Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, աւելի քան 100 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու նախկին պատուոյ նախագահներ եւ մօտիկ բարեկամներ ներկայ էին ,Presidents Circleե-ի նախաձեռնած անդրանիկ դրամահաւաքի ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ 9 Փետրուար 2020-ին, «Bistro Garden»-ի մէջ:
Ներկաները նախ ընկերային ժամ ունեցան եւ հիւրասիրութիւն մը վայելեցին։ Ապա, անոնք անցան սրահ, ուր տեղի ունեցան ընթրիք եւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Ղազարեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս պատուոյ նախագահներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական յարատեւ աջակցութեամբ միշտ յոյս ու կորով կը ներշնչեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 40-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ եւ ,Presidents Circleե-ի ատենապետ եղբ. Վարանդ Մելքոնեան, որ բացատրեց. ,Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան շրջանի ,Presidents Circleե-ը սկիզբ առաւ շնորհիւ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներուն, որոնք քով-քովի գալով որոշեցին նեցուկ կանգնիլ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան շրջանի աշխատանքներունե:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց ատենապետ եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ ըսաւ. ,Այս երեկոն կը զուգադիպի հայկական մեր աւանդական տօնին՝ Սուրբ Սարգիսին եւ ամերիկեան Վալընթայնին: Սուրբ Սարգիսի միջնորդութեամբ հրաշքներ կը պատահին։ Տարիներէ ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եւս հրաշքներ կը պատահին՝ շնորհիւ մեր հին ու նոր նուիրեալ բարերարներուն, որոնք միշտ սատար կը կանգնին, կ’օգնեն մեր ազգին եւ մանաւանդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին, որովհետեւ անոնք կը հաւատան ,Բարձրացի՛ր-բարձրացուրե եւ ,Մի՛շտ պատրաստե նշանաբաններունե: Ան բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարերարները եւ անոնց տիկինները, յատկապէս մայրերը, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են, համեստօրէն քաջալերելով իրենց կողակիցները, դառնալով բարի օրինակ յաջորդող սերունդներուն:
Ապա, գեղեցիկ անակնկալով մը, եղբ. Թիւֆէնքճեան յայտարարեց, որ այս տարուան Նաւասարդեան 45-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաները, աննախընթաց ոգեւորութիւն մը ստեղծելով սրահէն ներս:
Եղբայրը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, որոնք անգամ մը եւս օգտակար հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ սիրայօժար ստանձնած են ձեռնարկին հովանաւորութիւնը, յիշելով անոնց անունները՝ տէր եւ տիկ. Չարլի եւ Ճիւլի Ղայլեաններ, տէր եւ տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ, տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, տէր եւ տիկ. Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախճեաններ, տէր եւ տիկ. Փաթրիք եւ Միլէն Չրախճեաններ, տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններ եւ տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաններ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ,Մնանք եւ յարատեւենք այս սիրով եւ նուիրումովե:
Իր կարգին, Վարանդ Մելքոնեան բեմ հրաւիրեց Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Կարօ Էշկիեանը, որ իր շնորհաւորանքի խօսքերը փոխանցեց տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն, անոնց մաղթելով անսպառ կորով եւ յաւելեալ յաջողութիւն յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ:
Գեղեցիկ երեկոն ուրախ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, նուագախումբին հրամցուցած երգերով եւ ներկաներու պարերով: