Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՇԽՈՅԺ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

 

Շաբաթ, 25 Յունուար 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները մասնակցեցան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ ի պատիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանի կազմակերպած ընդունելութեան։

Կ’արժէ նշել, որ նախագահ Սարգսեան եւ տիկինը Պատրիարքարան հասնելով նախ շրջայց մը կատարեցին վանքին շրջափակին մէջ գտնուող սրբատեղիներ եւ հաստատութիւններ, ապա Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ անոնց ցուցադրուեցաւ գանձատունէն յատկապէս դուրս բերուած բացառիկ գանձեր, որոնց մէջ էին Կեռան թագուհիի Աւետարանը, Կոլոտ Պատրիարքի Աւետարանը, ինչպէս նաեւ՝ Հեթում թագաւորի հռչակաւոր գաւազանը:

Ապա, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս. Հրեշտակապետաց Վանք, Սուրբ Ծառ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Մատենադարան, ուր յիշատակի տետրակին մէջ նախագահ Սարգսեան արձանագրեց երկտող մը։ Յաջորդեց նախագահին ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներ, Երուսաղէմի հայեր, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւններու անդամներ։

 

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔԸ

Շաբաթ մը առաջ, 18 Յունուար 2020-ին, Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնի (Պաղեստինի հայութիւնը հին տոմարով 13 Յունուարին կը նշէ նոր տարին, իսկ 18 Յունուարին՝ Ս. Ծննդեան տօնը- «Մ.») աւանդական տողանցքը, ուր մասնաճիւղին սկաուտական շեփորախումբը դիմաւորեց եւ առաջնորդեց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանը՝ Բեթղեհէմ քաղաքի մուտքէն դէպի Ս. Ծննդեան տաճար։

 

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Յայտնենք, որ տարեշրջանին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը յատուկ ժամադրութեամբ մը այցելեց Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին, մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետ եղբ. Յարութ Պաղամեան Պատրիարք Հօր ներկայացուց միութեան վարչական կազմի անդամները։ Պատրիարքը շնորհաւորեց վարչականները եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի աշխատանքներուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միութիւնը եւ գաղութը յուզող կարգ մը հարցեր, ապա Պատրիարք Հօր ներկայացուեցաւ քրիստոնեայ համայնքներու երիտասարդական ֆութպոլի 5-րդ մրցաշարքին Հ.Մ.Ը.Մ. Երուսաղէմի նուաճած ախոյեանութեան բաժակը:

Հանդիպումէն ետք, մասնաճիւղին վարչական կազմի անդամները, ընկերակցութեամբ Պատրիարք Հօր գաւազանակիր եւ անձնական քարտուղար՝ Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանի շրջայց մը կատարեցին Պատրիարքարանի կամարներուն տակ՝ ծանօթանալով անոր դարաւոր պատմութեան եւ այժմու գործունէութեան։

 

Տարածենք