«ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ»
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան գրական յանձնախումբին, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ նշուեցաւ հայ մամուլի 225-ամեակը՝ «Պատառիկներ հայ մամուլի պատմութենէն» խորագիրով:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան բեմավար քոյր Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պողիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց գրական յանձնախումբի ատենապետուհի քոյր Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեանը ներկայացնելու բացման խօսքը:
Քոյրը իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հռչակած «Հայ Մամուլի տարուան» ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գրական յանձնախումբը անհրաժեշտ նկատեց լուսարձակի տակ առնել հայ մամուլին պատմութիւնը՝ ընդգծելով անոր դերն ու կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ»։
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի Անժել Շէօհմելեան-Պէօյիւքեան քանոնի վրայ մատուցեց Սայաթ Նովայի «Էշխեմէթ» ստեղծագործութիւնը:
Յարգելով վերջերս իր մահկանացուն կնքած մեծանուն բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի յիշատակը, գրական յանձնախումբէն եղբ. Վիգէն Չաղլասեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ գրող, մտաւորական, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեան:
Դասախօսը «պտոյտ մը կատարեց» աշխարհի կարգ մը ոստանները եւ մէկ առ մէկ կանգ առաւ այն բոլոր խորհրդանշական թերթերուն վրայ, որոնք կարեւոր հետք ձգած են հայ մամուլի 225 տարուան պատմութեան մէջ, սկսելով Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքէն, ուր 1794-ին լոյս տեսած է հայերէն առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար»ը, անցնելով Վենետիկէն, Վանէն ու Տարօնէն, Մոսկուայէն, Թիֆլիսէն, Իզմիրէն ու Պոլիսէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Փարիզէն, հասնելով մինչեւ Լիբանան եւ Սուրիա:
Դասախօսը յատուկ կերպով յիշեց Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու պաշտօնաթերթերը՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Սիոն»ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՀԱՍԿ»ը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Արարատ»ը, ապա՝ «Էջմիածին»ը:
Դասախօսութեան ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան թերթերու լուսանկարներ, որոնք պատրաստուած էին քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Առոյեանի կողմէ:
Ապա, տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան գրական գործիչներու եւ խմբագիրներու տեսակէտներ՝ հայ մամուլի ներկայ իրավիճակին մասին։ Վկայութիւններ փոխանցեցին խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեան եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլ Աբոշեան-Պողիկեան:
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը նշելով, որ հայ մամուլը կարեւոր է ո՛չ թէ որովհետեւ հոգեւորական եւ աշխարհական ակնառու խմբագիրներ ունեցած ենք, այլ՝ որովհետեւ հալածական օրերուն ունեցած ենք բովանդակութեամբ եւ վերնագիրով կրօնական թերթեր, որոնց խորքը եւ նպատակը միշտ ալ ազգային շունչը տարածել եղած է, եւ մեր խմբագիրները յաջողած են այդ առաքելութեան մէջ:
Առաջնորդը գնահատեց օրուան դասախօսը իր օգտաշատ դասախօսութեան համար եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գրական յանձնախումբին գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդին «Պահպանիչ»ով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: