ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

 

 Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտական գործունէութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Շրջանային Սկաուտ. խորհուրդին, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն եւ Սկաուտ. Խորհուրդին։ Հալէպի տեղական նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Յովիկ Սիւլահեան խօսք առնելով ողջունեց բոլոր սկաուտները, ապա ներկայացուց 2020 տարեշրջանի Սկաուտ. Խորհուրդի նորանշանակ անդամները՝ եղբայրներ Աբիկ Խաչոյեան, Յովիկ Հապէշեան (մասնաճիւղի խմբապետ), Կարօ Տիշքէչէնեան, Վարդան Լախոյեան, Արամ Չաղլասեան, Մանօ Մանուկեան, քոյրեր Նայիրի Ազարիկեան, Նայիրի Զաքոյեան եւ Փէկի Պալմանուկեան։ Եղբ. Սիւլահեան յաջողութիւն մաղթեց անոնց, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընթացաւարտ Խորհուրդին՝ իր գնահատելի աշխատանքին համար։

Այս առիթով, ընթացաւարտ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան մասնաճիւղին դրօշակը փոխանցեց մասնաճիւղի նորանշանակ խմբապետ եղբ. Յովիկ Հապէշեանի։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՐՏԷԶԸ

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզ-մարզարանը կառուցուած է 1956-ին։ Ան կը բաղկանայ ֆութպոլի, թենիսի, վոլիպոլի մէկական եւ պասքեթպոլի երկու դաշտերէ։ Ունի նաեւ մարմնամշակումի յատուկ սրահ եւ հանդերձարան։ 2015-ին, Սուրիոյ պատերազմի ամէնէն բուռն օրերուն, պարտէզ-մարզարանը թիրախ դարձաւ հրթիռներու եւ կրեց ծանր վնասներ։

Պատերազմի աւարտէն ետք, պարտէզ-մարզարանը վերանորոգուեցաւ եւ վերստին գործել սկսաւ։

Տարածենք