ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հետ համախորհուրդ, 2019-ին հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։
Այս առիթով Առաջնորդարանը պատրաստեց եւ հրատարակեց գրքոյկ մը, որ ընդգրկեց քրիստոնէական, կրօնա-եկեղեցական, աստուածաշնչային, պատմական եւ ազգային նիւթեր, որոնց հիմամբ ան կազմակերպեց դասընթացքներ։
Այսպէս, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանին առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, Մոնթրէալի եւ Լաւալի սկաուտներուն համար, իսկ երկրորդը՝ Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի սկաուտներուն համար: Դասընթացքին մասնակցեցան շուրջ 100 սկաուտներ:
Դասընթացքը վարեց եւ դասախօսական նիւթերը հմուտ կերպով ներկայացուց Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան:
Իբրեւ եզրափակում յիշեալ դասընթացքին, Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին ան օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը շնորհեց անոնց։
Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ, Առաջնորդը առաջին հերթին գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքն ու շքանշանի արժանացած սկաուտները, ընդգծելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այն միութիւնն է, որ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» եւ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» կարգախօսներուն կողքին, իր սկաուտական շարքերուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւա՛նդ հաւատարմութիւն Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: Ան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց քաջալերելու իր սկաուտները մասնակցելու այս դասընթացքին եւ արժանանալու «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանին, ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անխափան ու անվտանգ պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնն ու հայակերտումի գործը եւ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ այս միութեան վրայ: «Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր հայրենիքին եւ արտերկրի օճախներուն վերեւ ու մեր քայլերը առաջնորդուին դէպի մեր հայրենական ու ազգային տենչերու իրականացումը», եզրափակեց Բաբգէն Արք.:
Շաբաթ մը ետք, 9 Փետրուարին, նմանօրինակ հանդիսաւորութեամբ մը, այս անգամ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց շրջանի 10 սկաուտներու, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դասընթացքին։ Առաջնորդը օրհնեց թեկնածուները՝ յորդորելով կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն Աստուծոյ, հայրենիքին եւ ազգին։
Նշենք, որ 9 Փետրուարին Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 16 Փետրուարին Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրօնական դասընթացքին մասնակից սկաուտներուն շնորհուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։