Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի սկաուտական աստիճանաւորական կազմերու եւ յանձնախումբերու յատուկ որակաւորման սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 եւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ 33 քոյր-եղբայրներու:

Սեմինարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: Երկօրեայ սեմինարին յայտագիրը վարեց վարչութեան ատենադպիր քոյր Սիրուն Քէշիշեան:

Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց գանձապահ եղբ. Գրիգոր Հալլաճեան, որ բարի գալուստի եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններուն հետ անդրադարձաւ սեմինարի նպատակին եւ թելադրեց յարատեւ աշխատանքով ինքզինք զարգացնել, միտքն ու հոգին կրթել, ապա գիտելիքներով օժտուած ու լիցքաւորուած նպաստել մեզի վստահուած սերունդի դաստիարակութեան:

Երկօրեայ սեմինարին առաջին հիւր դասախօսն էր եղբ. Գէորգ Յակոբճեան, որ յաջորդաբար ներկայացուց «Կայուն զարգացման միջոցները» եւ «Սկաուտական խումբերու կազմակերպչական կառոյցը» նիւթերը: Ապա դասախօսեց եղբ. Գրիգոր Հալլաճեան՝ նիւթ ունենալով «Հին հայոց նաւասարդեան խաղերը եւ խաղն ու մարզանքը հայոց մէջ»:

Սեմինարին առաջին օրուան յայտագիրին վերջին դասախօսն էր Միւնիխէն ժամանած եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան, որուն նիւթն էր՝ «Սկաուտական յայտագիրներու հիմը եւ անոնց գործադրութեան եղանակը»:

Երկրորդ օրուան յայտագիրը ընդգրկեց հետեւեալ նիւթերն ու դասախօսները.-

- «Ծրագրել, յայտագիր պատրաստել, հարցերու լուծում տնօրինել»- եղբ. Յակոբ Սահակեան։

- «Դաստիարակութեան մարզեր եւ միջոցներ»- եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան։

 - «Սկաուտ-խմբապետ յարաբերութիւնները»- եղբ. Յակոբ Սահակեան։

- «Քննարկումի եւ արժեւորումի կարեւորութիւնը»- եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան:

Նշելի է, որ բոլոր դասախօսները իրենց իւրայատուկ ներկայացման ձեւով, օգտագործած արդի տեսալսողական միջոցներով, հետաքրքրական մէջբերումներով, գործնական կիրարկումներով, խմբակային աշխատանքներով ու խաղերով մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցին եւ խանդավառութիւն ստեղծեցին մասնակցող քոյրերուն եւ եղբայրներուն մօտ:

Յայտագիրը աւելի գունագեղ դարձաւ դադարներու հիւրասիրութիւններուն ընկերացած հաճելի զրոյցներուն եւ քոյր Լենա Յովսէփեանի պատրաստած խաղերուն շնորհիւ:

Սեմինարի աւարտին խօսք առնելով, եղբ. Գրիգոր Հալլաճեան գնահատական խօսք ուղղեց սեմինարի կազմակերպիչներուն:

Բոլոր մասնակցողները ստացան համապատասխան հաստատագիրներ, իսկ սեմինարի չորս դասախօս եղբայրներուն տրամադրուեցան յատուկ շնորհակալագիրներ՝ ձեռամբ վարչութեան ատենապետ եղբ. Սամուէլ Նահապետեանի:

 

Տարածենք