «Արաքս» «Նաւասարդ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու մարզական խումբերը։
Խաղերը ընթացք առին 25 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Անդրանիկ» եւ «Արարատ» մասնաճիւղերու բոլոր տարիքի տղոց ֆութպոլի խաղով։ Յաղթեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի «Անդրանիկ» մասնաճիւղը, որ շահեցաւ «Թորոս Գահրամանեանի անուան բաժակ»ը։
Յաջորդ օր սկսան պասքեթպոլի եւ ֆութսալի մրցաշարքերը։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 2-ին, նախքան մարզական տողանցքը, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Մելպուռնի «Արաքս» մասնաճիւղին սկաուտները մարզախաղերու մասնակիցներուն ներկայացուցին սկաուտական կարճ յայտագիր մը։ Ապա, տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ շեփորախումբին, «Արաքս» մասնաճիւղի սկաուտական կազմին եւ բոլոր մասնաճիւղերու մարզական խումբերուն։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Մելպուռնի հոգեւոր հովիւ Խաչեր Քհնյ. Յարութիւնեան, Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Հ․Յ․Դ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Մելպուռնի կոմիտէի ներկայացուցիչները, Հ․Մ․Ը․Մ․ի նախկին եւ ներկայ Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու վարչական անդամներ, յանձնախումբեր եւ հազարէ աւելի հայորդիներ։
Աւստրալիոյ, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներէն ետք տեղի ունեցաւ մարզիկի երդումը՝ երէց եղբայր Գալուստ Իփրաճեանի եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղէ մէկական մարզիկի մասնակցութեամբ։
Քոյր Անիթա Օհաննէսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ․ Տերիք Քարամեանը փոխանցելու վարչութեան խօսքը:
Եղբ. Քարամեան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց, որ Հ․Մ․Ը․Մ․ի նպատակը եղած է սփիւռքեան հայահոծ գաղութներու մէջ հաւաքել հայ երիտասարդութիւնը եւ անոնց ջամբել հայեցի ոգի եւ դաստիարակութիւն։
Այսօր,- շարունակեց ան,- Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքը կը գտնուի իր առաքելութեան մայր հունին մէջ եւ կը շարունակէ իր նուիրական գործը։ Մարզախաղերը կը սկսին այսօր եւ բոլորս վճռած ենք զանոնք յաջողութեամբ պսակել։
Եղբայրը նաեւ հաստատեց, որ խաղերու ժամանակ պիտի ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ, սակայն Հ․Մ․Ը․Մ․ականի ոգին պէտք է ըլլայ տիրապետողը։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեան։ Ան ըսաւ, որ Նաւասարդեան մարզախաղերը գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ ընտանիքին համար։ Ամէն տարի Դեկտեմբերի վերջին օրերուն, շրջանի մասնաճիւղերուն մարզական խումբերը քով-քովի կու գան, խանդավառ մթնոլորտի մէջ իրարու դէմ կը մրցին եւ յաղթել-պարտուելէ անկախ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առողջ եւ աշխոյժ կեանքին փաստը կու տան։
Այս խաղերը, որոնք 51-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենան այս տարի,- շարունակեց եղբ. Վահրատեան,- կ’ենթադրեն հսկայական ճիգ եւ պատրաստութիւն, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք անցնող ամիսներուն ծրագրեցին, կազմակերպեցին եւ աշխատեցան, որպէսզի մենք ունենանք յաջող եւ յիշատակելի խաղեր։
Եղբ. Վահրատեան Նաւասարդեան մարզախաղերու նպատակին մասին խօսելով շեշտեց, որ այս մարզախաղերը սպասուած խաղեր են, որովհետեւ անոնք մարզիկներուն, մարզիչներուն, պատասխանատուներուն եւ խաղերուն հետեւող մեր ժողովուրդին մօտ կը ստեղծեն մեծ խանդավառութիւն։ Այս խաղերով մեր մարզիկները աւելի կը կապուին իրենց սիրելի միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Կը ստեղծուին անմոռանալի յիշատակներ, որոնք չեն վերջանար խաղերուն հետ, այլ՝ կը շարունակուին մինչեւ յաջորդ խաղեր։
