ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-«ԱՐԱՐԱՏ»Ի Ա. ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԸ
Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական Ա. կարգի եռօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ 27-29 Յունուար 2020-ին, «Յուսաբեր» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, մասնակցութեամբ եօթը թեկնածուներու՝ Արի խմբակէն եղբայրներ Կարէն Թորոսեանի եւ Աշոտ Քէօհնիւլեանի, Արենոյշ խմբակէն քոյրեր Կարին Կրպոյեանի, Սանտրա Մունիրի եւ Նաթալի Սրապեանի։
Մասնաճիւղի վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան տնօրինումով, սեմինարին դասախօսական նիւթերուն ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին յատկապէս Լիբանանէն հրաւիրուած քոյրեր Նարօտ Քէչէպաշեան, Արզնի Արսլանեան եւ Հայաստանէն եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Նիւթ մըն ալ՝ Եգիպտոսի հայ գաղութին մասին, ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Լեւոն Դելփեան։
Սեմինարին տեսական բաժինին բաժինին յաջորդեց գործնական բաժինը՝ մասնաճիւղին տարեկան բանակումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 30 Յունուարէն 2 Փետրուար 2020, Գահիրէի արուարձաններէն Էլ Օպուր շրջանին մէջ (Այս մասին տեսնել առանձին, էջ 16-18)։ Բանակումին կատարուեցաւ թեկնածու եօթը քոյր-եղբայրներուն Ա. կարգի աստիճաններու տուչութիւնը։
Սեմինարը ընդգրկեց հետեւեալ նիւթերը.-
Առաջին Օր
- Գիտնալ դրօշակին իմաստը, բարեւելու եւ գործածելու ձեւերը, արարողութիւնները։
- Գիտնալ եւ հաղորդակցիլ մորսով, օգտագործելով լատինատառ եւ հայկական այբուբենը, ինչպէս նաեւ կարենալ կազմել եւ օգտագործել մորսի մեքենայ մը
- Գիտնալ ի՞նչ ըսել է հետազօտական արշաւ-բանակում
- Գաղափար ունենալ Եգիպտոսի հայ գաղութին կազմութեան եւ ընդհանուր կառոյցին մասին, ծանօթանալ երկրի վարչական բաժանումներուն եւ վարչամեքենային
Երկրորդ Օր
- Գիտնալ եւ բացատրել ազգ եւ հայրենիք բառերուն իմաստը։ Գիտնալ նաեւ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը
- Գաղափար ունենալ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն մասին։ Ծանօթանալ Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագին եւ հայ յարանուանութիւններուն
- Գիտնալ խարուկահանդէսին նպատակը, յայտագիրը եւ մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ խարուկահանդէսներու տեսակները
- Գիտնալ աստիճանաւորական ժողովին հանգամանքը, կարեւորութիւնն ու պարտականութիւնը
- Արցախեան պահանջատիրութիւնը
Երրորդ Օր
- Սկաուտական արարողութիւններ (Ա.)
- Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութիւնը
- Սկաուտական արարողութիւններ (Բ.)
- Գիտնալ խումբ վարել եւ գործունէութեան մը յայտագիրը պատրաստել
- Գիտնալ մեկնաբանել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան նպատակը
- Գիտնալ արշաւ-բանակումի եւ այլ ձեռնարկներու տեղեկագիրները պատրաստելու ձեւերը։ Գիտնալ դիւանական աշխատանքի եղանակը