ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի Ներկայացուցչական 48-րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, հիւրերու, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի 10 մասնաճիւղերէ 53 լիազօր ներկայացուցիչներու:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ընթերցեց վեցամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ապա ժողովը քննարկեց միութեան սկաուտական, մարզական, կազմակերպական, դաստիարակչական եւ քարոզչական աշխատանքներու իրավիճակը, յատկապէս երկրին ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, եւ մշակեց ծրագիրներ յօգուտ միութեան եւ անդամներուն:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութեան կազմ` բաղկացած հետեւեալներէն.- եղբ. Րաֆֆի Մունջօղլեան, եղբ. Հայկ Թապագեան, քոյր Սիլվա Սաղրեան, քոյր Արտա Զէյթունլեան, եղբ. Լեւոն Մուրաջանեան, եղբ. Հրայր Սէթեան, եղբ. Յակոբ Սարգիս Քէշիշեան, եղբ. Սեպուհ Թոփալեան, եղբ. Սեւակ Աբրահամեան, քոյր Սոնա Պօղոսեան, եղբ. Ուիլսըն Քէօշկերեան։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ

48-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

 

Տարածենք