Եղբայրը անդրադարձաւ նաեւ մարզախաղերու մասնակից մարզիկներուն եւ ըսաւ. «Մեր մարզիկները, մեր երիտասարդները, մեր ներկա՛ն են ու մեր ապագան։ Երբ կը տեսնենք անոնց ուրախ դէմքերը, երբ կը դիտենք անոնց յաղթական մրցումները անպայման կը լեցուինք այն յոյսով, որ մեր շրջանին ապագան, մեր ժողովուրդի ապագան ապահով ձեռքերու մէջ է։ Այսպիսի երիտասարդութիւն ունեցող միութիւն մը պէտք չէ մտահոգուի ապագայով, ընդհակառակն՝ պէտք է ուրախանայ, թեւ ու թիկունք կանգնի այս քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի անոնք իրենց յաղթական երթը շարունակեն նաեւ մարզադաշտերէն դուրս, մեր ակումբներուն մէջ, մեր համայնքի կեանքին մէջ, ուր մեր երիտասարդութիւնը շատ բան ունի ընելիք»։
Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Վահրատեան դիտել տուաւ, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար մարզիկի մը անհատական յաջողութիւնը արժէք չունի, եթէ այդ յաջողութենէն միութիւնը չօգտուիր։ Մարզական խումբի մը առաջնութիւնը արժէք չունի, եթէ այդ խումբը հաւաքական եւ համերաշխ կազմ չունի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը բարձրանայ եւ կը բարձրացնէ, կը սորվի եւ կը սորվեցնէ։ Անցնող 50 տարիներուն, այս համոզումով կատարուեցան Նաւասարդեան խաղերը, գալիք 50 տարիներուն եւս նոյն համոզումով պիտի կատարուին անոնք, քանի այս միութիւնը չի գործեր սովորական ակումբի մը՝ կամ քլապի մը նման, այլ կը գործէ իբրեւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, ազգային արժէքներով եւ ազգային նպատակներով»։
Իր կարգին, Խաչեր Քհյ. Յարութիւնեան խօսեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի նպատակին մասին եւ գնահատեց ու քաջալերեց մարզախաղերու մասնակից բոլոր մարզիկները։
Հարկ է նշել, որ խաղերը շարունակուեցան մինչեւ Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր։
ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ
Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Մելպուռնի «The Manor On High» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 650 հայորդիներու։ Երեկոն խանդավառեց Գանատայէն յատկապէս հրաւիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան:
Պարահանդէսին սկիզբը, քոյր Անիթա Օհաննէսեան փոխանցեց բարի գալուստի խօսք։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արաքս» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ ատենապետ Եղբ. Աբօ Գափլանճեան, որմէ ետք Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Տէրիք Քարամեան։
Եղբ. Քարամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութեան, նաեւ բոլոր վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու չորս օրերու տեւողութեամբ մարզախաղերուն ընթացքը։
«Պատի՜ւ բոլոր մարզիկ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, վարչական եւ մարզական պատասխանատուներուն։ Հ․Մ․Ը․Մ․ը եղաւ հետեւողականօրէն բարձրացող եւ բարձրացնող ներկայութիւն մը հայ կեանքին մէջ։ Փա՛ռք ու պատիւ եւ բի՜ւր յարգանք մեր բոլորին պաշտելի Հ․Մ․Ը․Մ․ին», ըսաւ եղբ. Քարամեան։
Եղբօր խօսքէն ետք, բեմ բարձրացան երգիչ Էլի Պէրպէրեան եւ նուագախումբը, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական ջերմ մթնոլորտի մէջ երեկոն խանդավառեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: